«ՄԻ՛ ՏԱՆԻՐ ՄԵԶ ՓՈՐՁՈՒԹԵԱՆ»

Տէրունական աղօթքը՝ «Հայր մեր»ի «Մի՛ տանիր մեզ փորձութեան» խնդրանքը կապուած է նախորդ «Ներէ՛ մեզի մեր պարտքերը ինչպէս մենք կը ներենք մեր պարտապաններուն» խնդրանքին արմատին, քանի որ մեր մեղքերը արդիւնք են փորձութեան մեր տուած որոշումներուն եւ հաւանութեան։

Կը խնդրենք մեր Հօրմէն՝ որ մեզ փորձութեան «չենթարկէ»։ Այս բառին յունարէն եզրը մէկ բառով թարգմանել դժուար է։ Ան կը նշանակէ «թոյլ մի՛ տար մտնել ներսը». (ՄԱՏԹ. ԻԶ 41), «մի՛ թողուր մեզ սայթաքիլ փորձութեան մէջ»։ «Աստուած անփորձ է չարին, Ան ո՛չ ոք կը փորձէ». (ՅԱԿ. Ա 13), ընդհակառակը Ան կ՚ուզէ ազատել մեզ չարէն։ Մենք Իրմէ կը խնդրենք, որ թոյլ չտայ, որ առնենք մեղքի տանող ուղին։ Մենք կը գտնուինք «մարմինին եւ Հոգիին միջեւ» մղուող պայքարին դիմաց։ Այս խնդրանքը զատորոշումի եւ ուժի Հոգին կը հարցէ։

Սուրբ Հոգին «զատորոշել» կու տայ մեզի՝ մէկ կողմէ այն նեղութիւնը, որ անհրաժեշտ է «ներքին մարդ»ուն հոգեւոր աճումին. (ՂՈՒԿ. Ը 13-15), (ԳՈՐԾՔ. ԺԴ 22), (Բ ՏԻՄ. Գ 12) անոր «հաւատարմութիւնը փորձելու» հեռանկարով. (ՀՌՈՄ. Ե 3-5), եւ միւս կողմէ փորձութիւնը, որ մարդը կը տանի մեղքին եւ մահուա՛ն. (ՅԱԿ. Ա 14-15)։

Պիտի գիտնանք նաեւ զատորոշել «փորձուիլ»ը եւ փորձութեան «հաւանիլ»ը։ Վերջապէս, զատորոշումը կը դիմակազերծէ փորձութեան «սուտ»ը փորձութեան առարկան երեւութապէս «բարի, հաճոյատեսիլ, ցանկալի» կ՚ըլլայ. (ԾՆՆԴ. Գ 6), մինչդեռ իրականին մէջ անոր պտուղը մա՛հն է։

Որոգինէսի համաձայն. «Աստուած չ՚ուզեր մարդուն բարին պարտադրել, Ան ազատ էակներ կ՚ուզէ…։ Փորձութիւնը գէթ բանի մը օգտակար է։ Բացի Աստուծմէ, ամէնքը՝ նոյնիսկ մենք կ՚անգիտանանք բարիքը, որ մեր հոգին ընդունած է Աստուծմէ։ Բայց փորձութիւնը զայն յայտնի կը դարձնէ, երբ կը սորվեցնէ մեզի ճանչնալ մենք մեզ, եւ այսպէս՝ ան ցոյց կու տայ մեզի մեր թշուառութիւնը եւ կը ստիպէ մեզ գոհութիւն մատուցանելու այն բարիքներուն համար, զորս փորձութիւնը մեզի յայտնի կ՚ընէ»։

«Փորձութեան մէջ» չիյնալը՝ «սիրտէն բխող որոշում մը» կ՚ենթադրէ. «Ուր գանձդ է, հո՛ն է նաեւ սիրտդ…։ Ո՛չ ոք կարող է երկու տէրերու ծառայել». (ՄԱՏԹ. Զ 21 եւ 24)։

«Քանի կ՚ապրինք Հոգիով, ընթանա՛նք նոյն Հոգիին համաձայն». (ԳԱՂ. Ե 25)։ Սուրբ Հոգիին հետ մեր «համաձայնութեան» շնորհիւ, Հայրը մեզի ուժ կու տայ։ «Չկրեցիք փորձութիւն մը, որ մարդկային ուժերէն վեր ըլլայ, Աստուած հաւատարիմ է չի թողուր որ ձեր ուժերէն վեր փորձուիք։ Փորձութեան հետ Ան ձեզի կու տայ ուժ՝ դիմադրելու եւ յաղթելու». (Ա ԿՈՐՆ. Ժ 13)։

Արդ, այսպիսի պայքար մը եւ այսպիսի յաղթանակ մը առանց աղօթքին անկարելի է։ Իր աղօթքով է, որ Յիսուս Իր հոգեվարքին սկիզբէն. (ՄԱՏԹ. Դ 1-11) մինչեւ Իր վերջին պայքարը՝ յաղթե՛ց փորձիչին. (ՄԱՏԹ. ԻԶ 36-44)։ Մեր Հօր ուղղուած այս խնդրանքով՝ Քրիոստոս մեզ Իր պայքարին եւ Իր հոգեվարքին կը միացնէ։

Իրեն հետ սրտով «արթուն» մնալու պատուէրը շեշտուած է Յիսուսին կողմէ։ Արթնութիւնը. «պահապանն է սրտին», այս պատճառով Յիսուս կը խնդրէ Հօրմէն, որ «պահէ մեզ Իր անունով». (ՅՈՎՀ. ԺԷ 11)։

Սուրբ Հոգին հետամուտ է մեզ անդադար սթափեցնելու, որ արթո՛ւն մնանք. (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԶ 13), (ԿՈՂ. Դ 2), (Ա ԹԵՍ. Ե 6) եւ (Ա ՊԵՏ. Ե 8)։ Այս խնդրանքը իր ամբողջ եղերական իմաստը կը ստանայ երկրի վրայ մղած պայքարին վերջնական փորձութեան մը հեռանկարով։ Ասիկա «վերջնական յարատեւութիւն» կը պահանջէ. «Ես գողի պէս կու գամ, երանի՜ անոր որ արթուն կը հսկէ». (ՅԱՅՏ. ԺԶ 15)։

«Այլ փրկէ՛ մեզ Չարէ». մեր Հօր ուղղուած այս վերջին խնդրանքը կը գտնուի նաեւ Յիսուսի հետեւեալ աղօթքին մէջ. «Չեմ խնդրեր Քեզմէ, որ զանոնք վերցնես աշխարհէն, այլ պահես զանոնք Չարէն». (ՅՈՎՀ. ԺԷ 15)։ Այս աղօթքը թէեւ կը հայի մեզմէ իւրաքանչիւրին անհատապէս, բայց միշտ «մե՛նք» ենք, որ կ՚աղօթենք հաղորդակցաբար…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունուար 18, 2025, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յունուար 20, 2025