ՀԱՄԱՏԵՂ ԴՐԱՄԱՏԱՆ ՀԱՄԱՐ ՁԵՌՆԱՐԿ

Ի­րա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ աշ­խա­տանք­ներ կը տա­րուին հա­մա­տեղ դրա­մա­տուն մը հիմ­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Եր­կու եր­կիր­նե­րը ար­դէն բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ձեռ­նար­կած են այս նիւ­թին շուրջ։ Նոր ստեղ­ծուե­լիք դրա­մա­տան մաս­նա­ճիւ­ղե­րը պի­տի գտնուին Պա­քուի եւ Թեհ­րա­նի մէջ։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ի­րա­նէն քա­նի մը մաս­նա­ւոր դրա­մա­տու­ներ ներ­կա­յիս շա­րագրգ­ռուած են մուտք գոր­ծե­լու Ատր­պէյ­ճա­նի դրա­մատ­նա­յին շու­կան։ Այս պա­հու դրու­թեամբ բա­ւա­կան ցած մա­կար­դա­կի մը վրայ կը գտնուի եր­կու հա­րե­ւան եր­կիր­նե­րուն դրա­մա­տու­նե­րուն մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։

Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ա­ռար­կայ նիւ­թե­րէն մին ալ այն է, որ Ատր­պէյ­ճա­նի դրա­մա­տու­նե­րուն մէջ 200 մի­լիոն տո­լար ար­ժո­ղու­թեամբ Ի­րա­նի ելմ­տա­կան մի­ջոց­նե­րը կը գտնուին սա­ռե­ցեալ վի­ճա­կի մը մէջ։ Այժմ կը ծրագ­րուի այդ մի­ջոց­նե­րուն մէկ մա­սը ուղ­ղել նաֆ­թի բնա­գա­ւա­ռին, իսկ մնա­ցեալ մա­սը՝ դրա­մատ­նա­յին ո­լոր­տին։

Ատր­պէյ­ճան եւ Ի­րան կը նա­խա­տե­սեն ներ­կա­յիս տա­րե­կան 500 մի­լիոն տո­լար կազ­մող ա­ռեւտ­րա­յին շրջա­նա­ռու­թիւ­նը յա­ռա­ջի­կայ տա­րի­նե­րուն քա­ռա­պատ­կե­լով հասց­նել 2 մի­լիառ ա­մեր­ի­կեան տո­լա­րի մա­կար­դա­կին։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2015