ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԻՒՆ

Ինչո՞ւ մարդուժի պակաս կայ. առաջին հերթին կ՚ուզենք ուսումնասիրել, թէ ինչքանո՞վ իրաւացի է այս արտայայտութիւնը, որովհետեւ մարդուժի պակաս կայ, կը նշանակէ, թէ չունինք մարդուժ եւ կամ ունինք՝ սակայն քիչ են, սակայն մենք կը հաւատանք, որ այնքան ալ քիչ չեն եւ հետեւաբար մարդուժի պակասէն աւելի մենք ունինք մարդուժը պահելու պակասը, որ իրարմէ տարբեր իրողութիւններ են: Այդ պահելու պակասին պատճառը մէկէ աւելի է.

Ա.- Ամէն ազգ լաւապէս կը գիտակցի իր մտաւորական դասուն կարեւորութիւնը. աշխարհը կարեւորութիւն կու տայ ուսուցիչներուն՝ հաւատալով, որ ուսուցիչն է, որ կը դաստիարակէ նոր սերունդը եւ դպրոցական դաստիարակութիւնը եւս ընտանեկանին կողքին մեծ ազդեցութիւն կ՚ունենայ անհատի կեանքէն ներս: Մեր մօտ, սակայն, ամենէն անտեսուած դասերէն մին ուսուցիչներն են, թէ՛ սփիւռքի եւ թէ հայրենիքի մէջ։ Եթէ այս յօդուածը գրէինք մի քանի տասնամեակ առաջ, գուցէ գաղութներուն նիւթական անկարողութիւնը որպէս պատճառ արդարացնէր այս փաստը, սակայն նոյնը կարելի չէ ընել այսօր. մեր ժողովուրդը ամէ՛ն բանի դրամ ունի. բառացիօրէն ամէ՛ն բանի՝ բացի իր ուսուցիչներուն ու մտաւորականներուն համար, որոնք կամաւոր աղքատութեան մը ճամբան բռնած ազգի ապագան բարելաւել կը փորձեն: Նախապէս այս թերթի էջերուն մէջ գրած ենք, թէ ինչպէս Լեռ Կամսար իր եօթանասունը անց տարիքին ուժ չէր գտներ իր ոտքերուն վրայ ո՛չ թէ ծերութեան, այլ անօթութեան պատճառով. աւելի քան դար մը առաջ Երուանդ Օտեան եւ իրեն նման բազմաթի՜ւ մշակներ անօթութեան ու թշուառութեան մէջ մահացան. այդ մէկը եւս ընդունելի չէ, սակայն, այդ ժամանակ աւելիով կար աղքատութիւն մը (հարուստ էին աղաները), սակայն, այսօր հարուստ է մեր եկեղեցին, հարուստ են մեր կուսակցութիւնները, հարուստ են մեր գրեթէ ժողովուրդի կարիքներուն հասնելու համար հաստատուած բոլոր հաստատութիւնները: Այսօր շա՜տ քիչեր են, որոնք որպէս կեանքի նպատակ ու առաքելութիւն կ՚ուզեն ընտրել ուսուցչութիւնը. հաւատացէ՛ք, որ Հայաստանի մէջ աղբահաւաքը շատ աւելի մեծ գումար կը վաստակի քան ուսուցիչը. եւ նման պայմաններու մէջ կ՚ուզենք ունենալ սերունդ մը՝ հրաշալի ուսուցիչներով: 

Բ.- Համեմատութիւն. մենք կը փորձենք մեր ուսուցիչներն ու մտաւորականները համեմատել անցեալի ուսուցիչներուն ու մտաւորականներուն հետ. եթէ նման համեմատութիւն մը կ՚ուզենք կատարել, ապա մերօրեայ մտաւորականներուն համար ալ պէտք է ստեղծել անցեալի պայմանները. նիւթապէս ինչպէս այսօր, նոյնպէս ալ անցեալին թշուառ վիճակ ունէր մտաւորականը, սակայն, ի տարբերութիւն այսօրուան, ունէր իր խօսքը, իր արժէքն ու տեղը. թէ՛ քաղաքական եւ թէ ընկերային հարցերու շուրջ ունէր իր ըսելիքը եւ այդ ըսածը կարեւորութիւն ունէր բոլորին համար՝ մեծ թէ փոքր. այսօր այդ փառքը եւս առնուած է մտաւորականութեան ձեռքէն: Անցեալը ուսումնասիրելով կը տեսնենք, թէ ինչպէս մտաւորականներ ազգային ժողովներու ընթացքին իրենց տիրական տեղը ունէին. իսկ ո՞ւր են այսօր նմանները: Մերօրեայ ազգային ժողովին մէջ քարտէս մը կ՚ուսումնասիրուի. ո՞ւր է հոն պատմաբանը, ո՞ւր է մասնագէտը, որ շատ աւելի լաւ գիտէ քան մի քանի ազգային ժողովականներ՝ որոնք գուցէ դպրոցը անգամ չեն աւարտած: Կը խօսուի ժողովուրդի առօրեային մասին. ո՞ւր է հոն մտաւորականը, որ ունի իմաստութիւնը վերլուծելու եւ իր առաջարկները յայտնելու:

