ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ՀԱՑԸ

Անուանի հոգեւորական Հենրի Ճ.Մ. Նուընի «Ճանապարհորդութեան հացը․ Ճառագայթումներ տարուան իւրաքանչիւր օրուան համար» հատորը հայերէնի թարգմանած է Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Մակար Արքեպիսկոպոս Աշգարեան եւ գրեթէ հայացուցած անուանի հոգեւորականի նոյնքան նշանաւոր գիրքը, որ լոյս տեսած է 1996 թուականին եւ տարածուած աշխարհով մէկ։ Հայերէն թարգմանութիւնը հրատարակուած է 2024 թուականին՝ Հալէպ, Սուրիոյ Սուրբ Գրոց ընկերութեան համագործակցութեամբ։

Գերման Լատին եկեղեցւոյ հոգեւորական հայրերէն է Հայր Հենրի Ճ.Մ. Նուըն, որ ծնած է Հոլանտա 1932 թուականին եւ վախճանած՝ 1996 թուականին։

Հենրի Նուըն հոգեւորական ձեռնադրուած է 1957 թուականին։ Մասնագիտութեամբ հոգեբան էր, դասախօս եղած է աշխարհահռչակ համալսարաններու մէջ եւ ինչպէս կը կարդանք գիրքին մէջ, այնուհետեւ, ժամանակ մը որպէս միսիոնար ծառայած է պատերազմի եւ աղքատութեան պատճառով քայքայուած Լատին Ամերիկայի զանազան երկիրներու մէջ, ներառեալ՝ Պոլիվիա, Փերու, Մեքսիկա, Նիքարակուա եւ Հոնտուրաս։

Հենրի Նուըն իր կեանքի վերջին տարիներուն եղած է Գանատայի Թորոնթօ քաղաքին մէջ Տարեց հաշմանդամներու համայնքին գլխաւոր հոգեւոր հովիւը։

Ան Քլայվ Սթէյփլս Լիւիզի եւ Թոմաս Մերթընի կողքին քսաներորդ դարու ամենաանուանի, ամենասիրուած հոգեւոր հեղինակներէն մէկը նկատուած է: Հեղինակած է աւելի քան երեսուն գիրքեր, որոնցմէ ամենայայտնի եւ ամենաշատ ընդունելութիւն գտածներն են՝ «Ներքին սիրոյ ձայնը», «Վիրաւոր բժշկողը», «Մեր մեծագոյն պարգեւը», «Սիրելիին կեանքը», «Անառակ որդիին վերադարձը» եւ ուրիշներ։

«Ճանապարհորդութեան հացը․․․» տարուան իւրաքանչիւր օրուան համար նախատեսուած խորհրդածութիւններու եւ հոգեւոր խոհերու գիրք մըն է, որուն մէջ հեղինակը կ՚արտայայտուի կեանքի գլխաւոր թեմաներուն մասին, նաեւ ընթերցողը կ՚առաջնորդէ խորհրդածելու հաւատքի հիմնական հարցերուն՝ Քրիստոսի, եկեղեցւոյ խորհուրդներուն, աղօթքի կարեւորութեան, սուրբերու հաղորդութեան ու ծառայութեան շուրջ:

Ձեւով մը հոգեւոր ճանապարհորդութիւն մըն է, որ կը կատարէ ընթերցողը եւ ինչպէս զայն հայերէնի թարգմանող Սրբազան Հայրը իրաւամբ կը նշէ՝ այդ ճանապարհորդութեան ընթացքին կը քաջալերէ մեզ, որպէսզի ինքնազոհ եւ ինքնընծայ հոգեւոր կեանք մը զարգացնենք մեզի համար: 

