ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՕՓԵՐԱՅԻ ՀԻՄՆԱԴԻՐԸ ՄԱՀՈՒԱՆ 75-ԱՄԵԱԿ

Զարմանալի է, որ հայկական ազգային օփերայի հիմնադիր, բազմաթիւ բարդ եւ դասական ստեղծագործութիւններու հեղինակ Արմէն Տիգրանեան երաժշտական բարձրագոյն կրթութիւն չէր ստացած, ինչ որ իր ժամանակին յաճախ քննադատութիւններու կ՚արժանանար։

Ժամանակը հոսեցաւ, շատ իրադարձութիւններ յաջորդեցին մէկը միւսին, Տիգրանեան 1950 թուականին հեռացաւ կեանքէն, իսկ այսօր ոչ ոք կը յիշէ անոր երաժշտական համալսարանական կրթութեան մասին։ Մեր առջեւն է երաժշտահանի բեղուն ստեղծագործական կեանքը, որով այսօր հարստացած են հայկական ազգային օփերան եւ համաշխարհային դասական արուեստը։ 

Արմէն Տիգրանեան ծնած է Ալեքսանդրապոլ, Կիւմրի, 1879 թուականի դեկտեմբերին․ ընդամէնը մէկ ամիս առաջ լրացաւ անոր ծննդեան 145-ամեակը։

Վաղ տարիքէն նուագած է սրինգ, մասնակցած է դպրոցական փողային նուագախումբի համերգներուն։ 1894 թուականին Տիգրանեան իր ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Թիֆլիզ: 1902 թուականին աւարտած է երաժշտական ուսումնարանի սրինգի եւ երաժշտութեան տեսութեան դասարանները, միաժամանակ յօրինումի դասեր առած՝ Մակար Եկմալեանէն եւ այդ կարճ դասընթացքը եղած է երաժշտութեան ասպարէզէն ներս իր միակ կրթութիւնը։ Եկմալեան, ըլլալով իր ժամանակի լաւագոյն երաժիշտներէն՝ մշտապէս կը քաջալերէր Տիգրանեանը՝ անոր մէջ նկատելով տաղանդ եւ աշխատասիրութիւն։

Մնացած ամէն ինչին Տիգրանեան հասած է ինքնակրթութեամբ։ Եկմալեանի քով դասեր առնելէ ետք ալ, նոյն թուականին Տիգրանեան վերադարձած է Ալեքսանդրապոլ, կազմակերպած դպրոցական եւ ժողովրդական քառաձայն երգչախումբեր, որոնց հետ համերգներով շրջագայած է Թիֆլիզի, Պաքուի, Կարսի մէջ։ 

Այդ շրջանին կը վերաբերին անոր առաջին ստեղծագործութիւնները՝ «Հովերն առան սար ու դարեր», «Ախ իմ ճամբես», «Սեւ աչերէն» (Աւետիք Իսահակեանի խօսքերով), «Սիրտ իմ լռիր», «Մնաք բարով» (Յովհաննէս Յովհաննիսեանի խօսքերով) երգերը եւ հայկական ժողովրդական երգերու խմբերգային մշակումները։

1913 թուականէն Տիգրանեան բնակած է Թիֆլիզի մէջ. մասնակցած է Հայոց երաժշտական ընկերութեան (1912-1921) աշխատանքներուն, դասաւանդած է Յովնանեան դպրոցին մէջ, հանդէս եկած համերգներով: Արդէն յայտնի երաժշտահան էր եւ այդ շրջանին գրած է երաժշտութիւն՝ «Լէյլի եւ Մեճնուն» տրամայի համար (բեմադրուած է 1918 թուականին, Թիֆլիզի մէջ), «Արեւելեան պար»՝ սիմֆոնիք նուագախումբի համար, խմբերգներ, մշակած է ժողովրդական երգեր։

