ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԻՒՆ

Մարդուժի պատրաստութեան մասին գրեցինք առաջին անգամ, երբ կոնդակով յայտարարուեցաւ. անոր մասին գրեցինք տարուան կէսերուն, յայտնելով, որ «հռչակումէն անցած է 276 եւ ընդամէնը մնացած 88 օրեր», ունենալով պարզ այն յոյսը, որ 276 օրերուն չփոխածը յաջողի փոխել այդ մնացած 88 օրերը: Բազմաթիւ առիթներով գրեցինք, որովհետեւ անկեղծօրէն հաւատացինք, թէ մարդուժի պատրաստութիւնը կրնայ դրական փոփոխութիւն մը ձգել մեր համազգային կեանքէն ներս եւ այդ է պատճառը որ այս յօդուածի շարքը կը կոչենք հաշուետուութիւն՝ որ պէտք է կատարուի տարին «Մարդուժի պատրաստութեան տարի» հռչակող կաթողիկոսութեան կողմէ:

Մարդուժի պատրաստութեան տարուան կոնդակին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս կարեւորութեամբ կը շեշտէր, թէ զանազան պատճառներով մեր հասարակական կեանքէն հեռու մնացող մտաւորականներ եւ մարդուժեր պէտք է գտնել եւ վերադարձնել ի շահ մեր ազգին եւ այս մէկը բացատրած ժամանակ Արամ Ա. Կաթողիկոս կու տար օրինակ կորսուած ոչխարներուն. «հովիւը 99 ոչխարները կը ձգէ մէկ ոչխարի փնտռտուքը կատարելու». եթէ պահ մը ենթադրենք, որ ամէն բան իտէալական ձեւով ի գործ դրուեցաւ, այսօր քանի՞ անուն կրնանք յիշել որպէս «կորսուած ոչխար», որ գտնուելով վերադարձաւ մեր ազգին բարօրութեան ծառայելու. իրապէս ատաղձ ու կարողութիւն ունեցող քանի՞ անտեսուած մտաւորականի դուռը ծեծուեցաւ եւ տարիներ շարունակ իրեն զլացուած պատիւը ընծայուեցաւ:

Այսօր կը ճանչնանք բազմաթի՜ւ երիտասարդ տղաք ու աղջիկներ, որոնք նուիրումով աւարտեցին Հայագիտութիւնը՝ այն երազներով, որ երթան ու ծառայեն ազգին, սակայն, զանազան պատճառներ զիրենք հեռու պահեցին այդ երազներէն. օրինակի համար, երիտասարդ մը իր ուսումը աւարտելէ ետք գնաց եւրոպական երկիրներէն մէկուն հայկական վարժարանին մէջ ուսուցչագործելու, սակայն, տարի մը ետք յուսախաբ վիճակով վերադարձաւ. որպէս պատասխանատու իր գլխուն գտնուած էր «կուսակցական» մը, որ հայագիտութենէն բան մը չհասկնալով՝ փորձած էր ուղղութիւն տալ երիտասարդին եւ «պարտադրել», թէ ինչպէ՛ս ուսուցչութիւն պիտի կատարէ։ Հայագիտական աւարտած այդ երիտասարդը այսօր ամերիկեան ընկերութեան մը մէջ կ՚աշխատի՝ հեռու իր երազներէն ու մայրենիէն՝ զորս կը պաշտէ: Այս է պատճառը, որ աւելորդ կը նկատենք մարդուժի պատրաստութիւնը, որովհետեւ նորերը պատրաստելէ առաջ պէտք է գնահատել եղածը եւ ապա նորը պատրաստել։ Այսօր ունինք մեծ թիւով մարդուժ եւ հաւատացէ՛ք, որ աւելիին կարիքը պիտի չըլլայ, եթէ իրապէս յաջողինք գնահատել մեր մէջ գտնուող, սակայն մոռացութեան տրուող մարդուժերը. իր մարդուժը չգնահատող ազգ մը, հրաշքով մը նոր մարդուժերը գնահատել պիտի չյաջողի, այլ նորերը եւս պիտի արժանանան հիներու ճակատագրին:

