Չորեքշաբթի 5, Փետրուար 2025
ՏԱՒՈՍԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Զուիցերիոյ մէջ, Տաւոսէ ներս կազմակերպուած Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի շրջանակներէն ներս, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ունեցան հանդիպում մը։ Կը հաղորդուի, որ Շոլց զրոյցի ընթացքին ընդգծեց, որ Պերլին կ՚աջակցի Հարաւային Կովկասէ ներս կայուն խաղաղութիւն ապահովելու ուղղեալ ջանքերուն։
Հարկ է յիշեցնել, որ ֆորումին կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
Չորեքշաբթի, Յունուար 22, 2025