1920-30-ական թուականներուն Տիգրանեան ստեղծած է շարք մը երգեր, քանթաթներ, խմբերգային երկեր, դաշնամուրային կտորներ՝ «Պարերգ», «Հայկական պարերու սիւիթ», «Արեւելեան ֆանթազիա», «Շիրակ զմրուխտի», «Մանկական ալպոմ» («Իրիկնային», «Սրինգ», «Օրօրոցի երգ» եւ այլն): Տիգրանեան նաեւ բանաստեղծ էր, կը գրէր բանաստեղծութիւններ, որոնք ուշադրութեան կ՚արժանանային մեծ բանաստեղծներու կողմէ։ 

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն երաժշտահանը կը դիմէ հայրենասիրական ստեղծագործութիւններու՝ այդպիսով ջանալով բարձր պահել պատերազմի մէջ գտնուող ժողովուրդի ոգին, եւ այդ ժամանակ ալ կը գրէ պատմահայրենասիրական նիւթով «Դաւիթ Բէկ» օփերան (ըստ Րաֆֆիի), որ գաղափարական յագեցուածութեամբ, քաղաքացիական ոգեւորութեամբ երաժշտական լեզուի ժողովրդայնութեամբ նոր քայլ մըն էր ազգային օփերային արուեստին մէջ։ Օփերան հարուստ է գեղջկական, քաղաքային, գուսանական եւ հոգեւոր երաժշտութեան տարրերով։ Տիգրանեան օփերան աւարտած է 1949 թուականին, սակայն «Դաւիթ Բէկ»ի առաջին ներկայացումը տեղի ունեցած է 1950 թուականին՝ երգահանի մահէն ետք, Երեւանի Օփերայի եւ պալէի թատրոնին մէջ: 

Երաժշտահանի կենսագրութեան մէջ պատերազմին առընչուող ուրիշ դրուագ մը եւս կայ․ Տիգրանեան այդ ժամանակ ստեղծած էր հակաօդային պաշտպանութեան միջոց մը, որ կիրառութիւն գտած էր եւ որմէ կ՚օգտուէր բանակը։

Ըլլալով օժտուած մարդ՝ Տիգրանեան կը հետաքրքրուէր նաեւ քիմիագիտութեամբ, փորձեր կը կատարէր, սակայն փորձերէն մէկուն ժամանակ ան կը վնասէ աչքը եւ ատկէ ետք մշտապէս ակնոց կրած է, ինչ որ իր կերպարին մէկ մասը դարձած էր։ Ժամանակակիցները երաժշտահանը կը բնորոշէին իբրեւ անթերի հագուող մարդ, որ միշտ կը փայլէր իր արտաքին տեսքով, ունէր օրինակելի ընտանիք՝ սիրող կնոջմով եւ երեք զաւակներով։ 

Արմէն Տիգրանեան նաեւ երաժշտութիւն գրած է թատրոնի համար, հայերէնի թարգմանած է Ճիւզեփփէ Վերտիի «Ռիկոլեթթօ» եւ Ժորժ Պիզէի «Քարմէն» օփերաներու թատերակերը։

Մեծ երաժշտահանի անունով կոչուած են փողոցներ եւ երաժշտական դպրոցներ՝ Երեւանի եւ Կիւմրիի մէջ։ Երեւանի Օղակաձեւ զբօսայգիին մէջ տեղադրուած է անոր յուշարձանը, իսկ Կիւմրիի մէջ կը գործէ տուն-թանգարանը։ Երաժշտահանի շիրիմը կը գտնուի Երեւանի կեդրոնական գերեզմանատան մէջ։

ԵՐԵՒԱՆԻ ՕՓԵՐԱՅԻ ԹԱՏՐՈՆԻՆ ՄԷՋ «ԱՆՈՒՇ»Ի ԲԵՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 90-ԱՄԵԱԿ

Այս տարի կը լրանայ հայ ժողովուրդի ամենանշանաւոր օփերայի՝ «Անուշ»ի Երեւանի Օփերայի եւ պալէի թատրոնի մէջ բեմադրութեան 90-ամեակը, ինչ որ նշանակալից իրադարձութիւն է թէ՛ օփերային արուեստի եւ թէ Տիգրանեանի կենսագրութեան մէջ։ Օփերան Երեւանի մէջ տակաւին 1913 թուականին առաջին անգամ ներկայացուած է (Ջանփօլատեան թատրոնին մէջ), բայց Երեւանի արհեստավարժ բեմին վրայ զայն խաղացուած է 1935 թուականին։

