ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳՐԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ
Ճիպուտիի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Սահակ Սարգսեան այս օրերուն հաւատարմագրերը կը յանձնէ այդ երկրի ղեկավարութեան։ Դեսպան Սահակ Սարգսեան երէկ ընդունուեցաւ Ճիպուտիի նախագահ Իսմայիլ Օմար Կուլեհի կողմէ, որուն յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Պաշտօնական արարողութեան յաջորդած զրոյցի ընթացքին նախագահ Կուլեհ շնորհաւորեց դեսպան Սարգսեանը եւ յաջողութիւն մաղթեց։ Ան վստահութիւն յայտնեց, որ իր պաշտօնավարութիւնը կը նպաստէ Հայաստան-Ճիպուտի բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման։ Բաց աստի, դեսպանը եւ նախագահը անդրադարձան երկու ժողովուրդներու պատմական կապերուն, դիտարկեցին երկկողմանի օրակարգի հարցերը, ինչպէս նաեւ ընդգծեցին շարք մը ոլորտներէ ներս համագործակցութեան զարգացման ներուժը։ Անոնք կարեւորեցին նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակներէն ներս համագործակցութեան խթանումը։ Նախագահական ապարանքէն հրաժեշտ առնելէ առաջ դեսպան Սարգսեան ստորագրեց նաեւ պատուոյ հիւրերու տոմարը։
Հարկ է նշել, որ Սահակ Սարգսեանի նստավայրը կը գտնուի Ատիս Ապապայի մէջ եւ ան համատեղութեան կարգով պիտի պաշտօնավարէ Ճիպուտիէ ներս։