Տ. Մակար Սրբ. Արքեպիսկոպոս Աշգարեան այս գիրքը հայերէնի վերածած է՝ յոյսով, որ ընթերցողը ինքզինք պիտի գտնէ դէպի Աստուած առաջնորդող ուղիի մը վրայ եւ իւրաքանչիւր էջին մէջ պիտի տեսնէ աստուածահաճոյ կեանքի մը բոլոր հանգրուաններն ու վիճակները՝ հաստատուած Աստուածաշնչական ապացոյցներով:

Տ. Մակար Արքեպիսկոպոս Աշգարեան մեր եկեղեցւոյ սփիւռքի նշանաւոր հոգեւորականներէն է։ Աւազանի անունով՝ Եսայի, ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, 1972 թուականին:

Անդամ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանական ուխտին։ Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած, օծուած է 2001թուականին։ 2001-2022 թուականներուն ստանձնած ու վարած է վանական եւ հովուական զանազան պաշտօններ։ Եղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքի, Պիքֆայա, հսկիչ, դասախօս եւ Մայր տաճարի ընդհանուր դպրապետ, Անթիլիաս (2001-2004), հոգեւոր հովիւ հիւսիսային Յունաստանի Թեսաղոնիկէ քաղաքին (2004-2005), դպրեվանքի փոխ-տեսուչ եւ ուսուցիչ եւ Մայր տաճարի դպրապետ (2005-2011), առաջնորդի օգնական՝ Թեհրանի հայոց թեմին (2011-2018), լուսարարապետ Մայր տաճարի, Անթիլիաս (2018-2022), եւ կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի տեսուչ (2022)։

2022 թուականի դեկտեմբերին ընտրուած է Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ։ Մասնակցած է բազմաթիւ միջկրօնական եւ միջեկեղեցական ժողովներու: Անդամ եղած է Ուղղափառ գկեղեցիներու եւ Աստուածաշնչական միացեալ ընկերութիւններու միջեւ համագործակցութեան մնայուն յանձնաժողովին, ինչպէս նաեւ՝ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան ուղղափառ գկեղեցիներու միջեւ Աստուածաբանական երկխօսութեան մնայուն յանձնաժողովին։ Ներկայիս անդամ է Միջին Արեւելքի Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու միջեկեղեցական համագործակցութեան յանձնախումբին:

Ունի թէ՛ հեղինակային եւ թէ թարգմանական բազմաթիւ աշխատանքներ, որոնցմէ ոմանք տպուած են. Ինչպէս՝ «Յովհաննէս առաքեալի երեք ընդհանրական նամակները» արեւելահայերէն, «Ս. Մեծն Մակարի քարոզները», «Աւագ շաբաթ» երեք տարբերակներով, «Աղօթագրքոյկ» երկու տարբերակներով, «Բարոյագիտութիւն» եւ այլն: 2024 թուականին ստացած է արքեպիսկոպոսութեան տիտղոս։

Կը ներկայացնենք Հենրի Ճ.Մ. Նուընի «Ճանապարհորդութեան հարցը․ Ճառագայթումներ տարուան իւրաքանչիւր օրուան համար» հատորէն հայերէնի թարգմանուած խորհրդածութիւններ, որոնք հեղինակը նախատեսած է յունուար ամսուան համար։

ԱՆԱԿՆԿԱԼԻ ՅՈՅՍԵՐՈՎ

Օր չկայ, որ անակնկալ մը չպարփակէ իր մէջ: Բայց միայն սպասելով է, որ կրնանք զայն տեսնել, զգալ եւ նոյնիսկ լսել, երբ ան հանդիպի մեզի:

Չվախնանք յուսալէ իւրաքանչիւր օրուան անակնկալը, եթէ երբեք ան ներկայանայ մեզի իբրեւ տխրութիւն կամ ուրախութիւն: Ան մեր սրտերուն մէջ նոր տեղ մը պիտի բանայ, ուր պիտի կարենանք ընդունիլ նոր բարեկամներ եւ լիովին տօնախմբել մեր փոխադարձ մարդկայնութիւնը:

