ՁԵՒԱՉԱՓԵՐՈՒ ԶԱՆԱԶԱՆՈՒԹԻՒՆ

Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէ երէկ Պաքուի մէջ հիւրընկալուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Ան Պաքու մեկնած էր մասնակցելու համար Վրաստան-Ատրպէյճան տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական խորհուրդի նիստին, որ տեղի ունեցաւ երկու վարչապետներու գլխաւորութեամբ։ Մինչ այդ, Քոպախիծէ Պաքուի մէջ տեղեկացուց, որ Վրաստան եռակողմանի համագործակցութեան նոր առաջարկ մը կը ներկայացնէ իր հարեւաններուն՝ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին։ Այս նախաձեռնութիւնը կ՚ենթադրէ զանազան ոլորտներէ ներս եռակողմանի համագործակցութեան։

«Մենք անկեղծօրէն շահագրգռուած ենք յստակ գործնական քայլերու ձեռնարկելով եւ խթանելով տարածաշրջանէն ներս համագործակցութիւնը։ Վրաստանը կողմերուն կ՚առաջարկէ եռակողմանի համագործակցութեան նախաձեռնութիւն մը, որ կ՚ենթադրէ Հարաւային Կովկասի բոլոր երեք երկիրներու ներգրաւուածութիւնը զանազան ոլորտներէ ներս։ Տարածաշրջանէ եւ աշխարհէ ներս ստեղծուած բարդ աշխարհաքաղաքական իրավիճակի համատեսքով խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը ա՛լ աւելի կարեւոր կը դառնան տարածաշրջանի զարգացման եւ կայուն բարգաւաճման համար», համոզուած է Իրակլի Քոպախիծէ։

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով տեղեկացուց, որ որոշուած է դադրեցնել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան գործունէութիւնը իր երկրէն ներս։ Այս որոշումը պայմանաւորուած է՝ Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ վերջին օրերուն ստորագրուած՝ ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնագրով:

Շաբաթ, Յունուար 18, 2025