ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ

Հայաստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Էտուարտ Ասրեան վերջին օրերուն մասնակցեցաւ ՆԱԹՕ-ի Ռազմական կոմիտէի նիստին։ Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ դաշինքի անդամ երկիրներու ընդհանուր սպայակոյտի նախագահներու հաւաքը, որու ընթացքին համաշխարհային եւ տարածաշրջանային առկայ սպառնալիքներն ու մարտահրաւէրները արժեւորուեցան եւ կարծիքներ փոխանակուեցան՝ անոնց մեղմացման ուղղեալ հաւաքական լուծումներու որոնման շուրջ։

Քննարկուեցան կլիմայի փոփոխութեան համատարած անկայունութեան, նորայայտ ու քայքայիչ փորձագիտութիւններու, հիպրիտ կամ սիպէր սպառնալիքներու վերաբերեալ հարցեր։

Ուրբաթ, Յունուար 17, 2025