ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց միջեկեղեցական աղօթքի, որ կազմակերպուած էր Քրիստոնէից միութեան շաբթուան ծիրէն ներս։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցան քաղաքիս Լատին կաթոլիկ համայնքի վիճակաւոր Մոնս. Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ, Ասորի կաթոլիկ պատրիարքական փոխանորդ Մոնս. Օրհան Չանլը, Կաթողիկէ հայոց պատրիարքական կառավարիչ Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, ինչպէս նաեւ յունաց պատրիարքարանէն եւ այլ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խօսեցաւ քարոզ մը։

Հարկ է նշել, որ ներկայ տարին կը զուգադիպի Նիկիոյ Տիեզերական առաջին ժողովի 1700-ամեակին, ուստի, միջեկեղեցական այս տարեկան արարողութիւնները կ՚իրականանան արտասովոր շուքով։

Հինգշաբթի, Յունուար 23, 2025