ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՏՆՕՐԷՆՆԵՐԸ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԿՐԹԱԿԱՆ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
Պոլսահայ վարժարաններու տնօրէնները երէկ կարեւոր ժողովի մը մասնակցեցան՝ Իսթանպուլի Կրթական տնօրէնութենէն ներս։ Այս ժողովը նախատեսուած էր քաղաքիս բոլոր փոքրամասնական վարժարաններու ղեկավարներուն համար եւ, հասկնալիօրէն, մասնակիցներու շարքին գերակշիռ էին հայկական վարժարաններու տնօրէնները։ Իսթանպուլի կրթական տնօրէն Մուրատ Միւճահիտ Եէնթիւր ողջունեց փոքրամասնութեանց վարժարաններու տնօրէնները եւ անոնց հետ ունեցաւ կարճ զրոյց մը։ Աւելի վերջ, շուրջ ժամ մը տեւած խորհրդակցութեան ընթացքին Մուրատ Միւճահիտ Եէնթիւրի տեղակալը կրթական մշակներուն եւ փոքրամասնութեանց վարժարաններու պատասխանատուներուն հետ զրուցեց աշխատանքային մթնոլորտի մէջ։
Հարկ է նշել, որ վերջին շրջանին Իսթանպուլի կրթական տնօրէնութեան եւ փոքրամասնութեանց վարժարաններու՝ մանաւանդ պոլսահայ դպրոցներու պատասխանատուներուն միջեւ խտացեալ շփումներու մթնոլորտ մը խնդրոյ առարկայ էր։ Մօտաւոր անցեալին տեղի ունեցած վերջին շփման ժամանակ փոխըմբռնում գոյացած էր երէկուան տեսակցութեան կազմակերպման ուղղութեամբ։ Յամենայնդէպս, այդ վերջին հանդիպման եւ երէկուան տեսակցութեան միջեւ մթնոլորտի էական փոփոխութիւն մը խնդրոյ առարկայ դարձաւ։ Արդարեւ, Ազգային կրթութեան նախարարութիւնը վերջին շրջանին կատարեց կանոնադրութեան փոփոխութիւն մը, որու հիման վրայ փոքրամասնութիւններու վարժարանները կորսնցուցին՝ փոխ-տնօրէնները եւ թրքերէնով դասաւանդուած դասերու ուսուցիչ-ուսուցչուհիները անուանական ձեւով պահանջելու իրաւունքը։ Վերջին շրջանի կարեւոր ձեռքբերումներէն մին էր այս հնարաւորութիւնը, որմէ, դժբախտաբար, վերստին զրկուեցան փոքրամասնութիւններու վարժարանները։ Սա խնդրայարոյց պարագաներ կ՚ենթադրէ պոլսահայ վարժարաններուն տեսակէտէ, սակայն, ըստ երեւոյթին, այս կապակցութեամբ այժմ ընելու շատ բան մը չկայ։
Ըստ երէկուան ժողովին կապակցութեամբ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, պոլսահայ վարժարաններու տնօրէնները որոշ պատրաստութիւնով մը գացած էին Իսթանպուլի Կրթական տնօրէնութիւնը։ Հայկական վարժարաններու տնօրէններուն կողմէ բանբեր ընտրուած էր Կեդրոնականի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան, որ խնդիրներուն կապակցութեամբ պարզեց հայկական դպրոցներու սպասումներն ու լուծման առաջարկները։ Բաց աստի, համայնքային վարժարաններու տնօրէններուն կողմէ նախապէս պատրաստուած էր թղթածրար մը, որու բովանդակութեան մէջ առաջարկներ ներկայացուած էին՝ դպրոցներու առկայ խնդիրներու հասցէագրման ձեւերուն կապակցութեամբ։ Այդ թղթածրարն ալ ներկայացուեցաւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն, որոնք երէկ զրուցեցին մեր վարժարաններու տնօրէններուն հետ։
Ըստ մեր ստացած անպաշտօն տեղեկութիւններուն՝ համայնքային վարժարաններու տնօրէնները երէկուան հաւաքոյթի ընթացքին իրենց սպասումները եւ ակնկալութիւնները բանաձեւեցին՝ բոլոր հիմնաւորումներով։ Գրաւոր պատրաստուած թղթածրարին բովանդակութիւնը այնպէս մըն էր, որ Ազգային կրթութեան նախարարութեան կողմէ կատարուած կանոնադրութեան վերջին փոփոխութիւնը որոշ առումներով կ՚ազդէր, որոշ առումներով ալ չէր ազդեր ընդհանուր համայնապատկերին վրայ։ Ըստ մեր լսումներուն՝ կանոնադրութեան վերջին խնդրայարոյց փոփոխութեան վերատեսութեան ենթարկման տեսակէտէ յոյսերը այդքան ալ մեծ չեն։ Յամենայնդէպս, փոքրամասնական եւ ի մասնաւորի հայկական վարժարաններու կողմէ պաշտօնական մարմիններուն յղուած աղերսագիրներուն, պաշտօնական մարմիններու հետ կատարուած թղթակցութիւններուն ընթացքին փոխ-տնօրէնի ստորագրութեան պարտադիր ըլլալու հանգամանքը վերատեսութեան ենթարկելու տեսակէտէ տարուած աշխատանքներու շարունակուիլը կրնայ ունենալ իր տրամաբանութիւնը։ Արդարեւ, ներկայ պայմաններով փոքրամասնութիւններու վարժարանները հնարաւորութիւն չունին միայն իրենց տնօրէններու ստորագրութեամբ պաշտօնական թղթակցութիւններ կատարելու, որովհետեւ անհրաժեշտ կը համարուին նաեւ փոխ-տնօրէններու ստորագրութիւնները։ Այս խնդիրը համայնքային վարժարաններու ղեկավարներուն կողմէ երկար ժամանակէ ի վեր օրակարգի վրայ կը պահուի, որպէսզի վերատեսութեան ենթարկուի եւ դպրոցներու կառավարման պարագային երկգլխանի վիճակ մը չյառաջանայ։ Ըստ երեւոյթին, այս անկնկալութեան ուղղութեամբ տակաւին յոյսերը չեն սպառած, յամենայնդէպս, կանոնադրութեան վերջին փոփոխութիւններու տրամաբանութեան լոյսին տակ յայտնի կը դառնայ, որ յառաջիկայ շրջանին լուծման սպասումներուն տեսակէտէ այդքան ալ փայլուն կացութիւն մը կրնայ չըլլալ։
Փոքրամասնութեանց վարժարաններու վարիչները Իսթանպուլի Կրթական տնօրէնութենէն հրաժեշտ առին՝ շնորհակալութիւն յայտնելով ընձեռուած հնարաւորութեան եւ ջերմ հիւրընկալութեան համար։