ՎԵՐՅԻՇՈՒՄԷ ՇԱՏ ԱՆԴԻՆ…
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինք շաբաթավերջին ոգեկոչուեցաւ նահատակութեան 18-րդ տարելիցին։ Վերյիշումէ շատ անդին նշանակութիւն ունին իր տարելիցները։ Արդարեւ, այդ ոգեկոչումներու ձգողականութիւնն ու համախմբման ներուժը կը պարփակեն պատգամ մը՝ իւրաքանչիւր քայլափոխին համատարած զգայնութիւններու հասարակաց յայտարարը դառնալու առումով։ Սա անանտեսելի հանգամանք մըն է, երբ արդի մարտահրաւէրներով պայմանաւորուած իրավիճակներու մէջ աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ նոր արժեհամակարգեր կը փնտռուին։ Հրանդ Տինքի յիշատակը այդ որոնումներուն տեսակէտէ հարթակի մը վերածուած է՝ մարդկային հենքով, մտաւորական չափումով եւ քաղաքացիական ժառանգութեամբ։ Այս բոլորը կը բիւրեղանան այնպիսի համայնապատկերի մը վրայ, ուր իր դէմ գործուած մահափորձը ժամանակները կ՚անդրացնէ եւ բանալիներ կը մատուցէ մարդկութեան ապագային քաղաքականութեան վերապահուելիք դերին տեսակէտէ։
Անցեալ տարիներու յառաջացուցած հեռաւորութիւնն ու պարապութիւնը հետզհետէ կը վերածուին արժեւորման գործօնի մը։ Հոգելոյս Հրանդ Տինքը կը մնայ խոշորացոյցի տակ՝ իր բազմակողմանի գործունէութեան բոլոր ծալքերով։ Անոնք, որոնք եղած են Հրանդ Տինքի ժամանակակիցը, հետաքրքրական դերակատարութիւն մը ունին։ Անոնք թէեւ մէկ կողմէ գիտեն Հրանդ Տինքը, զանազան ձեւերով շփուած են իրեն հետ, կամ նոյնիսկ ծանօթ եղած են իրեն, այսօր 18 տարիներու հեռաւորութենէն կը զգան նաեւ իրենց իսկ եղափոխութեան հոլովոյթը։ 18 տարի արդարութիւն սպասել, 18 տարի արդարութեան հետամուտ ըլլալ կը նշանակէ ամբողջ կեանքի դաս մը, որու անհատական եւ հաւաքական երեսակները դժուար թէ համեմատուին որեւէ տեսական գիտելիքի հետ։
Շաբաթավերջին դարձեալ բարեյիշատակ Հրանդ Տինքի լոյս դէմքը ցոլացաւ «Ակօս» շաբաթաթերթի նախկին խմբագրատան շէնքի ճակտին։ Գիշերուայ մութը դարձեալ փարատեցաւ իր պայծառ հայեացքով։ Իսկ երէկ, հոգեհանգստեան կարգին զուգահեռ՝ իր նահատակուած վայրին վրայ հերթական հանրահաւաքը տեղի ունեցաւ։ Իր հրատարակած թերթի խմբագրատան շէնքի դրան առջեւ մարդիկ ծաղիկներ խոնարհեցին այն կէտին վրայ, ուր Հրանդ Տինք ինկած էր՝ իրեն դէմ արձակուած փամփուշտներուն զոհ երթալով։ Սա ճիշդ այն կէտն է, ուր ան արդէն անմահացաւ իր նահատակութեամբ եւ 18 տարի անց մարդիկ դարձեալ փութացին այնտեղ՝ որպէս նուիրական ժամադրավայր։
Երէկուան ոգեկոչման հանրահաւաքի բոլոր մասնակիցները, հոգելոյս Հրանդ Տինքը վերյիշելու առընթեր, զօրակցութեան տրամադրութեամբ շրջապատեցին իր այրին՝ Ռաքել Տինքն ու միւս հարազատները։ «Ակօս»ի նախկին խմբագրատան պատուհանէն այս տարի ելոյթ ունեցաւ գրող Թագուհի Թովմասեան՝ միշտ Ռաքել Տինքը ունենալով իր կողքին։ Թագուհի Թովմասեան այս առթիւ ըսաւ. «Ի՞նչ էր իր յանցանքը։ Յանցանքը ակնյայտ էր. մարդասիրութիւն, ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւանց կիրք, արտայայտութեան ազատութեան նկատմամբ հաւատք։ Աւելին, երկու ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութիւն պաշտպանելը եւ Թուրքիա-Հայաստան սահմանի բացման փափաքը… Այս բոլորին վրայ եկած էր աւելնալ իր՝ մարդիկ համոզելու ընդունակութիւնը, որ տրուած էր ի վերուստ։ Ահա այս վերջինը շատ ու շատ վախ պատճառեց ոմանց»։
Հարկ է նշել, որ Հրանդ Տինքի ոգեկոչումը առցանց ուղիղ եթերով հեռարձակուեցաւ թրքերէնով եւ անգլերէնով։