ՄԵՐ ՀՈԳԵՒՈՐ ԾՆՈՂՆԵՐԸ

Ուրախութիւնն ու տխրութիւնը միշտ անբաժան են իրարմէ:

Երբ մեր սրտերը կ՚արբենան զմայլելի տեսարանով մը, մենք կ՚աւաղենք, որ մեր մտերիմները բացակայ են եւ մեզի հետ չեն վայելեր զայն, իսկ երբ տխրութիւնը կը պատէ մեր սրտերը, այն ատեն միայն կը գիտակցինք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ճշմարիտ բարեկամութիւնը:

Ուրախութիւնը պարփակուած է տխրութեան մէջ եւ տխրութիւնը՝ ուրախութեան: Եթէ փորձենք ամէն գնով խուսափիլ տխրութենէ, մենք երբեք չենք կրնար վայելել ուրախութիւնը եւ եթէ կասկածինք ուրախութեան, օրհասն ալ անզօր կ՚ըլլայ հասնելու մեզի:

Ուրախութիւնն ու տխրութիւնը մեր հոգեւոր աճման ծնողները կը հանդիսանան:

ԹՌՉՈՒՆԻ ՊԷՍ ԽՈՑԵԼԻ

Թանկագին է կեանքը, ո՛չ անոր համար, որ անփոխարինելի է ադամանդի նման, այլ որովհետեւ խոցելի է փոքր թռչունի մը պէս:

Սիրել կեանքը, կը նշանակէ սիրել անոր խոցելիութիւնը, խնդրելով խնամք, հոգատարութիւն, առաջնորդութիւն եւ օգնութիւն: Կեանքն ու մահը իրարու կապուած են խոցելիութեամբ:

Նորածին մանուկն ու ծերունին մեզի կը յիշեցնեն մեր կեանքի թանկագինութիւնը: Ուստի իշխանութիւն, յաջողութիւն եւ ժողովրդականութիւն կամ հռչակ վայելած ատեն, երբեք չմոռնանք կեանքի թանկագինութիւնն ու խոցելիութիւնը:

ԽՈՑԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՊՐՈՂ ՊՏՈՒՂՆԵՐ

Յաջողութեան եւ արդիւնաւորութեան միջեւ հսկայական տարբերութիւն մը կայ: Յաջողութիւնը յառաջ կու գայ կարողութենէն, հաւասարակշռութենէն եւ յարգանքէն:

Յաջողակ անձը բան մը ստեղծելու զօրութիւնը, զայն իր հաւասարակշռութեան տակ պահելու եւ բազմապատկելու կարողութիւնն ունի: Յաջողութիւնը համընդհանուր գնահատանքի եւ յաճախ մեծ հռչակի կ՚արժանացնէ ենթական: Անոնք, սակայն, յառաջ կու գան տկարութենէ եւ խոցելիութենէ: Եւ հետեւանքները մասնայատուկ են: Մանուկը պտուղն է յղացման՝ խոցելիութեան մէջ. ընկերութիւնը՝ վշտակրութեան բաժնեկցումին, եւ մտերմութիւնը այն պտուղն է, որ կ՚աճի երկուստեք վէրքեր բուժելու ճամբով:

Ուստի լաւ է յիշեցնել իրարու, թէ մեզի ճշմարիտ ուրախութիւն պատճառողը ո՛չ թէ յաջողութիւնն է, այլ արդիւնաւորութիւնը կամ պտղաբերութիւնը:

ՊԱՀՆ ԻՐ ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԵԱՄԲԸ ԱՊՐԻԼ

Համբերութիւնը խստապահանջ եւ դժուարին կարգապահութիւն մըն է: Ան պարզապէս պատահելիքի մը սպասումը չէ, որուն մենք անձնապէս հակակշիռ չունինք. ինչպէս, օրինակ, ինքնաշարժին ժամանումին, անձրեւի դադրելուն, բարեկամի մը վերադարձին, վէճի մը հաշտ աւարտին:

