ՆՈՐ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիպում մը՝ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններուն մասնակցութեամբ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին հանգամանալից քննարկուեցաւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան ընդգրկուն եւ յաւակնոտ օրակարգը։ Թէ՛ արտաքին գործոց նախարարութենէն եւ թէ այլ նախարարութիւններէն պաշտօնատարներ մասնակցեցան այս հանդիպման։

Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Պարոյր Յովհաննիսեան երէկ յայտնեց, որ Երեւանն ու Պրիւքսէլը գրեթէ վերջնականացուցած են բանակցութիւնները՝ առաջնահերթութիւններու նոր օրակարգին շուրջ։ Իր խօսքով՝ մօտաւոր ապագային կը նախատեսուի համապատասխան հանդիպման կազմակերպումը քաղաքացիական հասարակութեան հետ՝ արդիւնքներու ներկայացման համար։

Ուրբաթ, Յունուար 17, 2025