ՕՐՕՐՈՑԸ

Որոշեցի անկեղծանալ անոր հետ, ինչքան ալ ամօթալի ըլլար այդ բանը…: Փոքր որոշումի մը հասած էի. եթէ կ՚ուզէի ամուսնանալ անոր հետ, ինչո՞ւ չպատմեմ անոր իմ պատմութիւնս Նատային հետ: Ճիշդ է, որ Նատային հետ կապս ամբողջութեամբ դեռ չէ վերջացած, սակայն, երկուքս ալ գիտենք, որ այն վերջացած է եւ այդ պատմութենէն մնացած է միայն զայն գերեզման փոխադրել՝ կտրուկ խօսքով մը, որ ես կամ ինք ըսէ…: Այս բոլորը յիմարութիւն չէ, խնդիր մը քաշքշել չէ, որու կարիքը ես չունիմ, ինչպէս իմաստուն ընկեր մը ըսաւ… Անկարելի է, որ մէկը կարենայ պատկերացնել, թէ ինչ կրնայ պատահիլ, եթէ Նատային հետ ունեցած պատմութիւնս Ղէյտային ականջին հասնի ուրիշի մը լեզուով եւ ո՛չ թէ իմ լեզուովս… «Մրջիւնը փիղի պիտի վերածէ… ես գիտեմ զինք», այսպէս ըսի ընկերոջս, «դուն չես գիտեր, թէ մարդիկ պատմութիւնները ինչպէս կը փոխանցեն…, եւ չես գիտեր նաեւ, թէ Ղէյտան ինչպէս կը հասկնայ պատմութիւնները…»:

Յետոյ, ինչո՞ւ չանկեղծանամ անոր հետ: Արդեօք կը պատկերացնէ՞, որ մինչեւ իրեն հանդիպիլիս կեանքս անցուցած եմ հրեշտակի մը նման՝ առաքինութեան ճերմակ հագուստին ետեւը: Մեզմէ իւրաքանչիւրս կեանքին մէջ իր փորձառութիւնը ունի…, ուրեմն ինչո՞ւ չանկեղծանամ անոր հետ: Ինչո՞ւ չըսեմ անոր, թէ կը սիրէի զինք, սակայն ետքէն վերջացաւ այդ եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ խորունկ ճակատագիրը գտաւ: Ընդակառակը, ես կը կարծեմ, որ ան ուրիշ շատ մը փաստեր պիտի գտնէ՝ զինք սիրելուս կապակցութեամբ եւ պիտի գիտակցի, թէ ընտրութիւնս իրեն՝ առիթ մը չէր, որ պատահականաբար ճամբուս վրայ յայնուեցաւ…: Յետոյ, երբ իմանայ նաեւ, որ իրեն համար ուրիշ կին մը ձգեցի, յետոյ խոստովանեցայ անոր…

Ո՛չ, ո՛չ, անպայման պէտք է անկեղծանամ անոր հետ. թերեւս օգուտ մը չունենայ այդ, միաժամանակ սակայն, չի՛ կրնար ալ նաեւ կորուստ համարուիլ… Ի վերջոյ, իր իրաւունքը չէ՞, որ իմ մասիս ամէն ինչ գիտնայ, նախքան մեր ձեռքերուն իրարու միանալը՝ միասին ընթանալու համար:

-Դուն այսպէս կը վարուիս, երբ կ՚ուզես բան մը ընել…

-Ինչպէ՞ս կը վարուիմ:

-Գլուխդ կոպտութեամբ կը շարժես, կարծես վրայէն բան մը կը թօթուես, կամ բան մը կ՚ամրացնես… Ի՞նչ ունիս այսօր:

Այս արարածը ամէն ինչ կը նկատէ…, այդ պատճառով ալ կը դիւրացնէ, որ որեւէ մէկ բան ըսեմ անոր…: Ան կը կարդայ շարժումներս եւ իրականութեան մէջ այս լաւ բան մըն է: Մեծ նստարանին վրայ նստած էր, որ կը քնանար ծեր սոճիին տակ: Այստեղ էր առաջին հանդիումը…: Ատկէ ետք միշտ այստեղ կու գային, առանց զայն ռոմանթիք բանի մը վերածելու…

-Դուն իրաւացի ես… Կ՚ուզեմ հարցի մը մասին անկեղծութեամբ խօսիլ քեզի հետ:

Ձեռնոցները ծալեց, կարծէք պատրաստուէր հեռանալու, ապա իր սեւ ու լայն աչքերը բարձրացուց եւ ուղիղ աչքերուս նայեցաւ, ուշադրութեամբ զննեց զայն, մինչ ես ինքզինքս զբաղցուցի մատներովս նստարանին ետեւի մասի փոշին սրբելով…:

-Դուն գիտես, կան բաներ, որ պէտք է անոնց մասին անկեղծ ըլլանք իրարու հետ:

-Անշուշտ:

Ամփոփ կերպով ըսաւ, եւ շարունակեց սպասել…

-Նախքան քեզ ճանչնալս, կապի մէջ էի մէկու մը հետ, որու անունը Նատա էր…

-Կը սիրէի՞ր զինք:

-Այո՛, բայց դադրած եմ սիրելէ զինք…

Ձեռնոցները դարձեալ իր սեւ պայուսակին վրայ դրաւ, ու ըսաւ.

-Դադրա՞ծ ես սիրելէ զինք: Ինչպէ՞ս: Պահարանին մէջ անոր դարա՞կը փակեցիր:

-Ի՞նչ պահարան:

-Սիրտդ… Ինծի թուեցաւ, թէ անոր մէջ խումբ մը դարակներ ունիս եւ ըստ կամքիդ մէկը կը բանաս, ուրիշ մը կը գոցես…

Իրականութեան մէջ, չէի կարծեր, որ այս ուղղութեամբ ընթանար մեր զրոյցը եւ, այսպէս, յանկարծ զիս շփոթած գտայ…

-Ղէյտա, բաւարար է ծաղրես, դուն չես կարծեր, որ ճերմակ էջ մըն եմ, ով իր կեանքը անցուցած է սպասելով…

-Անշուշտ, ո՛չ, կը հասկնամ, որ արժանի չեմ սպասումիդ… Պատիւ ըրիր ինծի ճերմակ էջիդ վերջին տողը…, այդպէս չէ՞:

Ինչպէ՞ս կարելի է հիմա այս խնդիրը շարժել այս զարմանլի ճամբայէն: Որոշ ժամանակ մը լուռ ու մտածելով անցուցի, ապա սկիզբի կէտին վերադարձայ:

-Կը խօսէի աղջկան մը մասին, որ անցեալին ճանչցած եմ, անունը Նատա…

-Գեղեցի՞կ էր:

-Ո՛չ… Քիչ մը… Այո… գեղեցիկ էր…:

-Ինչո՞ւ միայն հիմա յիշեցիր զինք:

-Ըսի քեզի, որ կ՚ուզեմ որոշ բաներ յստակեցնել:

-Դուն կը վախնաս, որ այդ մասին ուրիշէ մը լսեմ, այդպէս չէ՞:

-Այո՛, այդ պատճառով ալ կ՚ուզեմ անկեղծանալ քեզի հետ…

Ձեռնոցները ծալեց, ապա պայուսակը բացաւ՝ այնտեղ նետեց զանոնք եւ կոպտութեամբ գոցեց պայուսակը:

-Կ՚ուզես չորս կողմս եղող միւս բոլոր ճամբաները փակե՞լ:

-Ի՞նչ ճամբաներու մասին կը խօսիս: Յիմար մի՛ ըլլար… Ես չեմ ուզեր, որ բարկանաս այն պատճառով, որ ուրիշ մը եղծեց պատմութիւն, կամ խաբէ քեզ…:

Հանգիստ կերպով նայեցաւ ինծի, սակայն իր աչքերուն խորունկ յեղափոխութիւնը կը նկատէի…

-Կ՚ուզես, որ պատմութիւնը դուն պատմես…, եւ հերոսը շա՜տ խեղճ պիտի երեւի… Կը կարծեմ, որ պիտի ըսես. իր ուռկանը նետեց վրաս եւ զիս իր ետեւէն քաշեց: 

Ի զուր, պէտք չէր այս խօսակցութիւնը սկսէի… Ինչպէս կրնամ բուն նիւթին հասնիլ, առանց որ ընդմիջէ զիս: Մօտեցայ անոր եւ ձեռքս անոր ետեւը՝ նստարանին վրայ դրի:

-Ղէյտա, փորձէ հասկնալ, ես Նատայի հետ կապ ունէի եւ հիմա այդ կապը վերջացած է… Ա՛յս էր, որ սկիզբէն ուզեցի ըսել քեզի:

Քիչ մը հեռացաւ եւ գլուխը ետեւ տարաւ:

-Ինչո՞ւ համար կ՚ըսես ինծի:

-Որովհետեւ պէտք է գիտնաս…

-Իրեն ըսի՞ր:

-Ո՛չ…:

Գլուխը շարժեց, գետին նայեցաւ, կարծեցի, թէ պիտի սկսի լալ…:

-Ո՛չ, չեմ ըսած, բայց ան գիտէ…:

-Ինչպէ՞ս:

-Չեմ գիտեր: Ինծի կը թուի, թէ ան գիտէ…

Ծաղրական շշուկ մը հանեց, մատներով իր մազերը վերցուց եւ սառնութեամբ հարցուց.