Համբերութիւնը կրաւորական սպասողականութիւն մը չէ, այլ մեզմէ կը պահանջէ, որ լիովին մեր առօրեան ապրինք՝ պահի թելադրանքին համաձայն եւ ըլլանք ժամանակակից, այսինքն, պատրաստ ըլլանք ճաշակելու անոր «հիման» եւ «հոսը», գտնուելով հոն՝ ուր ենք:

Երբ անհամբեր ենք, ձեւով մը կեանքի իրականութենէն կը խզուինք, ենթադրելով որ իրողութիւնը վաղը, աւելի ուշ կամ այլուր պիտի պատահի:

Ուրեմն համբերատար ըլլանք եւ վստահինք, թէ մեր փնտռածը պահուած է այնտեղ, ուր կանգնած ենք մենք:

ՀՈԳԵՒՈՐ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ընտրութիւններ: Ընտրութիւններն են, որ տարբերութիւններ կը յառաջացնեն: Երկու անձեր նոյն արկածին կը հանդիպին եւ ծանրօրէն կը վիրաւորուին: Անոնք այդ արկածին մէջ բաժին ունենալու ընտրութիւնը չեն կատարեր: Բայց անոնցմէ մին կ՚ընտրէ դառնութեամբ ապրիլ այդ փորձառութիւնը, իսկ միւսը՝ երախտագիտութեամբ:

Այս ընտրութիւնները մեծապէս կ՚ազդեն անոնց եւ իրենց ընտանիքի անդամներուն ու բարեկամներուն կեանքին վրայ: Մենք շատ քիչ հակակշիռ ունինք այն բաներուն հանդէպ, որոնք կը պատահին մեր կեանքին մէջ, բայց եւ այնպէս, աւելիով հակակշիռ ունինք պատահարներուն ամբողջական պատկերը ընդգրկելու եւ զանոնք յիշելու արարքին դէմ:

Ճշդիւ այս հոգեւոր ընտրութիւններն են, որ կ՚որոշեն, թէ մենք արժանապատուութեա՞մբ կ՚ապրինք մեր կեանքը, թէ՞ ոչ:

ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԸ

Բարեկամութիւնը մեծագոյն պարգեւն է, զոր մարդ արարածը կրնայ ստանալ։ Անիկա հասարակ նպատակներէ, հետաքրքրութիւններէ ու պատմութիւններէ անդին կապ մըն է, որ շատ աւելի զօրաւոր միութիւն մըն է, քան սեռայինը կրնայ ստեղծել, աւելի խորունկ, քան բաժնեկցուած հաւատքը կրնայ հիմնարկել եւ նոյնիսկ կրնայ շատ աւելի մտերիմ ու մօտիկ ըլլալ, քան միաբանական կամ ամուսնական կապը:

Բարեկամութիւնը ուրիշին հետ ըլլալ է, ըլլայ այդ մէկը ուրախութեան թէ տխրութեան պահուն, նոյնիսկ երբ կարող չենք աւելցնել ուրախութիւնը կամ նուազեցնել տխրութիւնն ու ցաւը:

Բարեկամութիւնը հոգիներու միութիւն մըն է, որ սիրելու ազնուութիւն եւ անկեղծութիւն կը յառաջացնէ: Բարեկամութիւնը ամբողջ կեանքը յատուկ փայլքով կը պայծառակերպէ:

Երանի՜ անոնց, որոնք իրենց կեանքը կը զոհեն իրենց բարեկամներուն սիրոյն:

ԲԱՒԱՐԱՐ ԼՈՅՍ ՅԱՋՈՐԴ ՔԱՅԼԻՆ ՀԱՄԱՐ

Յաճախ կ՚ուզենք ապագան տեսնելու կարողութիւնը ունենալ: Կ՚ըսենք. «Յաջորդ տարի արդեօք ինչպիսի՞ն պիտի ըլլայ ինծի համար: Արդեօք ասկէ հինգ կամ տասը տարի ետք ո՞ւր պիտի ըլլամ»: Այս հարցումներուն համար պատասխաններ չկան: Մենք առաւելագոյնը լոյսի շող մը ունինք տեսնելու համար:

