ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԻՒՆ

Երրորդ հարցը, որ ամբողջ սփիւռքը կը հետաքրքրէ, հետեւեալն է. «Ինչպէ՞ս կարելի է սփիւռքի կառոյցները իրենց օրակարգերով, կանոնագրութիւններով, գործելակերպերով ու մտածելակերպերով դարձնել աւելի ուժական, այժմէական ու հաղորդական»։ Սփիւռքի մէջ գործող կառոյցները զօրացնելու եւ անոնց գործելակերպն ու մտածելակերպը աւելի դրական ու ուժական դարձնելու համար, նախ եւ առաջ կարիքը կայ համոզումներու փոփոխութեան. իւրաքանչիւր կառոյց պէտք է համոզուի, որ իր առաքելութեան հիմնական նպատակը գործող այլ կազմակերպութեան մը հետ մրցակցիլ չէ. ո՛չ ալ աթոռակռիւ է, որովհետեւ գրեթէ ամէ՛ն գաղութի մէջ գոյութիւն ունին անձեր, որոնք իրենց եսը աւելի բարձր կը նկատեն, քան գաղութին ու ազգին շահերը եւ ամէն գնով կ՚ուզեն աթոռի մը, պաշտօնի մը տէր ըլլալ՝ նոյնիսկ առանց նուազագոյն ձեռքբերումներու: 

Կառոյցներու աշխատանքը լաւացնելու համար նախ պէտք է վերատեսութեան ենթարկել անոնց գլուխ գտնուողները. այսօր կան անձեր, որոնք իրենց երիտասարդութենէն մինչեւ ծերութիւն կառոյցի մը աթոռին վրայ նստած կ՚ուզեն այդտեղ ալ մահանալ. պէտք է յստակ ըլլայ, որ կազմակերպութիւններ նման անձերու սեփականութիւնը չէ՝ ինչքան երկար տարիներ այդ աթոռներէն դուրս եկած չըլլան. պէտք է յստակ ըլլայ, որ կառոյցներու հիմնական սեփականատէրը ժողովուրդը ի՛նք է եւ ո՛չ թէ պաշտօն զբաղեցնողները, այնպէս, ինչպէս երկիրի մը տէրը ժողովուրդն է եւ ո՛չ պետական պաշտօնեաները: Հետեւաբար, այդ կառոյցները առաջին հերթին այդ ժողովուրդին շահերը պարտին ապահովել եւ յետոյ սեփական հաշիւներու միջամուխ ըլլան: Այսօր ո՛չ կաթողիկոսութիւնը կաթողիկոսներու սեփականութիւնն է եւ ո՛չ ալ կուսակցութիւնները զանոնք կառավարողներուն սեփականութիւնն է. այսօր շատ մը ղեկավարներ կը կարծեն իրենց այս կամ այն որոշումով «բարիք» մը կատարած կ՚ըլլան, սակայն, իրենք որպէս պաշտօնեայ իրենց առաքելութիւնն ու պարտականութիւնն է, որ կ՚ընեն, հետեւաբար, երբեք շնորհակալութեան ակնկալիք չունենան: Անձերն ու անոնց պարտաւորութիւնները ճշդելէ ետք կարեւոր է հետաքրքրուիլ օրակարգով. այսօր ի սփիւռս աշխարհի գրեթէ ամէ՛ն գաղութի մէջ շաբաթը նուազագոյնը մի քանի տասնեակ ժողովներ տեղի կ՚ունենան, սակայն հակառակ այդ բազմաթիւ ժողովներուն գաղութին մէջ դրական ո՛չ մէկ բան կը նկատուի. բարեբախտաբար թէ դժբախտաբար չեմ գիտեր, սակայն վկայ եմ, թէ նման ժողովներու օրակարգը ընդհանրապէս կ՚ըլլայ նիւթական հաշուետուութիւնը։ Կուսակցութիւններ, կազմակերպութիւններ, մինչեւ իսկ եկեղեցւոյ թաղականութիւններ իրենց օրակարգի հիմնական նիւթը կը դարձնեն դրամը. նման օրակարգով կարելի պիտի չըլլայ բժշկել հիւանդ սփիւռքը, որովհետեւ, այո՛, դրամը իր կարեւոր տեղը ունի որոշ առաքելութիւններ ձեռք բերելու համար, սակայն միջոց է եւ ո՛չ նպատակ եւ հետեւաբար մեր օրակարգը պէտք է ըլլայ մտածել նպատակին մասին եւ այս պարագային նպատակը վստահաբար մեր ժողովուրդի բարօրութիւնն է: Արամ Ա. Կաթողիկոս կը գործածէ «այժմէական» բառը. իսկական այժմէականութիւն եթէ կ՚ուզենք, պէտք է առիթ տանք երիտասարդութեան։ Այսօր մեր գաղութներուն մէջ կան մի քանի տասնեակ տարիներ պաշտօնի վրայ գտնուող մարդիկ, որոնք իրենց պաշտօնները կը շահագործեն ապահով աշխատավարձ մը ստանալու համար. մարդկային կեանքի մէջ կը ձախողի այն ընկերութիւնը, որ իր ապագան մոռնալով միայն ու միայն ներկային մասին կը մտածէ: Բնական է, որ եթէ մեր այսօրը վիրաւոր է, մեծ հաւանականութեամբ վիրաւոր ըլլայ նաեւ ապագան. ներկան փրկելով այսօրուան ղեկավարութիւնը պէտք է զբաղի, սակայն ապագան փրկելու համար ազգը ամբողջ՝ պատրաստելով երիտասարդութիւն, որ գիտէ, թէ ի՛նչը առաջնահերթ է իրեն համար եւ ինչը ոչ։ Այսօր մեր գաղութները կ՚առաջնորդուին «հին ուղեղ»ներով եւ այժմէականացնելու համար անհրաժեշտ են նորերը. այժմէականութիւնն ալ իր կարեւորութիւնը ունի, որովհետեւ նոր սերունդը «հին ուղեղ»ներէն հեռու պիտի ուզէ մնալ եւ այդ անձերէն հեռանալու սիրոյն պիտի հեռանայ նաեւ իր ազգային ու գաղութային կեանքէն եւ իր հետաքրքրութիւնները փնտռէ օտարութեան մէջ: Այժմէականութիւնը ինքնաբերաբար իր հետ պիտի բերէ նաեւ հաղորդականութիւն. այսօր պէտք է օրինակ վերցնենք մեր ազգին մէջ բոյն դրած աղանդաւորական շարժումներէն, որոնք լաւապէս գիտեն ինչպէ՛ս մարդ որսալ եւ որսալէ ետք ինչպէս այդ մարդը պահել իրենց շրջանակէն ներս. մենք մեր բոլոր գործունէութիւնները մեր եսին շուրջ կը ծրագրենք, սակայն անոնք լաւապէս գիտեն ինչպէս վարուին անձին հետ, որպէսզի մարդ ինքզինք շոյուած ու կարեւոր զգայ: 