Գ.- Եթէ անձը որպէս մարդուժ պիտի հրաւիրենք հաստատութենէ ներս, սակայն անոր ձեռքէն պիտի առնենք բոլոր ուժերը, ի՞նչ իմաստ ունի զինք ներգրաւելը։ Մեր մարդուժերը այսօր նման են այն թռչուններուն, որոնք դրուած են վանդակի մէջ եւ թռչելու կարողութիւն չունին. ո՛չ թէ անոր համար, որ թռչիլ չեն գիտեր, այլ ճաղերուն պատճառով: 

Նման պայմաններու մէջ երբ հիները կը տանջուին, նորերը ինչո՞ւ պատրաստել. այդ իսկ պատճառով առաջին իսկ օրէն անտեղի նկատեցինք «Մարդուժի պատրաստութեան տարին», որովհետեւ նոր մարդուժերը հիներուն նման տանջուելով պիտի յուսահատին ու շատ շատերու նման կամաւորաբար հեռանան ասպարէզէն: Տարի մը առաջ, երբ տակաւին նոր յայտարարուեցաւ «Մարդուժի պատ-րաստութեան տարի»ն, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի էջերուն մէջ գրեցինք. ««Մարդուժի պատրաստութիւն» արտայայտութիւնը կը նկատենք ժամանակավրէպ, որովհետեւ մեր ազգի դժբախտութեան պատճառը այնպէս ինչպէս անցեալին, նոյնպէս այսօր մարդուժի պակասը չէ, որովհետեւ մարդուժի պատրաստութեան հիմնական ու կարեւոր նուիրական գործէն առաջ շատ աւելի կարեւոր ու առաջնահերթ խնդիրներու պէտք է լուծում տանք, այլապէս ամբողջութեամբ անիմաստ են այդ «պատրաստութիւն»ները» եւ նոյն համոզումով այսօր եւս կ՚ըսենք. «Այդ հեռու մնացողները երբեք պիտի չմօտենան հայ կեանքին՝ մինչեւ չհեռանան Փանջունիները՝ որոնք ո՛չ թէ ազգին, այլ սեփական շահեր կը հետապնդեն: Եթէ այսօր մարդուժի պատրաստութեան հասկացողութեան տակ պիտի պատրաստենք երիտասարդ մը, սակայն պիտի պահանջենք լուռ մնալ կատարուած անարդարութիւններուն դիմաց՝ նախընտրելի է չպատրաստել, որովհետեւ այդ մէկը ոչ միայն անձին, այլ նաեւ ազգի արժէքներուն հանդէպ գործուած ոճիր մըն է»:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ համար կ՚անտեսուին ուսուցիչները:

Պատասխան. Ուսուցիչները հակառակ իրենց ունեցած կարեւոր դերին, կ՚անտեսուին եւ անոնց ներդրումը կը թերագնահատուի: Ուսուցիչները կը դաստիարակեն ապագայ սերունդները սերմանելով գիտելիքներ եւ արժէքներ, սակայն հակառակ իրենց կարեւոր ծառայութեան, կը ստանան անարդար աշխատավարձ, ինչ որ չ՚արտացոլացներ իրենց աշխատանքին կարեւորութիւնը: Պատճառը կրթութեան երկարաժամկէտ ազդեցութիւնը անտեսելն է, ինչ որ պատճառ կը դառնայ մոռնալ անոնց կարեւոր ու առանցքային դերը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունուար 20, 2025