ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԱԹԸ ՍԿՍԱՒ ՀԱԹԱՅԻ ՅՈՒՆԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ

Քրիստոնէից միութեան ուղղեալ Միջեկեղեցական աղօթքի շաբաթը արդէն ընթացքի մէջ է։ Նկատի ունենալով, որ ներկայ 2025 թուականը կը համընկնի Նիկիոյ առաջին Տիեզերական ժողովի 1700-ամեակին՝ այս տարուան Միջեկեղեցական աղօթքի շաբթուան կարգախօսն է՝ «Հաւատամք ի մի Աստուած»։

Էքիւմենիք աղօթքներու այս շաբթուան առաջին փուլի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Իսքէնտէրունի Ս. Գէորգ յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ։ Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ, արարողութեան մասնակցեցաւ գաւառի համայնքներու տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը։

Երեքշաբթի, Յունուար 21, 2025