Այս բոլորը ի գործ դնելու համար պէտք է նախ գլուխները փոխել, ինչ որ այդքան ալ դիւրին բան չէ, որովհետեւ իւրաքանչիւր ղեկավար ինքզինք անփոխարինելի եւ անսխալական կը նկատէ եւ այնքան ժամանակ, երբ այս մտածումը չփոխուի, պիտի չփոխուի նաեւ միւս երեւոյթները, որոնց փոփոխութիւնը անհրաժեշտ կը նկատենք:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում.- Ներկա՞ն պէտք է կարեւորել, թէ ապագան:

Պատասխան. Ներկայի եւ ապագայի կարեւորութիւնը կախեալ է հեռանկարներէն: Ներկան մարդու համար կարեւոր է, որովհետեւ ներկայի մէջ մենք կրնանք գործողութիւններ ընել, որոշումներ կայացնել եւ շատ անգամ ներկայի մէջ ապրիլը մարդուն կու տայ բաւարարութեան զգացում: Իսկ ապագան մեր ներկայի գործողութիւններուն արդիւնքն է: Պէտք է հաւասարակշռել ներկան եւ ապագան, որովհետեւ թէ՛ կարեւոր է այսօրը վայելել եւ թէ կարեւոր է ապագան կառուցել: Մարդու համար երկուքն ալ կարեւոր են, սակայն կախեալ է մարդու առաջնահերթութիւններէն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունուար 22, 2025