ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԻՒՆ

Հարցում. 2022 թուականը որպէս սփիւռքի տարի, ի՞նչ տարբերութիւն ունեցաւ 2021-էն. եւ կամ 2023-ը սփիւռքի նուիրուած տարին բոլորելով ի՞նչ յառաջդիմութիւն արձանագրեց:

Այս հարցադրումները կը կատարենք, որովհետեւ կը հաւատանք, որ եթէ 2024 թուականը այն է, ինչ որ 2021-ը կամ 2023-ը, ապա ինչո՞ւ համար իւրաքանչիւր տարի նուիրել բանի մը՝ երբ զգալի փոփոխութիւն մը պիտի չտեսնենք: Այս մէկը կը նմանցնենք հետեւեալին. այս տարի քեզի կը խոստանան կօշիկ գնել, սակայն այդ կօշիկը չգնած միւս տարի կը խոստանան գուլպայ մըն ալ նուէր տալ. կօշիկն ու գուլպան չտեսած, խոստում կը ստանաս հագուստ ստանալու եւ այսպէս տարիները կ՚անցնին... ո՛չ կօշիկ, ո՛չ գուլպայ եւ ոչ հագուստ, սակայն, խոստումները վերջ չեն գտներ:

Մենք ալ կը գիտակցինք, որ մէկ տարուան ընթացքին կարելի չէ սփիւռքի խնդիրներուն վերջ տալ եւ տրամաբանականօրէն եթէ մէկ տարուան մէջ կարելի չէ սփիւռքի հարցը լուծել, ապա տասնամեակ մը ամբողջ նուիրենք սփիւռքին եւ աշխատինք անոր բացերը լրացնելու, այլապէս այդ բոլորը լոկ որպէս անուանում պիտի մնան եւ կորսնցնեն իրենց իմաստը. աւելի լաւ է տասը տարի սփիւռքի տարի ունենալ եւ փոքր փոփոխութիւն մը տեսնել, քան ամէն տարի տարբեր անունով մկրտել եւ վերջաւորութեան ո՛չ մէկ փոփոխութիւն տեսնել։ Գրեթէ ամէն տարի կը լսենք «Այսօր սփիւռքը լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի» արտայայտութեան, սակայն չենք գիտեր, որ այդ հռչակագրերն ու տարբեր անուններով մկրտուած անունները ի՞նչ օգուտ կը բերեն մարտահրաւէրներու դիմաց գտնուող սփիւռքին։ Արամ Ա. Կաթողիկոս շատ մը հարցեր կը յիշէ իր կոնդակին մէջ. մշակոյթի թափանցում հայ կեանքէն ներս, ազգային արժէքներու նահանջ, հայ լեզուի աղաւաղում եւ այլն խնդիրներ. սակայն, ո՞ւր են այս խնդիրներու լուծումը, ո՞ւր են որպէս ամբողջ տարուան աշխատանքի արդիւնքը: Փորձենք լրացնել այդ պակասը:

Առաջին հերթին հայ մշակոյթը օտար ազդեցութիւններէ հեռու պահելու համար նախ եւ առաջ պէտք է լաւապէս գնահատել արուեստագէտն ու գրողը. երկու սիւներ՝ որոնք մշակոյթը կանգուն կրնան պահել: Մշակոյթը ժողովուրդի մը ամբողջ կեանքն է՝ իր երաժշտութեամբ, ազգային արժէքներով, լեզուով, գրականութեամբ եւ հետեւաբար կարելի չէ առողջ մշակոյթ մը ունենալ վատառողջ մտաւորականութեամբ: Սակայն, ունինք այլ հարց մը. ո՞վ է մտաւորականը. այս հարցը կու տանք, որովհետեւ մտաւորականին մտաւորական ըլլալը ցոյց տուող ո՛չ մէկ չափանիշ ունինք. իր նիւթական հարստութեան ճամբով մի քանի բառ քով քովի բերելով գիրք հրատարակողը մեր մօտ մտաւորական կը սեպուի։ Վկայ անցնող այս մէկ տարուան ընթացքին նման գրողներու կատարած գինեձօնն ու գրական երեկոյթները. վկայ անոնց հրաւիրուած հարցազրոյցները, ուր ո՛չ թէ բանականութիւնը, այլ նիւթականը մեծ դեր կը խաղայ: Մշակոյթ պահելը խնամի-ծանօթ-բարեկամ կապէն հեռու ըլլալ կը նշանակէ. հայը ինքզինք մշակութասէր կ՚ընէ, սակայն իրականութեան մէջ հայը մշակոյթը չէ՛ որ կը սիրէ, այլ անունները կը մեծարէ. ազգ մը ամբողջ կը ճանչնայ Պարոյր Սեւակը (եւ պարտի ճանչնալ), սակայն միւս կողմէ չի ճանչնար իր միւս մեծերը. ինչպէս՝ Մուշեղ Իշխանը, Զահրատը եւ բազմաթի՜ւ այլ գրողներ, որոնք ո՛չ թէ իրենց նուազ արժէքին համար, ան անուան փառքին համար կը շարունակուին անճանաչ մնալ մեծամասնութեան կողմէ: Մեր մշակոյթը օտար ազդեցութենէ հեռու կը մնայ, երբ հայ մտաւորականը, հայ արուեստագէտը գտնէ այն յարգանքն ու պատիւը, որ մենք որպէս ազգ կը տածենք օտարներու հանդէպ. այլանդակ նկար մը թող իտալացին նկարած ըլլայ... կը սքանչանանք, սակայն նոյն նկարը վայ թէ հայը նկարէ. ծաղրանքի կ՚արժանանայ: Երբ ժողովուրդ մը օտարին մշակոյթը իր սեփական մշակոյթէն աւելի վեր կը բռնէ, բնականաբար իր մշակոյթը առաջնորդած կ՚ըլլայ աղաւաղումի ու կորուստի:

