ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան այսօր ժամադրուած են Մոսկուայի մէջ։ Քրեմլինի պալատէն ներս նախատեսուած է երկու երկիրներու միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան վերաբերեալ փաստաթուղթ մը։

Մոսկուա-Թեհրան առանցքի իրադարձութիւններուն մօտէն կը հետեւի նաեւ Երեւանը։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Մետիամաքս»ին տուած յայտարարութեան մէջ նշեց, որ Իրանի հետ յարաբերութիւնները առարկայական են աւելի քան երբեւէ։ «Յարաբերութիւնները հիմնուած են բնական շահերու վրայ, ինչ որ համագործակցութեան ամենայուսալի հիմքն է եւ յարաբերութիւններու կայունութեան երաշխիք», համոզուած է վարչապետը։ 

Անդրադառնալով Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններուն՝ Փաշինեան ըսաւ. «Մեր յարաբերութիւնները գործնական են առաւել քան երբեւէ՝ առանցքին ունենալով յստակ հարցեր՝ առանց զգացական ծրարաւորման»։

Ուրբաթ, Յունուար 17, 2025