ԲԱԶՄԱԲԵՒԵՌ ԱՇԽԱՐՀԱԿԱՐԳԸ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Մօտեցող բազմաբեւեռ աշխարհակարգի իրողութիւնը արդէն կասկած չի յարուցեր՝ թէեւ իշխանական շրջանակներէն ներս անոր բովանդակութիւնը, ըստ էութեան, չ՚ընկալուիր։ Ի՞նչ կ՚ենթադրէ բազմաբեւեռ համակարգը, որո՞նք են աշխարհի նոր ճարտարապետութեան հիմնական յայտանիշները։ Դատելով վերջին շրջանի աշխարհաքաղաքական զարգացումներէն, - նկատի ունինք շուրջ երեք տարիէ ի վեր շարունակուող Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը, Արցախի հայութեան էթնիք զտումները, Սուրիայով սկսած Միջին Արեւելքի գործընթացները եւ այլն, - կարելի է եզրակացնել, որ կայսրութիւններու ժամանակները կը վերադառնան։
Յամենայնդէպս, կան բոլոր նախանշանները կանխատեսելու, որ աշխարհի ուժերը կը պատրաստուին վերադասաւորուելու, ձեւաւորելու իրենց խնդիրները եւ նոր հիմունքներով ու խաղի նոր կանոններով իրականացնելու հաւաքական կառավարում, ինչ որ կը նշանակէ համակեցութեան նոր պայմաններու սահմանում, պաշարամիջոցներու, ռազմավարական տարածքներու, շուկաներու, առեւտրային ուղիներու, հումքի նկատմամբ վերահսկողութեան հաստատման մրցակցութիւն։ Այն ինչ, որ այսօր կ՚ընէ Ռուսաստանը՝ Ուքրայնայի, ԱՄՆ-ը՝ Կրէօնլանտի, Չինաստանը՝ Խաղաղական ովկիանոսի, Թուրքիան՝ Սուրիոյ, Իսրայէլը՝ Պաղեստինի մէջ, նոր աշխարհակարգին ընդառաջ՝ նպաստաւոր հիմքերու ապահովման նախավարժանքներ են։
Փաստացի՝ մենք այժմ կը գտնուինք երկու աշխարհակարգերու միջակայքին, բայց, որեւէ մէկէն չենք կարողանար օգտուիլ, որովհետեւ հինը փլուզուած է, իսկ նորը դեռ չէ կազմաւորուած։ Այնպէս որ, ստիպուած ենք միառժամանակ մոռնալ սահմաններու անձեռնմխելիութեան եւ մարդու հիմնարար իրաւունքներու եւ ազատութիւններու սկզբունքներու, մէկ խօսքով՝ 1948 թուականէն ի վեր ձեւաւորուած երկբեւեռ ու միաբեւեռ աշխարհակարգի կանոններու մասին։ Ազգային պետութիւններու եւ, առհասարակ, ազգայինի ժամանակաշրջանը կ՚աւարտի՝ տեղը զիջելով կայսրութիւններուն ու կայսերական բարքերուն։ Լա՞ւ է սա, թէ վատ՝ թողնենք մասնագէտներու դատողութեան։
Բան մը, սակայն, հաստատ է՝ գործող վարչախումբը մնացած է հին աշխարհի մէջ, մոլորուած է ու չի հասկնար՝ ինչ կը կատարուի շուրջը։ Հայաստանը, ինչպէս կ՚ըսեն, պատերազմէ հինգ վայրկեան պակաս վիճակի մէջ է։ Իշխանութեան գործողութիւնները անհամարժէք են առկայ իրադրութեան։ Փաշինեան կը խուսանաւէ Ռուսաստանի եւ Եւրոմիութեան արանքին, օրուայ թելադրանքին համահունչ որեւէ բանի չի ձեռնարկեր, իսկ հեծանուավազքէ, միւս անպտուղ նախասիրութիւններէ ազատ ժամերուն Ալիեւի չաւարտող պահանջներու ու նախապայմաններու բաւարարման գործերով կը զբաղի։ Կողքին մեզի բարեկամաբար կը յիշեցնեն, որ Հայաստան չի կրնար միաժամանակ անդամակցիլ թէ՛ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) եւ թէ Եւրոմիութեան, որու հետ ապարդիւն անհեռանկար խաղեր կու տայ։ Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք մասնագիտականօրէն կը դիտարկէ Հայաստանի տնտեսութեան համար ԵԱՏՄ-ի հետ յարաբերութիւններու խզման հետեւանքները, որոնք աղէտալի են։ Նոյնիսկ ամերիկեան «Stratfor» վերլուծական կեդրոնի փորձագէտները հիմնաւորումներ կը բերեն, թէ «Թրամփի վարչակազմին համար առաջնահերթ են Ատրպէյճանի հետ սերտ կապերը՝ որպէս տեղական հակակշիռ Ռուսաստանի, Իրանի եւ Չինաստանի տարածաշրջանային ազդեցութեան»։
Փաշինեան անբացատրելի անգործութեան մը մատնուած է։ Քորոնաժահրով վարակուած ըլլալու կեղծ պատրուակով նոյնիսկ հրաժարեցաւ մասնակցելէ Եւրոասիոյ տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի դեկտեմբերի 26-ին տեղի ունեցած նիստին՝ հակառակ այդ միութեան շրջանային նախագահ երկրի ղեկավարի իր կարգավիճակին։ Ի դէպ, ԵԱՏՄ-ն, որու կազմին մէջ կը մտնեն Հայաստան, Ռուսաստան, Սպիտակ Ռուսիա, Ղազախիստան, Խրղըզիստան, հաստատուած է՝ իբրեւ բազմաբեւեռ աշխարհի կարեւոր մաս։ «Մեր միաւորումը հաստատուած է՝ որպէս ձեւաւորուող բազմաբեւեռ աշխարհի ինքնուրոյն եւ ինքնաբաւ կեդրոններէն մին», խորհուրդի նիստի բացման ժամանակ յայտարարած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին։
Ակնյայտ է, որ աշխարհակարգի հաստատումէն յետոյ, երբ պարզ դառնան «քարշող» առանցքային երկիրները, անոնց իսկ շահերուն շուրջ յառաջիկայ տարիներուն պիտի կառուցուի համաշխարհային ու տարածաշրջանային ապագան։ Այդ նախագծերէն դուրս մնացած երկիրները պիտի սպասարկեն միւսներու շահերը։ Մեր տարածաշրջանի բոլոր երկիրները՝ Թուրքիան, Իրանը, Ռուսաստանը, նոյնիսկ Ատրպէյճանը այժմէն սկսած են պայքարիլ նոր աշխարհի արեւուն տակ իրենց տեղի ու դերի համար եւ մեր ժամանակի ու տարածութեան մէջ այդտեղը պայքարողինն է։ Գիտակցիլ պէտք է՝ գոնէ այսքանը։
Խմբագրական՝ www.acnis.am-ի