Ապրելու արուեստը մեր անմիջական ընելիքը վայելելն է, այն ինչ որ կրնանք տեսնել եւ ոչ թէ տրտնջալ դեռ մութին մէջ եղողին հանդէպ:

Երբ կարենանք յաջորդ քայլը առնել այն համոզումով, թէ բաւարար լոյս պիտի ունենանք միւսներուն համար, ուրախութեամբ պիտի քալենք կեանքի ճամբայէն եւ պիտի զարմանանք, թէ որքա՜ն հեռուն կ՚երթանք: Ուրախանանք այն աղօտ լոյսին համար, զոր մեզի հետ ունինք եւ չպահանջենք այն շռայլը, որ կրնայ ամբողջ խաւարը փարատել:

ԱՆԴՐԱՆՑՆԻԼ ՄԵՐ ՎԷՐՔԵՐԸ

Երբեմն, «անդրանցնելով» մեր բարկութեան, նախանձի եւ մերժողական զգացումներէն, պէտք է շարունակենք մեր կեանքը: Փորձութիւնը, սակայն, այդ ժխտական յոյզերէն տարուիլն ու ազդեցութեան տակ խարխափելն է, կարծես անոնց պատկանէինք: Ասոր որպէս հետեւանք մենք մեզ պիտի զգանք իբրեւ «անարգուած անձ», «մոռցուած ենթակայ» կամ «մերժուած»: Այո՛, շատ յաճախ կրնանք յարիլ այս ժխտական ինքնութիւններուն եւ նոյնիսկ կեղծ ու հիւանդագին ուրախութիւն ալ զգալ եւ տարուիլ անոնցմով: Սակայն լաւ է, որ յետադարձ հայեացք մը նետենք սոյն մթին զգացումներուն վրայ եւ փորձենք յայտնաբերել, թէ անոնք ուրկէ՞ կը յառաջանան։

Սակայն այս բոլորէն ետք կու գայ, անդրանցնելով, զանոնք մեր ետին ձգելու եւ մեր ճամբան շարունակելու պահը:

ԱՆՁՆԱՄԵՐԺՈՒՄԷՆ ԱՆԴԻՆ՝ ՈՒՌՃԱՆԱԼ

Հոգեւոր կեանքի մեծագոյն վտանգներէն մէկը անձնամերժումն է: Երբ «Եթէ մարդիկ իրապէս ճանչնային զիս, երբեք պիտի չսիրէին» կ՚ըսենք, կ՚ընտրենք այն ճամբան, որ մեզ դէպի խաւար կ՚առաջնորդէ: Յաճախ կը լսենք, որ ինքնաթերագնահատումը առաքինութիւն մըն է, որ խոնարհութիւն կ՚ենթադրէ: Սակայն խոնարհութիւնը ինքնին հակառակն է ինքնանուաստացման եւ երախտագիտութեամբ ընդունիլ է, թէ մենք իբրեւ արարած անգնահատելի ենք Աստուծոյ աչքին եւ այն՝ ինչ որ ենք, պարգեւն ենք Աստուծոյ:

Ինքնամերժումէն անդին՝ ուռճանալու համար, պէտք է քաջութիւն ունենանք լսելու այն ձայնը, որ մեզ Աստուծոյ սիրելի որդիները կը կոչէ, եւ ականջ տանք այն վճիռին, որ մեզ ըստ ճշմարտութեան ապրելու կը հրաւիրէ:

ԲՌՆՈՂԻՆ ՎՍՀԱՏԻԼ

Վստահութիւնը կեանքի հիմքն է: Առանց անոր, մարդ արարածը չի կրնար ապրիլ: Ճօճաձողի մարզիկները գեղեցկօրէն կը ներկայացնեն ասիկա: Թռիչք կատարողները պէտք է վստահին զիրենք բռնողներուն: Անոնք կրնան ամենագեղեցիկ եւ հանդիսավայել տեսարաններով երեւան գալ օդին մէջ, սակայն, ի վերջոյ այն, ինչ որ մարզիկներուն ներկայացուցածը յաջողութեան գագաթնակէտին կը հասցնէ, անոնց կողքին ճիշդ ժամանակին ու տեղին զանոնք բռնողներուն ներկայութիւնն է:

Հրաշալի բան է իբրեւ թռչուն ազատօրէն թռչիլը օդին մէջ, բայց եթէ Աստուած ներկայ չէ այնտեղ, որ բռնէ մեզ, թռչելու մեր ամբողջ աշխատանքը անօգուտ կը դառնայ: Ուստի վստահինք մեծագոյն Բռնողին՝ Աստուծոյ:

ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ

Մեզի շնորհուող բարիքներուն համար երախտապարտ ըլլալը դիւրին է: Բայց մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին պատահող բարիքներուն եւ չարիքներուն, ուրախ եւ տխուր պահերուն, յաջողութիւններուն եւ ձախորդութիւններուն, գնահատանքներուն եւ մերժումներուն համար երախտապարտ ըլլալը հոգեւոր դժուարին աշխատանք կը պահանջէ: Եւ դեռ մենք ճշմարտապէս երախտապարտ մարդիկ ենք այն ատեն միայն, երբ կրնանք ըսել.

«Շնորհակալ ենք այն բոլորին համար, որ մեզ այս օրերուն հասցուցին»:

Այնքան ատեն, որ շարունակենք կիսել մեր կեանքը ընդմէջ մարդոց եւ պատահարներու, զոր կը փափաքինք յիշել եւ պիտի ուզէինք մոռնալ, պիտի չկարենանք յայտարարել մեր բովանդակ էութիւնը իբրեւ երախտապարտ ըլլալու աստուածատուր շնորհ:

Ուստի չվախնանք նայելէ այն ամէնուն, որ մեզ այս վիճակին է հասցուցած, այլ վստահ ըլլանք, թէ շուտով հոն պիտի տեսնենք մեզ սիրող Աստուծոյ առաջնորդող Աջը:

ՍԻՐՈՅ ՔՆՔՈՒՇ ՁԱՅՆԸ

Մեր ուշադրութիւնը գրաւող բազմաթիւ ձայներ կան: Ձայն կայ, որ կ՚ըսէ. «Փաստէ՛, որ դուն լաւ մարդ ես»: Ձայն կայ, որ կը հծծէ. «Լաւ կ՚ըլլայ, որ ամչնաս դուն քեզմէ»: Ձայն կայ, որ կը շշնջէ. «Չկայ մէկը, որ իսկոյն քեզմով մտահոգուի»: Եւ ուրիշ մը, որ կ՚ապահովցնէ մեզ. «Վստահ եղիր, որ անպայման յաջող, զօրաւոր եւ հռչակաւոր մէկը պիտի դառնաս»: Սակայն այս բոլորին մէջ կայ մեղմ, քնքուշ ու քաղցր ձայն մը, որ կ՚ըսէ․ «Դուն իմ սիրելին ես, որուն ես հաճեցայ»: Ասիկա է այն ձայնը, զոր ամէն բանէ աւելի կ՚ուզենք լսել: Արդ, վերջինս լսելը յատուկ ճիգ ենթադրելով, առանձնութիւն, լռութիւն եւ լսելու ուժեղ կամք ու նպատակադրում կը պահանջէ:

Ահա այս է աղօթքը: Աղօթք, այսնինքն՝ ունկնդրութիւն այն ձայնին, որ մեզ «իմ սիրելիներս» կը կոչէ:

