ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՂՕԹՔ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կատարուեցաւ աղօթք՝ Պաքուի մէջ ի պահ դրուած հայ պատանդներու եւ գերիներու համար։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին օրերուն Պաքուի մէջ սկսան՝ մանաւանդ Արցախի գերեվարեալ նախկին ղեկավարներու դատավարութիւնները, որոնք բողոքի լուրջ ալիք մը յառաջացուցին հայկական հանրային կարծիքին մօտ։ Այս բոլորին զուգահեռ՝ յաւարտ կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագի, Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ գերիներուն համար։ 

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեանի հանդիսապետութեամբ, կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագի աւարտին գերեվարուած եւ Պաքուի մէջ շինծու մեղադրանքներով ապօրինաբար ի պահ դրուած Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչներուն, զինուորականներուն եւ քաղաքացիական անձերուն համար առ Աստուած բարձրացուեցաւ աղօթք։ 

Արարողութեան մասնակից հաւատացեալները, հոգեւորականաց դասուն գլխաւորութեամբ, աղօթեցին գերիներու նկատմամբ արդարութեան եւ անոնց ազատութեան համար։

Երկուշաբթի, Յունուար 20, 2025