«ԼԵՐԱՆ ՔԱՐՈԶԸ»՝ ՈՐՊԷՍ ԿԵԱՆՔԻ ՈՒՂԵՑՈՅՑ
«Լերան քարոզը». (ՄԱՏԹ. Ե 1-14), իրապէս ուղեցոյց մըն է մեր կեանքի ամբողջ ընթացքին՝ որ կը լուսաւորէ ճամբան եւ կ՚առաջնորդէ մեծ կատարելութեան՝ որ է Լոյս եւ Ճշմարտութի՛ւն։
Արդարեւ, «Լերան քարոզը» քրիստոնէական գրականութեան լաւագոյն եւ ընտիր նմոյշներէն մին է՝ իր բանաստեղծական եւ իմաստալից պարզ եւ խոր ներշնչումով, պատկերներու առատութեամբ եւ թարմութեամբ եւ չխամրող գաղափարներու արդիականութեամբ, ժամանակակից տեսութիւններով՝ որ իր ուրոյն տեղն ու արժէքը ունի համաշխարհային բարոյախրատական գրականութեան պատմութեան մէջ։
Ուստի, ան, առարկայ դարձած է զանազան պատմագրաքննական ուսումնասիրութիւններու եւ կատարուած բազմաթիւ մեկնութիւններ նկատուած են եկեղեցւոյ հայրերու կողմէ։
Արդարեւ, ան կը պարունակէ բաղկացուցիչ-իմացութեան արդիւնք՝ կենսատու եւ էական սկզբունքներ՝ որոնք կեանքի անհրաժեշտ ուղեցոյցներն են։
Զոր օրինակ. «Երանի՜ անոնց որ անօթի ու ծարաւի են արդարութեան, վասնզի անոնք պիտի կշտանան». (ՄԱՏԹ. Ե 6)։ Կը մատնանշէ մարդկութեան մարդուն, որպէս անհատ եւ որպէս ընկերութիւն, անհրաժեշտ մէկ կարիքին՝ արդարութեան, որ իր մէջ կը պարունակէ հաւասարութեան, ազատութեան եւ մարդասիրութեան առաքինութիւնները եւ վսեմ գաղափարները՝ որոնք անժամանակ են՝ ամէն մարդու եւ ամէն ժամանակաշրջանի համար։
Եւ այս սկզբունքը կ՚ամբողջանայ երկնքի թագաւորութեան վարձատրութեան խոստումով. «Երանի՜ անոնց որ հալածուած են արդարութեան համար, վասնզի երկնքի թագաւորութիւնը անոնցն է». (ՄԱՏԹ. Ե 10)։ Ուստի, արդարութիւնը կը պահանջէ գործ, աշխատանք, ջանք եւ նաեւ՝ զոհողութիւն, անձնուիրութի՛ւն։
Այս բոլորը եւ միւս «երանութիւն»ները, իւրաքանչիւրը կեանքի անհրաժեշտ ուղեցոյցներ են։
Կ՚արժէ որ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ, ինչպէս կ՚աղօթէ ամէն օր, աղօթքի մը նման արտասանէ «Լերան քարոզը» ամէն օր՝ որպէս բացատրագիր մը, ուղեցոյց մը իր ամէնօրեայ կեանքին։ Որովհետեւ կատարելութեան ճամբան է «Լերան քարոզը», որ կը տանի մարդս ճշմարտութեան, լոյսի, եւ երանութեա՛ն։
Այս իսկ պատճառով, ահաւասիկ, շուրջ եւ աւելի քան երկու հազար տարի «Լերան քարոզը» եկեղեցիի հայրերու, մեկնիչներու, թարգմանիչներու, աստուածաբաններու ուշադրութեան առական է եղած. մեկնաբանուած է դարե՜ր ու դարեր։ Այս մեկնաբանութիւնները երբեմն առիթ եղած են միաձայնութեան, երբեմն ալ տարաձայնութիւններու։ Մեկնիչներ երբեմն լրացուցած են իրարու կարծիքները, երբեմն՝ հակադրուած։
Այս ուղղութեամբ, ամէն ժամանակ, ամէն շրջան եւ իւրաքանչիւր սերունդ փորձած է իւրովի մեկնաբանել, բացատրել եւ իմաստաւորել «Լերան քարոզի» նշանակութիւնը եւ նպատակը, քանի որ այդ նաեւ «կեա՛նքի ԻՄԱՍՏՆ» է…
Արդարեւ, ընդհանրապէս, ճշմարտութեան մասին տարակարծութիւններ, տարբեր տեսակէտներ ճշմարտութեան «ճշմարտութիւն»ը չի՛ փոխեր։ Շիլ նայուածքներ շիտակը չեն կրնար շեղել իր ուղղութենէն։ Ճշմարտութիւնը մէ՛կ է, թէեւ անիկա բազմաթիւ աչքերով ալ դիտուի։ Մութը կը տարածուի լոյսի փոքր հարուածով մը եւ լոյսը կը տիրէ համատարած…
Ահաւասիկ, նմոյշ մը՝ «Լերան քարոզի» մեկնաբանութիւններէն։
Աստուածաբան-մեկնիչներու խումբ մը, որոնք պայմանականօրէն կ՚անուանուին «Առաջին մեկնիչներ», «Լերան քարոզը» մեկնելու առաջնորդուած են «կատարելութեան գաղափար»ի տեսանկիւնէն։ Ուրեմն, «Առաջին մեկնիչներ»ը կը գտնեն, որ «Լերան քարոզի» հիմնական նպատակը կատարելութեան հասնելու պահա՛նջն է։ Ուստի, բաւական է ուսումնասիրել «Քարոզ»ի վեց հակադրութիւնները, որոնցմով Աստուծոյ կամքի հին եւ նոր հասկացողութիւնները կը համեմատուին։
Եւ եթէ կատարելութիւնը նպատակ մըն է, անոր բացատրագիրը «Լերան քարոզ»ն է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 13, 2025, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 01/15/2025
- 01/15/2025