-Ա՞յս է պատմութիւնը:

Համաձայնութեան որպէս նշան՝ գլուխս շարժեցի, աւելցուց.

-Կը նշանակէ, եթէ օրին մէկը ձեզ միասին տեսնեմ, պէտք է ինքզինքիս ըսեմ. բան մը չկայ եւ կարեւոր ալ չէ այս…, դադրած է զինք սիրելէ… այս չէ՞, որ կ՚ուզես:

-Ո՛չ, այդ չէ, որ կ՚ուզեմ: Ուզածս այն է, որ ան որ այս պատմութեան մասին խօսի քեզի, ըսես անոր. քու գործդ չէ՛, ես ամէն ինչ գիտեմ…:

-Սակայն, ես ամէն ինչ չեմ գիտեր, այդպէս չէ՞: Դուն ինծի չըսիր քանի՞ անգամ համբուրեցիր զինք եւ ինչպէ՞ս: Քանի՞ անգամ ըսիր անոր, թէ կը սիրես զինք: Տեսնես անո՞ր ալ կը համբուրէիր՝ ինչպէս զիս կը համբուրես. բութ մատով աչքս կը գոցես, մինչ միւս մատներդ մազերուս մէջ կը մխրճես, ականջիս մօտ…:

-Ղէյտա:

Կանգնեցաւ՝ պայուսակը շալկեց: Իր բարկութիւնը խենթանալիք էր:

-Ես ո՛չինչ գիտեմ: Ո՜վ գիտէ, անոր չե՞ս ըսած, թէ ուրիշի մը հետ կապի մէջ եմ…, այո՛, ուրիշի մը հետ…, սակայն կարեւոր կապ մը չէ:

Հարցը գագաթնակէտին հասաւ, յուսահատօրէն թուլցայ եւ աչքերս գոցեցի: Երկու քայլ քալեց, ապա վերադառնալով դէմս կանգնեցաւ, ըսելով.

-Խնդրեմ դուն քեզ ձիաւոր մը մի՛ կարծեր, որ աղջիկները անոր ոտքերուն առջեւ կը նետուին… Դուն պարզապէս ստախօս ճերմակ թուղթ մըն ես… Դուն ստախօս մըն ես…:

Լսեցի անոր ջղայնոտ քայլերը, որոնք կը հեռանային, մինչ աչքերս գոց կը մնային…:

***

Նատային հետ հարցը աւելի դիւրին պիտի ըլլայ եւ եթէ անոր հետ ամէն ինչ վերջանայ, ապա դիւրին պիտի ըլլայ Ղէյտան կրկին անգամ սիրաշահիլ…: Այս մէկը սպաննող տկար կէտս էր՝ Նատային հետ ամէն ինչ չվերջացուցած՝ Ղէյտային հետ անկեղծանալս… Ինչո՞ւ նախ Նատային հետ ամէն ինչ չվերջացուցի. նուազագոյնը, Նատան թոյլ կու տայ, որ մարդ իր միտքին մէջ եղածը ամբողջութեամբ ըսէ՝ նախքան միջամտելը եւ այնպէս կ՚ընէ, որ ըսես այն՝ ինչ որ ինք կ՚ուզէ…:

-Ո՜վ չարաճճի, վերադարձա՞ր: Չէի՞ ըսած քեզի, որ գործի տեղս չգաս: Ի՞նչ եղաւ քեզի, կարօտը խեղդե՞ց քեզ:

Ինքզինքս զբաղցուցի իր առջեւ փռուած կտոր մը շօշափելով եւ շշնջացի.

