ՄԵԿՈՒՍԱՑՄԱՆ ԸՆԿԱԼՈՒՄՆ ՈՒ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Մարդիկ միշտ կ՚ունենան յարաբերութիւններու եւ մտերմութեան ձգտում: Այս ծարաւը կ՚ընդգծէ մարդկութեան պահանջը ընկերային կապերու համար եւ կրնայ ստիպել զանոնք որոնել յարաբերութիւններ, նոյնիսկ եթէ անոնք խուսափին ընկերային փոխազդեցութենէ։ Սակայն մեկուսացումը, որ գրեթէ բոլորիս ծանօթ է, անպայման մեզի կ՚այցելէ մեր կեանքի ընթացքին:

Մեկուսացումը միշտ բացասական պէտք չէ ընկալել։ Մեկուսացման փորձը կրնայ ընթերցուիլ որպէս հոգեկան ուժեղացում: Երբեմն, մարդիկ այս փորձը կ՚օգտագործեն իրենց զգացումներու վրայ մտածելու, ինքնագիտակցութեան բարելաւման կամ իրենց կեանքի մէջ նշանակալի փոփոխութիւններ կատարելու համար: Բայց ան յաճախ երեւան կ՚ելլէ որպէս ներկայացուցիչ՝ առանձնութեան, տխրութեան, անարդարութեան կամ անհաւասարակշռութեան: Մարդը, որ կ՚ապրի մեկուսացման մէջ, կը զգայ, թէ զինք շրջապատող աշխարհը ինչպէս դաժան է: Ճիշդ այդ պատճառով կարեւոր է հասկնալ, թէ ինչով պայմանաւորուած է մեկուսացումը եւ ինչպէս կարելի է պայքարիլ անոր դէմ:

Մեկուսացման հիմնական պատճառներէն մէկն է հաղորդակցման պակասը: Մարդիկ կը մնան մեկուսացած, երբ չեն կրնար յարմարիլ ընկերային միջավայրի մը մէջ: Սա կրնայ տեղի ունենալ ո՛չ միայն ֆիզիքական հեռաւորութեան պատճառով, այլեւ զգայական ու հոգեկան գործընթացներու արդիւնքին: Օրինակ, անձ մը կրնայ շրջապատուած ըլլալ ուրիշ մարդոց կողմէ, սակայն, միեւնոյն ժամանակ զգալ մեկուսացած, երբ ոչ մէկը կը հասկնայ անոր զգացումներն ու մտածումները: Պարզ խօսքով, թէ՛ հոգեբանական եւ թէ զգացական ընտելացում չի կրնար կատարել իր գտնուած միջավայրին մէջ։

Այս զգացումը կրնայ ծայրայեղ արդիւնքներ ունենալ՝ սկսեալ վատ տրամադրութենէն մինչեւ հոգեկան առողջութեան խնդիրներ: Մեկուսացումը կրնայ նուազեցնել վստահութիւնը, ինքնագնահատականը եւ նոր յարաբերութիւններ կառուցելու կարողութիւնը: Նման վիճակի մէջ գտնուող մարդիկ յաճախ չեն գիտակցիր «քրոնիք» մեկուսացման վտանգները եւ չեն կրնար ժամանակին օգնութիւն ստանալ:

Մեկուսացման յուզական կողմը կարեւոր է հասկնալ, որպէսզի անոր ազդեցութիւններն ու անկէ խուսափելու որոնումները դառնան դրական փոփոխութիւններ։ Մեկուսացումը հասարակաց փորձ մըն է եւ անհրաժեշտ է ժամանակին դիմել օգնութեան։

Մեկուսացման զգացումի յուզական կողմը խոր ու բազմաշերտ է, ինչ որ ազդեցութիւն կ՚ունենայ մարդոց վրայ զանազան եղանակներով: Մեկուսացման ու առանձնութեան զգացումը յաճախ կ՚ուղեկցուի տխրութեամբ: Երբ մարդիկ կը զգան մեկուսացում, անոնք կրնան նաեւ ենթարկուիլ խոր տխրութեան՝ կարծելով, թէ առանձին են իրենց խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու մէջ:

Մեկուսացումը կրնայ նաեւ բարձրացնել անհանգստութիւնը եւ վախը: Անձ մը կրնայ անհանգստանալ իր ընկերային հմտութիւններու մասին, զգալ ինքնագիտակցութիւն կամ վախնալ, որ միշտ կը մնայ առանձին: Այս անհանգստութիւնը կրնայ ուժեղացնել մեկուսացման զգացումը:

Մեկուսացման կամ առանձնութեան մէջ գտնուող մարդիկ յաճախ կը ստորադասեն իրենց արժէքը եւ կը սկսին կասկածիլ իրենց հմտութիւններէն, տաղանդներէն կամ իրենց գրաւչութենէն: Այս բացասական ինքնադատողութիւնը կրնայ վերացնել նոր յարաբերութիւններու ստեղծումն ու վստահութիւնը։

Մեկուսացումը երբեմն կրնայ ունենալ յուզական, նաեւ ֆիզիքական ցաւի տեսք: Հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ ընկերային մեկուսացումը կրնայ աշխուժացնել ուղեղի ցաւի ճանապարհները՝ յառաջացնելով զգացումներ, որոնք կը յիշեցնեն ֆիզիքական վնաս: Այս յուզական զգացումը իրապէս կրնայ դժուարացնել առօրեայ գործունէութիւնը:

Բարեբախտաբար, գոյութիւն ունին միջոցներ, որոնք կրնան նպաստել պայքարելու մեկուսացման դէմ: Ըստ կարգ մը ուսումնասիրութիւններու, ընկերային կապերու ստեղծումը եւ պահպանումը կրնայ նուազեցնել մեկուսացման զգացումը: Սա կրնայ նպաստել ինչպէս նոր յարաբերութիւններ հաստատելու, այնպէս ալ վաղեմի բարեկամութիւններու վերականգնման:

Կարելի է ըսել, որ մեկուսացումը չի կրնար մշտական վիճակ մը ըլլալ: Յաճախակի շփումները, ինքնաճանաչումը եւ հետաքրքրութիւններու զարգացումը կրնան օգնել յաղթահարելու այս դժուարութիւնները: Մեկուսացումը բուժելի խնդիր մըն է եւ իւրաքանչիւր անհատ ունի հնարաւորութիւն՝ ստեղծելու սեփական աշխարհը:

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Յունուար 17, 2025