ՅԱՆՑԱԳՈՐԾՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱՅԱՆՁՆՈՒՄ

Անգարա-Երեւան բնականոնացման գործընթացին մթնոլորտին մէջ զանազան դրական դրսեւորումներ տեղի կ՚ունենան զանազան ուղղութիւններով։ Հայաստան երէկ Թուրքիա արտայանձնեց երկու անձ, որոնք կազմակերպուած յանցագործութեան մը ներգրաւուած են։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ այս քայլը առնուած է արձագանգելով ԻՆԹԵՐՓՈԼ-ի կարմիր ծանուցմամբ ներկայացուած խնդրանքին։ Երէկուան դրութեամբ հայկական կողմը արտայանձնած է թրքական կողմին երկու անձեր, որոնք Թուրքիոյ մէջ կազմակերպուած յանցագործութեան մը ներգրաւուած են։ 

Թուրքիան ամենաբարձր մակարդակի վրայ արձագանգեց այս քայլին։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը բարձր գնտահատեց երկու յանցագործներու արտայանձնման ուղղութեամբ Հայաստանի կողմէ ցուցաբերուած համագործակցութիւնը։ Անգարայէն կատարուած պաշտօնական հրապարակումներուն մէջ նշուեցան նաեւ արտայանձնուած երկու անձերու անունները՝ Էրճան Եըլմազ եւ Իպրահիմ Քայմաք։ 

Արտաքին գործոց նախարարութեան այս արձագանգին զուգահեռ՝ Ներքին գործոց նախարարութիւնն ալ ընկերային ցանցերու իր պաշտօնական հաշիւներուն մէջ մանրամասնութիւններ հրապարակեց այս արտայանձնման վերաբերեալ։ Ներքին գործոց նախարարութեան հրապարակումներուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ Հայաստանի արդարադատութեան փոխ-նախարար Տիգրան Դադունցին, ինչպէս նաեւ թրքական պատկան մարմիններու պաշտօնատարներուն։

Երկուշաբթի, Յունուար 20, 2025