ՔՈՊԱԽԻԾԷ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէ այսօր կ՚այցելէ Ատրպէյճան։ Սա Քոպախիծէի առաջին արտասահմանեան ուղեւորութիւնն է՝ վերընտրուելէ վերջ։ Ան իր պաշտօնակցին՝ Ալի Ասատովի հետ կը գլխաւորէ Վրաստան-Ատրպէյճան տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի նիստը։ Բանակցութիւններուն կը մասնակցին երկու երկիրներու կառավարութիւններէն անդամներ։ Քոպախիծէ, որուն կ՚ընկերանայ բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը, Պաքուի մէջ կը հիւրընկալուի նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։

Այս այցելութեան ընդառաջ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հարցազրոյցի մը մէջ ըսաւ. «Վրաստանի հետ մեր յարաբերութիւնները կը գտնուին ռազմավարական գործընկերութեան ուղեծիրի մէջ՝ բանալով զարգացման նոր հեռանկարներ ու ներուժ»։

Անդրադառնալով Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններուն՝ վարչապետը մատնանշեց, որ առկայ բոլոր հարցերու պարագային Հայաստան առաջարկած է շինիչ լուծումներ։ Իր խօսքով՝ ո՛չ թէ պարզ առաջարկներ ներկայացուած են, այլ լուծումներ առաջարկուած են։ «Այս համատեսքին մէջ տարածաշրջանէն ներս մագլցումներ հրահրելու բոլոր ջանքերը զուրկ են օրինականութենէ եւ հիմքէ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ տարածաշրջանէ ներս մագլցումը չի յաջողիր», դիտել տուաւ Փաշինեան։

Ուրբաթ, Յունուար 17, 2025