-Նատա…, ըսելիք մը ունիմ:

-Քեզի համար աթոռ մը պիտի չբերեմ, խանութին մէջ պէտք է ոտքի մնաս, այդպէս չե՞մ ըսած քեզի…, ինչո՞ւ մելամաղձոտ կ՚երեւիս:

-Հիմա ըսել ուզածիս պատճառով…:

Ծիծաղեցաւ եւ իր աչքին մէկ ծայրով նայեցաւ ինծի, մինչ իր ձեռքին եղած տախտակին կը փաթթէր կտորը:

-Մի՛ ստեր… Դուն մելամաղձոտ ես, որովհետեւ մեր վերջին ժամադրութեան չեկայ… Հաւատա՛ ինծի, շա՜տ զբաղած էի…:

-Նատա, ես կը պատրաստուիմ ամուսնանալու...:

Յանկարծ, աչքերս վերցուցի, ամբողջ ուժս հաւաքեցի, որպէսզի ուղիղ իրեն նայիմ, սակայն ան շարունակեց կտորը փաթթել եւ խամրեցուց իր ծիծաղը:

-Այդ բոլորով հանդերձ, նախանձս պիտի չշարժես… Ուրիշ սուտ մը փնտռէ:

-Նատա, ես չեմ փորձեր նախանձդ շարժել, ես իրապէս կը պատրաստուիմ ամուսնանալու…:

Կտորի տրցակը շալկեց՝ իր տեղը դրաւ, ապա վերադարձաւ, մեր միջեւ եղող պատուարին վրայ կռթնեցաւ եւ նայեցաւ ինծի.

-Եւ ի՞նչ է հարսին անունը:

-Ղէյտա…

Ան պչրասիրաբար իր ձեռքերը զարկաւ ազդրերուն եւ դանդաղօրէն շարժեց իր գլուխը.

-Ո՜վ սիրելիս, գլուխդ ուրիշ բան չբուժեց բացի այդ բանաստեղծական անունէն: Դուն միշտ պզտիկ փոսի մը մէջ կ՚իյնաս…: Ինչո՞ւ, օրինակ, Լէյլա չըսիր, կամ Զենապ…: Չես կարծեր որ աւելի տրամաբանական անուն է:

-Նատա…, ես կը սիրեմ զինք…:

-Օ՜ֆ, սիրելիս, օ՜ֆ… Պարզապէս որովհետեւ մէկ ժամադրութեան չեկայ, այսպէս կը պախարակես զիս: Ինչո՞ւ չես դադրիր խաղալէ:

Ո՛չ, ո՛չ, կարելի չէ որ ասիկա շարունակուի: Մօտեցայ պատուարին եւ անոր ձեռքերէն բռնեցի…

-Ես չեմ խաղար… Ես կը սիրեմ մէկը, որու անունը Ղէյտա է եւ կ՚ուզեմ անոր հետ ամուսնանալ…:

-Ինչո՞ւ այդ բանը ինծի կ՚ըսես, իրեն ըսէ՛…:

Շփոթեցաւ եւ սկսայ ուրիշ սկզբնակէտ մը փնտռել, մինչ ան փոքր ծիծաղ մը արձակեց, իր ձեռքերը քաշեց ափերէս եւ կտորներու դարակին կռթնեցաւ:

-Երեւակայութիւնդ միշտ կարճ է… Ե՞րբ կ՚ուզես որ տեսնեմ քեզ:

-Չե՛մ ուզեր քեզ տեսնել: Կ՚ուզեմ ամուսնանալ:

Ձեռքերը ծալեց լուրծքին վրայ եւ շարունակեց ծիծաղիլ:

-Ամուսնացի՛ր, չես տեսներ որ զօրաւոր եմ եւ այս տեսակի սուտեր չե՛ն կրնար նախանձս շարժել: Ո՞վ սորվեցուց քեզի, ո՜վ չարաճճի, որ սիրոյ հասնիս նախանձի միջոցով:

-Ո՛չ ոք: Ո՛չ ոք սորվեցուց ինծի: Ինչպէ՞ս կրնամ համոզել քեզ, ինչպէ՞ս:

Դարձեալ պատուարին մօտեցաւ եւ ցաւողի դերին մէջ մտաւ.

-Օ՜ֆ, ո՜վ սիրելի, նախանձէն պիտի մեռնիմ, իսկ դուն վարպետ դերասան մըն ես: Պատիւովս երդում կ՚ընեմ, ո՜վ սիրելի, ժամադրութեանդ օրը զբաղած էի…, ինչո՞ւ չես հաւատար ինծի:

Այլեւս չկրցայ զսպել բարկութիւնս ու պայթեցայ.

-Դուն ինչո՞ւ չես հաւատար:

-Ե՞ս: Ես ամբողջութեամբ կը հաւատամ քեզի:

Իր մատներով վերի կողմէն ափս շոյեց, գլուխը կախեց կուրծքին, ապա պչրասիրաբար աչքերը բարձրացուց, եւ.

-Հաւատացի՞ր: Շատ բարի… ե՞րբ կ՚ուզես որ տեսնեմ քեզ, ո՜վ սիրահար: 

«12-րդ անկողինին մահը»

Պէյրութ, 1961

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Յունուար 22, 2025