ԵՒ ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՐԳԱՆՔ

Թուրքիոյ հրեայ համայնքը երէկ յուզումնախառն մթնոլորտի մէջ հրաժեշտ տուաւ նորոգ հանգուցեալ խախամապետ Ռաւ Իսհաք Հալեւային, որու կորուստը վերջին օրերուն ցաւ ստեղծած էր։ Րաբունապետին յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Քուլետիպիի Նեւէ Շալոմ սինակոկին մէջ։

Կրօնաւորները, ըստ պատշաճ ծէսի, աղօթեցին Հաւելայի համար։ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյի եւ Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլի գլխաւորութեամբ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ ներկայ գտնուեցան արարողութեան։ Դամբանախօսներու շարքին էին նախարար Էրսոյ եւ հրեայ համայնքի համանախագահ Իսհաք Իպրահիմզատեհ։

Խախամապետի յուղարկաւորութեան վշտակիցներու շարքին էին նաեւ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդները՝ ներառեալ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկպոս Մաշալեանը։

Խախամապետ Ռաւ Իսհաք Հալեւայի յուղարկաւորութեան ներկայ էր նաեւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան։ Հարկ է նշել, որ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութիւնը ծաղկեպսակ մըն ալ ուղարկած էր յուղարկաւորութեան։

  

Ուրբաթ, Յունուար 17, 2025