ԱՆԴԱԴՐՈՒՄ ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԵՆԷ ԴԷՊԻ ԱՆԴԱԴՐՈՒՄ ԱՂՕԹՔ

Մեր ուղեղը միշտ կը գործէ: Գիշեր ցերեկ «անդադրում է» մեր մտածողութիւնը: Մենք կը վերլուծենք, կ՚անդրադառնանք, կ՚երազենք: Երբեմն կը փափաքինք գէթ պահ մը դադրիլ մտածելէ, բան մը, որ հեռու պիտի պահէ մեզ բազմաթիւ մտահոգութիւններէ, մեղքի զգացումէ եւ վախէ: Մտածելու այս կարողութիւնը մեր ամենամեծ պարգեւն է, բայց նաեւ՝ աղբիւրը մեր մեծագոյն ցաւին:

Ուստի պէ՞տք է զոհը դառնանք մեր անդադրում մտածողութեան: Ո՛չ, որովհետեւ կրնանք զայն դիւրութեամբ վերածել անդադրում աղօթքի, մեր ներքին մենախօսութիւնը դարձնելով Աստուծոյ հետ շարունակական երկխօսութիւն մը, որ սիրոյ աղբիւր է համակ:

ՆԵՐՔԻՆ ԿԱՄՈՒՐՋՆԵՐ ՀԱՍՏԱՏԵԼ

Աղօթքը մեր գիտակիցի եւ անգիտակիցի միջեւ գտնուող կամուրջն է: Յաճախ հսկայ բացատներ կան ընդմէջ մեր մտածումներուն, խօսքերուն, գործերուն եւ այն բազմաթիւ պատկերներուն, որոնք կը բղխին մեր ցերեկուան ու գիշերուան երազներէն: Աղօթել կը նշանակէ իրարու ձուլել մեր կեանքի այս զոյգ ժանրը, ուղղուելով այն տեղը, ուր կը բնակի Աստուած:

Աղօթքը «հոգիի աշխատանք» է, որովհետեւ մեր հոգին այն սրբազան կեդրոնն է, ուր ամէն ինչ մէկ է, եւ ուր մտերմօրէն մեզի հետ է Աստուած: Ուստի պէտք է անդադար աղօթենք, որպէսզի կարենանք ճշմարտապէս սուրբ եւ կատարեալ ըլլալ:

ՅՈՅՍՈՎ ԱՊՐԻԼ

Լաւատեսութիւնն ու յոյսը մեծապէս տարբեր հոգեվիճակներ են: Լաւատեսութիւնը այն ակնկալութիւնն է, թէ այսինչ կամ այնինչ երեւոյթները, ինչպէս՝ կլիման, մարդկային յարաբերութիւնները, տնտեսութիւնը, քաղաքական վիճակը, եւ այլն պիտի բարելաւուին: Իսկ յոյսը՝ այն վստահութիւնն է, թէ Աստուած պիտի կատարէ մեզի տուած իր խոստումները, այնպէս, որ անոնք մեզ պիտի առաջնորդեն դէպի ճշմարիտ ազատութիւն:

Լաւատեսը գալիք ճշգրիտ փոփոխութիւններու մասին կը խօսի, իսկ յուսալից մարդը պահը կ՚ապրի ամենայն գիտակցութեամբ եւ վստահութեամբ, թէ ամբողջ կեանքը ապահով ձեռքերու մէջ է:

Պատմութեան մէջ իրենց հետքը ձգած բոլոր հոգեւոր առաջնորդները յոյսի մարդիկ են եղած: Աբրահամ, Յակոբ, Մովսէս, Հռութ, Մարիամ, Կանտի… բոլորը ապրեցան խոստումով մը, որ զիրենք առաջնորդեց դէպի բոլորովին անծանօթ ապագան: Ուստի յոյսով ապրինք:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունուար 20, 2025