Հայ երգահան, խմբավար Արմէն Տիգրանեան «Անուշ» օփերան գրած է 1908-1912 թուականներուն՝ նիւթը առնելով Յովհաննէս Թումանեանի «Անուշ» ստեղծագործութենէն։ Զայն կը դառնայ հայ ժողովրդական երաժշտական լեզուով գրուած առաջին լիաւարտ օփերան, որ ազգային օփերային գրականութեան մէջ ստեղծած է նոր ոճական ուղղութիւն մը: 

Տիգրանեան օփերայի հիմնական երաժշտութիւնը գրած է հինգ տարիներու ընթացքին, բայց յետագայ երեսուն տարիներուն՝ երգահանը բազմաթիւ ուղղումներ եւ լրացումներ կատարած է: Արմէն Տիգրանեան այս կոթողային գործը ստեղծած է իր ծննդավայր Ալեքսանդրապոլի մէջ եւ առաջին տարին՝ 1908 թուականին, անկէ անջատ հատուածներ հնչած են Թիֆլիզի Ներսիսեան դպրոցի սաներուն ուժերով: 

Ինչպէս պատմական իրադարձութիւն էր Երեւանի մէջ օփերայի ներկայացումը, նոյքան պատմական էր Ալեքսանդրապոլի մէջ օփերայի առաջնախաղը՝ 4 օգոստոս 1912 թուականին: Սարոյի դերակատարն էր Շարա Տալեան, իսկ Անուշինը՝ Աստղիկ Մարիկեան: Քաղաքի համերգային դահլիճը լեփլեցուն էր: Շատեր չէին կրցած տեղ գտնել դահլիճին մէջ եւ օփերան ունկընդ-րած էին դուրսը՝ դահլիճին բաց պատուհաններէն: Այդ տարիներուն գրեթէ միջոցներ չկային պատշաճ բեմադրութիւն ստեղծելու համար, դահլիճը համապատասխան ձայնային հնչեղութիւն չունէր, նուագախումբը միայն տասներկու երիտասարդ երաժիշտներէ կազմուած փոքրիկ նուագախումբ մըն էր, երգիչ-դերասաններուն հագուստն ու դահլիճին ձեւաւորումը խիստ համեստ էին: Հակառակ այս բացթողումներուն՝ հանդիսատեսը ամբողջութեամբ զգացած էր օփերայի ուժն ու շքեղութիւնը եւ երբ ներկայացումը աւարտած էր՝ ներկայ բազմութիւնը ջահերով դուրս եկած եւ սկսած էր երգել օփերայի հատուածներէն: Այսպէս եղած է «Անուշ» օփերային սկիզբը, որ ակնյայտ դարձուցած է օփերայի ապագայ յաջող ուղին:

Ալեքսանդրապոլի մէջ «Անուշ»ը բեմադրուած է մի քանի անգամ, ապա սկսած է անոր արշաւը դէպի ուրիշ քաղաքներ։ Արմէն Տիգրանեան իր փոքրիկ թատերախումբով սկսած է շրջիլ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Անդրկովկասի քաղաքներուն մէջ: «Անուշ» օփերան հիացումով ընդունուած է Երեւան, Մոսկուա, Թիֆլիզ, Պաքու: Նուագախումբի ամբողջական կազմով, արհեստավարժ կատարողներով «Անուշ»ը ներկայացուած է Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 50-ամեակին առթիւ՝ 1919 թուականին՝ Թիֆլիզի Արթիստական թատրոնին մէջ՝ կրկին Արմէն Տիգրանեանի ղեկավարութեամբ:

1939 թուականին ներկայացուած է Մոսկուայի մէջ՝ հայ արուեստի եւ գրականութեան տասնօրեակին: 

