«ՖՈՏՈԼՈՒՐ» ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՂԹԵՑ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻ ՄԷՋ
Հայաստանի դատական իշխանութիւնները արձակեցին ուշագրաւ դատավճիռ մը, որ կարեւոր նշանակութիւն ունի զանգուածային լրատուութեան միջոցներու աշխարհէն ներս հեղինակային իրաւունքներու հարցերուն հետ։ Այսպէս, Երեւանի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան քաղաքացիական դատարանը վերջին օրերուն որոշեց, որ «Սկիզբ մետիա կեդրոն» ընկերութիւնը՝ «1in.am» կայքը խախտած է «Ֆոտոլուր» լրատուական գործակալութեան իրաւունքները։ Սոյն կայքէջը «Ֆոտոլուր»ի լուսանկարները օգտագործած է իր նիւթերուն մէջ՝ առանց համապատասխան իրաւունքի կամ վճարումի։ Գործակալութիւնը տակաւին անցեալ տարուայ յուլիսին դատի տուած էր «Սկիզբ մետիա կեդրոն»ը, պահանջելով դադրեցնել հեղինակային իրաւունքի առարկաներու օգտագործումը, նաեւ պահանջած էր հատուցում խախտումներուն համար։
Դատարանը քննած է դիմումը ու վճռած է, որ «Սկիզբ մետիա կեդրոն»էն «Ֆոտոլուր»ի համար պէտք է բռնագանձուի 2 միլիոն 400 հազար հայկական դրամ։
«Ֆոտոլուր» գործակալութեան տնօրէն Մելիք Պաղտասարեան այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Հայաստանի մէջ լուսանկարներու օգտագործման մշակոյթը շատ ցած է։ Ով ինչ ուզէ, ուրկէ ուզէ՝ կ՚օգտագործէ։ Մենք հետեւեցանք եւ տեսանք բազմաթիւ լրատուամիջոցներ, որոնք ո՛չ միայն մեզմէ, այլեւ՝ որմէ ըսես լուսանկար կը վերցնեն՝ խախտելով հեղինակային իրաւունքը։ Մեր փաստաբանը քանի մը անգամ զգուշացուցած էր դադրեցնել այդ գործադրութիւնը, բայց, բանի տեղ չդրին ու մինչեւ հիմա ալ կ՚օգտագործեն մեր լուսանկարները՝ չունենալով այդ իրաւունքը։ Սա պէտք է նախադէպ ըլլայ, որպէսզի միւս լրատուամիջոցները առանց իրաւունքի չօգտագործեն»։
Միւս կողմէ, Երեւանի Երուանդ Քոչարի թանգարանը, այլ գործընկեր կառոյցներու առընթեր, երէկ շնորհակալագիր մը յանձնեց «Ֆոտոլուր» գործակալութեան։ Երուանդ Քոչարի ծննդեան 125-ամեակի ծիրէն ներս կազմակերպուած յոբելենական ձեռնարկներու ծանօթացման բերուած աջակցութեան համար յանձնուեցան այս շնորհակալագրերը։ Մելիք Պաղտասարեան «Ֆոտոլուր»ի շնորհակալագիրը ստացաւ՝ թանգարանի տնօրէնուհի Կարինէ Քոչարի ձեռամբ։