ՏԱՐԵՄՈՒՏ ՀԱՅ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ

Հայ Երուսաղէմը այս օրերուն Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի ուրախութիւնը կ՚ապրի։ Մինչ Հայ Երուսաղէմը կը դիմագրաւէ ծանր մարտահրաւէրներ, տարեմուտի այս փուլին ստեղծուած միասնականութեան մթնոլորտը առիթ կը դառնայ, որ սաղիմահայութիւնը տոգորուի լաւատեսութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ, նաեւ ամրապնդուի վճռականութեան մէջ։ Ծանօթ է, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին Երուսաղէմի մէջ կը հետեւի Հին (Յուլեան) տոմարին։

Տարեմուտի կէսգիշերին, Սրբոց Յակոբեանց Մայր տաճարի զանգակներու զուարթ ղօղանջով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, հայոց վանքի մեծ բակին մէջ հաւաքուեցան միաբաններ, ժառանգաւոր սաներ եւ սաղիմահայեր։ Միասնաբար երգուեցաւ «Փառք ի բարձունս»ը։

Նոր տարուայ առաւօտուն ալ, Սրբոց Յակոբեանց Մայր տաճարին տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն եւ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Արարողութեանց նախագահեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան։ Պատարագիչն էր Ս. Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան Վրդ. Գոգճեան։

Արարողութիւններէն վերջ բոլորը բարձրացան Պատրիարքարանի դահլիճը, ուր աջահամբոյրի ժամանակ Նորին Ամենապատուութեան ձեռամբ բոլորը ստացան աւանդական նուէրը՝ նարինջը։

Հինգշաբթի, Յունուար 16, 2025