Հետզհետէ համահայկական հռչակ վայելող օփերան ներկայացուած է նաեւ սփիւռքի բազմաթիւ հայաշատ համայնքներուն մէջ եւ այդպէս հասած է նաեւ սփիւռքահայ հանդիսատեսին, որ նոյնպէս սիրած է ժողովրդական տօներու եւ ծէսերու վառ ու գունեղ տեսարաններով, քնարական երգերով, զուգերգներով ու խմբերգներով յագեցած այս ստեղծագործութիւնը։ Տիգրանեանի ստեղծած մեղեդիները տարածուած են եւ ըստ էութեան դարձած՝ ժողովրդական:

30 ապրիլ 1950 թուականին, Երեւանի մէջ բեմադրուած է «Անուշ»ի 400-րդ ներկայացումը, որուն մէջ առաջին անգամ ի յայտ եկած է Գոհար Գասպարեանի «Անուշ»ը՝ դառնալով չգերազանցուած գագաթ ու չափանիշ մը հայ օփերային արուեստին մէջ: Սարոյի դերերգը կատարած է Աւագ Պետրոսեան, որուն կատարած դերը երկար տարիներ չէ մոռցած հանդիսատեսը:

Ահա թէ ինչպէս կը յիշէ Գոհար Գասպարեան իր «Անուշը».

«Անուշ»ին հետ ծանօթացայ 1950-ին, երբ թատերական վարիչը՝ մեծատաղանդ խմբավար Միքայէլ Թաւրիզեանը առաջարկեց ուսումնասիրել զայն, եւ եթէ հաւնիմ, ապա մասնակցիմ նոր բեմադրութեան: Կը թուէր, թէ ատիկա պարզապէս փորձ մըն է, քանի որ Անուշի դերերգին բնոյթը եւ երաժշտական հնչիւններուն ոչ-այնքան բարձր դիրքը ո՛չ մէկ առընչութիւն ունէին այն ժամանակուան գեղգեղաձայնային երգացանկին հետ, մանաւանդ, որ հայկական դերերգերու իմ կատարումներուն հանդէպ տակաւին կանխակալ վերաբերմունք կար:

Անուշի դերերգին համար կը պահանջուէր սոփրանոյի ոչ-բնորոշ կրծքային հնչեղութիւն եւ լեցուն ու զօրեղ հնարաւորութիւն: Բայց զիս մտահոգողը այդ չէր: Այդ դժուարութիւնները կարելի էր յաղթահարել: Խնդիրը դերին խորքը, յուզականութիւնը, երաժշտութեան ոճին առանձնայատկութիւնները ընկալելու դժուարութիւնն էր... Որո՞նք են հայկական օփերային երգեցողութեան բաղկացուցիչները, ինչպէ՞ս է հայ բանահիւսական երգին առընչութիւնը երգարուեստի դասական օրէնքներուն հետ...

Հակառակ հազար ու մէկ մտահոգութիւններուս՝ ձեռնամուխ եղայ օփերային եւ դերերգին ուսումնասիրութեան... Եւ գլուխէս թռան տեսական կանոններուն մասին մտահոգութիւններս... Ես ցնցուած էի...

-Սիրելի՛ մաէսթրօ,- ըսի Թաւրիզեանին,- ես այս դերը չեմ կրնար երգել, կը յուզուիմ, նոյնիսկ կու լամ..

-Ես գիտէի, որ դերը պիտի սիրէք,- ըսաւ մաէսթրոն,- եւ հետզհետէ շատ աւելի պիտի սիրէք... Իսկ ինչ կը վերաբերի յուզուելուն ու լալուն, առաջին քանի մը ներկայացումէն ետք կ՚անցնի... կ՚ընտելանաք:

Սիրելի մաէսթրոն իրաւացի էր առաջին հարցին մէջ. ժամանակի ընթացքին աւելի սիրեցի դերերգը: Բայց ան սխալեցաւ երկրորդին մէջ... Ես երբեք չընտելացայ Անուշին: Որքան ալ երգեցի, ան միշտ յուզեց ու լացուց զիս... Քանի՜-քանի՜ դերերու ճակատագրերուն ընտելացայ, հաշտուեցայ, բայց Անուշին ճակատագիրը միշտ ալ վրդովեց ու փոթորկեց սիրտս ու հոգիս:

Զիս կը հետաքրքրէր ամէն ինչ, որ կապուած էր Անուշին հետ: Անյագօրէն կ՚ուսումնասիրէի Թումանեանի ստեղծագործութիւնը, դերի որոշ կատարումներ, քննախօսականներ: Յոյժ կը հետաքրքրուէի հայ ժողովուրդի մեծագոյն երգչուհիին՝ Հայկանոյշ Դանիէլեանին Անուշով, որ ինծի բախտ չէր վիճակուած լսել:

Լսեցի միայն քանի մը ձայնագրուած հատուածներ, զորս շատ հաւնեցայ:

Մեկնեցայ Լոռի... Հիացայ, զմայլեցայ եւ ապրեցայ այդ չքնաղ բնութեամբ... Երգեցի եւ ձայնիս արձագանգին մէջ լսեցի այդ խորհրդաւոր բնութեան անդրադարձը... Անուշը այստեղի զաւակն է, եւ անոր հոգիին մէջ այս աշխարհի անաղարտութիւնը, լոյսն ու պայծառութիւնը, ամօթխած մաքրութիւնն ու խոր տառապանքը կայ:

Ինքնամոռաց խորասուզուեցայ փորձերուն մէջ: Դերերգը պատրաստելուն ինծի կ՚օգնէր թատրոնի հմուտ դաշնակահարուհի Մարգարիտ Մելիք-Ստեփանեանը, որուն հետ, մէկ ամիս անց, ներկայացանք Թաւրիզեանին:

Մեծագոյն երջանկութիւն է արուեստագէտին կենսագրութեան մէջ՝ ժամանակին հանդիպիլ այն ուղեցոյց ուսուցիչներուն, որոնք կը կազմակերպեն արուեստագէտին մտածելակերպը, պարզութիւն ու լոյս կը սփռեն բազմաթիւ հարցերու վրայ եւ կը կանխորոշեն ապագադ: Ես ունեցած եմ հիանալի ուսուցիչներ, անոնցմէ ոմանք համաշխարհային յայտնի դէմքեր են, սակայն Թաւրիզեանին պարտական եմ երաժշտութեան մէջ կերպարի ոգին զգալու եւ հոգեվիճակը վերապրելու իմ կարողութեամբ։

«Անուշ»ի նիւթը Յովհաննէս Թումանեան առած է իրական կեանքէն։ Պատմութիւնը գիւղացի աղջկայ մը՝ Անուշի եւ հովիւ Սարոյի փոխադարձ սէրն է։ Բայց սիրահար զոյգի երջանկութիւնը կը խափանուի, երբ հարսնիքի մը ժամանակ, երբ հաւաքուած էր ողջ գիւղը, Սարոն, Անուշի եղբօր՝ Մոսիի հետ գիւղական խաղի՝ կոխի ժամանակ կը խախտէ աւանդոյթը եւ գետին կը տապալէ ընկերը։ Այդ աւանդոյթի խախտումը թշնամութիւն կը ստեղծէ ընկերներուն միջեւ, ողջ գիւղի առաջ ամօթահար եղած, խորապէս վիրաւորուած Մոսին կը հալածէ եւ վրէժ կը լուծէ Սարոյէն՝ սպաննելով զայն։ Իսկ Անուշը, որուն «չար բախտը», ժողովուրդի հաւատալիքներու համաձայն, իբր կանխորոշուած էր արդէն Համբարձման տօնի վիճակահանութեամբ, կ՚արտաքսուի հօրենական տունէն, կը խելագարուի տանջանքներէն եւ գետը կը նետուի։

«Անուշ» օփերան արդէն հատած է իր 100-ամեակը եւ այսօր Երեւանի Օփերայի եւ պալէի թատրոնի մշտական խաղացանկին մէջն է:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունուար 21, 2025