Պատահականութեան արդիւնքով չէ՛, որ օտար տարրեր մուտք կը գործեն մեր մշակոյթէն ներս. մշակոյթ մը ժողովուրդը ի՛նք կը ստեղծէ եւ ինչքան օտարինը սիրէ, նոյնքան իրը պիտի օտարացնէ: Հետեւաբար, մտաւորականներն ու արուեստագէտները գնահատելու կողքին՝ պէտք է լուրջ ձեւով կրթական ծրագիր մը պատրաստուի, որպէսզի հայ պատանի երիտասարդին կարենանք հասկցնել, որ սեփականը սիրելը ինչպիսի դրական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ մեր ազգին համար։ Այս մէկը նախապէս ըսած ենք եւ կը հաւատանք ըսելով՝ բազմիցս կ՚ըսենք. դպրոցի մը պարտականութիւնը թուաբանական հաշիւներ սորվեցնել եւ կամ աշխարհագրական այս կամ այն երկրին մասին տեղեկութիւններ տալ չէ. դասը պէտք է զանազանել կրթութենէն։ Այն դպրոցը, որ տեղեկութիւն ուսումնարան է, սակայն հոն ուր հայեցի դաստիարակութիւնը գիտելիքին չափ կը կարեւորուի՝ այդտեղ կրթարան է: Ուսումնարանը կրթարան վերածելու համար պէտք ունինք ուսուցիչներու, որոնց արժէքը կը չափուի ո՛չ թէ բարեկամական կապերով եւ կամ կուսակցական պատկանելիութեամբ, այլ՝ գիտութեամբ, կարողութեամբ ու նուիրումով։ Շատեր դպրոցներու մէջ դասատու կ՚ըլլան, իսկ շատեր ուսուցիչ. մենք այսօր շա՜տ դասատուներ ունինք, սակայն մեր մէջ քիչ են ուսուցիչները եւ հայ մշակոյթի ճշմարիտ արժէքը փոխանցելու համար այսօր մենք կարիքն ունինք ուսուցիչներու, որոնք ո՛չ միայն կը խօսին հայ մշակոյթին մասին, այլ մշակոյթը կ՚ապրին իրենց մէջ՝ որպէս վառ օրինակ ցոյց տալով, թէ ի՛նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ, ի՛նչ կը նշանակէ հայրենասէր ըլլալ, որովհետեւ միայն հայրենասէրն է, որ իր մշակոյթին տէր կանգնելով կ՚արգիլէ օտար ազդեցութիւններու թափանցումը:

•​շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ի՞նչ է դպրոցին հիմնական պարտաւորութիւնը:

Պատասխան. Դպրոցի առաջին պարտաւորութիւնն է ապահովել լիարժէք կրթութիւն, որ կը խթանէ ընկերային, զգացմունքային եւ ֆիզիքական զարգացումը: Այս մէկը իր մէջ կը ներառէ գիտելիքներու փոխանցում, քննադատական մտածողութիւն, խնդիրներու լուծման հմտութիւն, զարգացում եւ ստեղծագործական միտք: Դպրոցները վճռորոշ դեր կը խաղան բարոյական արժէքներու կազմաւորման գործին մէջ, նախապատրաստելով ուսանողներ, որպէսզի դառնան հասարակութեան պատասխանատու անդամներ: Դպրոցը կը ստեղծէ միջավայր, ուր ուսանողները կ՚ուսումնասիրեն տարբեր առարկաներ, կը զարգացնեն ու ձեռք կը բերեն կեանքի հիմնական հմտութիւններ եւ կը շահին վստահութիւն՝ իրականացնելու համար իրենց ձգտումները, միաժամանակ դրական նպաստ ունենալով նաեւ միջավայրին ու հասարակութեան:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունուար 15, 2025