ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան երէկ շփումներ ունեցաւ Թեհրանի մէջ, ուր Իրանի իշխանութիւններուն կողմէ հիւրընկալուեցաւ բարձր մակարդակի վրայ։ Բացի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի կողմէ ընդունուելէ, Վահան Կոստանեան օրուան տեւողութեան մէկտեղուեցաւ Իրանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Մաճիտ Թախթ Ռաւանչիի, ինչպէս նաեւ երկրի գերագոյն առաջնորդի խորհրդական, Արտաքին յարաբերութիւններու ռազմավարական խորհուրդի ղեկավար Քեմալ Խարազիի հետ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, բանակցութիւններու ընթացքին կողմերը ընդգծեցին իրարու արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններու նկատմամբ փոխադարձ յարգանքը։ Վահան Կոստանեան Թեհրանի մէջ ներկայացուց Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին իրադարձութիւնները։ Ան շեշտեց, որ Հայաստան հաւատարիմ է խաղաղութեան օրակարգին ու նոյնը կ՚ակնկալէ Ատրպէյճանէն։ Այս ամբողջին մէջ կարեւորուեցան Հայաստանի դիմակայութեան բարձրացման ուղղեալ քայլերը։ Կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին միջազգային եւ տարածաշրջանային վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։ 

Քեմալ Խարազիի հետ զրուցելու ժամանակ Վահան Կոստանեան ընդգծեց, որ Հայաստանի վարած հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութեան շրջանակներէն ներս առանձնայատուկ կարեւորութեան առարկայ կը դարձուի յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումը տարածաշրջանային գործընկերներու՝ մասնաւորապէս Իրանի հետ։

Երեքշաբթի, Յունուար 21, 2025