Չորեքշաբթի 5, Փետրուար 2025
ԵՐԵՒԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑԵՐ
Պաքուի մէջ այս օրերուն սկսած են Արցախի գերեվարեալ ղեկավարներու դատավարութիւնները։ Հայկական եւ միջազգային լրահոսին մէջ երկար ժամանակէ ի վեր չեն պակսիր հրապարակումները, թէ այդ դատավարութիւնները ամբողջովին ապօրինի են։ Միջազգային քրէական ատեանի նախկին աւագ դատախազ Լուիզ Մորենօ Օքամփոն ալ վերջին օրերուն յայտնեց, որ Ատրպէյճանի շինծու մեղադրանքները կը կոծկեն Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի դէմ յանցագործութիւնները։ Միւս կողմէ, երէկ, Երեւանի կեդրոնին տեղի ունեցան ցոյցեր, որոնց մասնակիցները պահանջեցին Պաքուի մէջ բանտարկուած հայ պատանդներու եւ գերիներու ազատ արձակուիլը:
Շաբաթ, Յունուար 18, 2025