Այս բոլորը նկատի ունենալով Արամ Ա. Կաթողիկոս կը գրէ. «Դժբախտաբար, մեր թերութիւնները, բացթողումները, տկարութիւնները տեսնելու եւ ընդունելու քաջութիւնը եւ իմաստութիւնը յաճախ կը պակսին մեզի։ Հակամէտ ենք ամէն բան վարդագոյն տեսնելու, սխալը ծածկելու եւ կամ սխալին պատճառը այլ տեղ փնտռելու». սկսեալ կաթողիկոսութենէն հասնելով մինչեւ բոլոր կառոյցները, ո՞վ յանդգնութիւնը ունեցաւ այս մէկ տարուան ընթացքին բարձրաձայնել իր սխալներն ու թերութիւնները. որովհետեւ այնքան ժամանակ երբ այդ սխալները իրենց լուծումը չգտնեն, ո՛չ հին եւ ոչ ալ նոր մարդուժերը պիտի վերադառնան։ Մենք հիւանդութիւնը ունինք յաճախ հեռացողն ու գացողը մեղադրելու, առանց անոր երթալու եւ հեռանալու հիմնական պատճառները փնտռելու։ Հեռանալու պատճառը գտնելն ու զայն սրբագրելը գուցէ բազմաթի՜ւ մարդուժերու վերադարձի պատճառ դառնայ: Պատկերացուցէք, որ կայ ընտանիք մը, որ իր տան մէջ տեղ չունի, նիւթապէս աղքատ է, բայց կ՚ուզէ մի քանի տասնեակ զաւակներ լոյս աշխարհ բերել. խելացի մը չ՚ըսե՞ր, որ ո՛ւր պիտի ապրին այս նոր ծնածները, ինչո՞վ պիտի կերակրուին. նոյն վիճակէն տարբեր չէ մեր նոր մարդուժ պատրաստելը. այսօր նոր մարդուժեր պատրաստենք, սակայն ամէն ջանք ի գործ դնենք զանոնք մեր հաստատութիւններէն հեռու պահելու... ի՞նչ իմաստ ունի:

Պարզ ու յստակ ըսենք, որ կան բաներ, որոնք մինչեւ չսրբագրուին, պէտք է մոռնալ մարդուժ արտայայտութիւնը, որովհետեւ այդ մարդուժը երբեք ալ պիտի չյայտնուի նման վատառողջ պայմաններու մէջ. անոնցմէ մէկն է, օրինակ՝ «ճիշդ մարդը ճիշդ տեղը» համոզումը. այսօր բարեկամական կապերը ղեկավար մը ընտրելու համար բաւարար պէտք չէ ըլլան. ուսուցիչը պէտք է իր ուսուցչութիւնը կատարէ, կօշկակարը իր կօշիկները նորոգէ եւ իւրաքանչիւրը իր գործին գլուխը գտնուի. եթէ կօշկակարը վերածես դպրոցի տնօրէն, բնականաբար հոն ո՛չ մարդուժ եւ ոչ ալ առողջ դաստիարակուող սերունդ պիտի տեսնենք:

Այս բոլորը նկատի ունենալով, Արամ Ա. Կաթողիկոս կը գրէ. «Համասփիւռքեան այս յոյժ կարեւոր կարիքը դարմանելու հաւաքական աշխատանքին մէջ բոլորս ալ ընելիք ու տալիք ունինք»։ Հիմա արդար չէ՞ մեր բոլոր գաղութներէն, կուսակցութիւններէն ու կազմակերպութիւններէն իրենց աշխատանքներուն մասին հաշիւ պահանջել. խնդրել չենք ըսեր, որովհետեւ այդ կազմակերպութիւնները, կուսակցութիւնները մեր ժողովուրդին բարիք չէ՛, որ կը կատարեն. իրենց պարտաւորութիւնն ու առաքելութիւնն է այդ մէկը եւ հետեւաբար այդ կառոյցները ո՛չ թէ ղեկավարներուն, այլ ժողովուրդին կը պատկանին: Այս բոլորէն ետք պէտք է լրջօրէն մտածել, թէ ինչո՞ւ մարդուժի պակաս կայ մեր ագզային, մա՛նաւանդ սփիւռքի կեանքէն ներս:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ համար «ճիշդ մարդը ճիշդ տեղը» պէտք է ըլլայ:

Պատասխան. Այս խօսքին ճշմարտութիւնը պայմանաւորուած է այն փաստով, որ անձի մը հմտութիւններն ու տաղանդները միջավայրը աւելի զարգացած ու արդիւնաւէտ կը դարձնէ: Այս մէկը կը խթանէ նպատակները եւ կը զարգացնէ արտադրողականութիւնը՝ բաւարարուածութեան յաւելեալ զգացում տալով շրջապատին: Ճիշդ մարդը ճիշդ տեղը դնելը նուազագոյնի կը հասցնէ սխալն ու հիասթափութիւնը եւ զարկ կու տայ արդիւնաւէտութեան, ստեղծելով ներդաշնակ ու առողջ միջավայր, որ օգուտ կը բերէ թէ՛ անհատին եւ թէ հասարակութեան:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յունուար 18, 2025