ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 18-ՐԴ ՏԽՈՒՐ ՏԱՐԵԼԻՑԸ
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինք այս շաբաթավերջին կ՚ոգեկոչուի իր սպանութեան 18-րդ տարելիցին։ 19 յունուար 2007-ին մահափորձի զոհ գացած էր Հրանդ Տինք, որու բացակայութեամբ պայմանաւորուած պարապութիւնն ու կարօտը կը խորանան տարուէ տարի։
Հրանդ Տինքի նահատակութիւնը եղաւ թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ թրքահայութեան արդի տարեգրութեանց անկիւնաքարերէն մին։ Այս ցաւալի պատահարը նոր շրջափուլ մը բնորոշեց նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն տեսակէտէ։ Արիւնալի եւ ողբերգական բազում էջերով ու ցնցումներով բնորոշուած այս աշխարհագրութեան պատմութեան հերթական կորուստը դարձած ըլլալ կը թուեր պահ մը Հրանդ Տինքի սպանութիւնը, սակայն, ան այդ հերթականի սահմաններէն դուրս յորդեցաւ իր յառաջացուցած ցասումի ալիքով, հրահրած արդարութեան պահանջով եւ նոր ու խաղաղ ապագայ մը կերտելու ուղղեալ համատարած կամքի ամրապնդումով։
Հրանդ Տինքի նահատակութեան 18-րդ տարելիցին ոգեկոչումները նախատեսուած են՝ «Յիշողութիւն, ճշմարտութիւն, կեանք ու կարօտ» կարգախօսով։ Ըստ վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացին՝ այսօր երեկոյեան «Ակօս»ի նախկին խմբագրատան շէնքի ճակտին կը ցոլացուի Հրանդ Տինքի լոյս դիմանկարը։ Իր շիրմին վրայ նախատեսուած հոգեհանգստեան պաշտօնին առընթեր, վաղը, հանրահաւաք մըն ալ տեղի կ՚ունենայ իր սպաննուած վայրին վրայ։ Հրանդ Տինքի կարօտն ու անոր սպանութեան դէպքի բացայայտման վերաբերեալ արդարութեան սպասումը հերթական անգամ կը համախմբեն մարդիկ, որոնք իրենց պայքարի եւ վճռականութեան ներշնչման աղբիւրը դարձուցած են անո՛ր յիշատակն ու անո՛ր նկատմամբ հաւատարմութիւնը։