ԵՐԵՔ ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Երէկ, Երեւանի մէջ, Երաժիշտներու տան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ յատկանշական ձեռնարկ մը։ Հայաստանի Յօրինողներու միութեան նախաձեռնութեամբ եւ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ կազմակերպուած ծրագրի մը շրջանակներէն ներս տեղի ունեցաւ ձեռնարկը։ «Երաժշտական եւ արուեստի դպրոցներու համար ուսումնամեթոտական գրականութեան մշակում եւ հրապարակում» խորագրեալ նախագծի ծիրէն ներս հրատարակուած երեք գիրքեր ծանօթացուեցան։ Շնորհանդէսին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի մշակոյթի փոխ-նախարար Դանիէլ Դանիէլեան։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս հաւաքոյթը առընչակից էր մեծանուն երաժիշտ Էտուարտ Միրզոյեանի յիշատակին ձօնուած պատանի յօրինողներու 12-րդ մրցոյթին հետ։ Ներկաները ջերմ ծափերով ողջունեցին պատանի արուեստագէտներու կատարումները։

Ուրբաթ, Յունուար 17, 2025