«ԵՍ Կ՚ԱՇԽԱՏԻՄ ԱՆՄԵՂ ՀՈԳԻՆԵՐՈՒ ՀԵՏ»

Անահիտ Սուլթանեան ծնած է Հայաստան: Ամուսինը երկար ժամանակէ ի վեր արդէն հաստատուած է Ալմաթը, Ղազախիստան: Անահիտը լեզուաբան է, անոր կեանքի կոչումն է մանկավարժութիւնը: Երեսուն տարի եղած է Արտաշատ քաղաքի աւագ դպրոցի տնօրէն: «Եթէ նորէն աշխարհ գամ, դարձեալ կ՚ուզեմ մանկավարժ ըլլալ», ըսաւ Անահիտ մեղմ ժպիտով մը:

Անահիտ ներկայիս կ՚ապրի Ալմաթի եւ կիրակի օրերը հայ մանուկներուն ու պատանիներու կը սորվեցնէ հայերէն՝ այս գործը նկատելով առաքելութիւն եւ կամաւորաբար կատարելով զայն: Ամէն կիրակի հայ պատանիներ կը հաւաքուին հայկական կեդրոնին մէջ եւ հայերէն կը սորվին: «Ես կ՚աշխատիմ անմեղ հոգիներու հետ», ըսաւ Անահիտ:

Ալմաթի, Ղազախիստան, նոյեմբեր 2024:

Ղազախիստան Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներէն մին է, որ մաս կը կազմէր Խորհրդային Միութեան համակարգին: Ղազախիստան, ինչպէս՝ մնացեալ խորհրդային համակարգի երկիրները, ստացաւ իր անկախութիւնը 1991-ին, երբ Խորհրդային Միութիւնը փուլ եկաւ: Ղազախիստան լեռնային երկիր մըն է եւ Ալմաթին շրջապատուած է գեղեցիկ լեռներով, որոնք քաղաքին ու երկրին կու տան յատուկ գեղեցկութիւն եւ ջերմութիւն: Ռուսերէնը խօսակցական լեզուն է, բայց ժողովուրդը ունի նաեւ իր մայրենին՝ ղազախերէնը: Երկիրը օժտուած է բնական հարստութեամբ, ինչպէս՝ քարիւղ, ինչ որ կ՚արժեւորէ զայն իր աշխարհաքաղաքական դիրքին մէջ:

Թէեւ աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուէի Ղազախիստան, բայց ինծի համար նոր երկիր մըն էր, ուստի չէի գիտեր, թէ ի՛նչ կրնայի ակնկալել: Այս չգիտնալուն մէջ կար նաեւ հայկական իրականութիւնը, որուն ուզեցի հանդիպիլ եւ ծանօթանալ:

Ղազախիստանի մէջ այսօր կ՚ապրին մօտաւորապէս 10 հազար հայեր: Մայրաքաղաք Ալմաթիի մէջ կան մօտաւորապէս 5 հազար հայեր: Գաղութը ունի հայկական մշակութային կեդրոն մը, որուն յարակից կայ փոքր եկեղեցի-մատուռ մը: Մշակութային կեդրոնը կը գործածուի գաղութի գործունէութիւններու համար: Հայ գաղութի անդամներուն կարեւոր տոկոսը Ղազախիստան հաստատուած են Խորհրդային Միութեան օրերուն: Փոքր թիւ մըն ալ Ղազախիստան եկած է Հայաստանի անկախութենէն ետք:

«Գաղութը հայախօս չէ, մանաւանդ՝ նոր սերունդը, որ հայերէն չի խօսիր։ Բայց ազգային ինքնութիւնը շատ զօրաւոր է անոնց մէջ», Տաթեւիկ Մըխըեանն է խօսողը: Տաթեւիկը ծնած է Երեւան, արդէն 25 տարիէ ի վեր Ալմաթի կ՚ապրի: Ան ներկայիս Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակի ներկայացուցիչն է Ղազախիստանի մէջ: Տաթեւիկը պարուսոյց է եւ հայ պատանի-երիտասարդներու կը սորվեցնէ հայկական պար: Պարի բոլոր փորձերը եւ վարժութիւնները տեղի կ՚ունենան հայ մշակութային կեդրոնին մէջ: Տաթեւիկի հայրը՝ Աւետիս Մըխըեան, եղած է Հայաստանի պարի պետական անսամպլի պարողներէն: «Ամէն տարի ելոյթներ կ՚ունենանք եւ Ղազախիստանի ժողովուրդին կ՚ուզենք ներկայացնել ու ծանօթացնել հայ մշակոյթը», ըսաւ Տաթեւիկ:

Տաթեւիկ չի յոգնիր հայ անմեղ հոգիներուն մէջ հայուն մշակութային արժէքները վառ պահելէ:

Հայկական փոքր եկեղեցի-մատուռը նոյնպէս վկայութիւնն է այս քաղաքին մէջ հայուն ներկայութեան: Եկեղեցին չունի կղերական, բայց Լեւոն Պետրոսեան ստանձնած է հոգեւոր առաջնորդութիւնը: Լեւոնը ծնած է Աբովեան քաղաքի մէջ եւ 22 տարիներէ արդէն հաստատուած է Ալմաթի: «Չորս տարի առաջ սկսանք աղօթք-հոգեւոր խորհրդածութիւն կատարել ամէն կիրակի առաւօտ», ըսաւ Լեւոն:

Հայկական եկեղեցին հիմնուած է 2003 թուականին, բայց չէ կրցած մնայուն հոգեւոր հովիւ մը ունենալ: «2020-էն սկսեալ ամէն կիրակի աղօթք կը կատարենք եկեղեցւոյ մէջ։ Եթէ մեր կեանքին մէջ ունինք Քրիստոսի հիմքը, մենք՝ իբրեւ ազգ, կը գոյատեւենք՝ անկախ մեր դիմագրաւած բոլոր փոթորիկներէն», յայտնեց Լեւոն: Անոր համար քրիստոնէական հաւատքը սրբութիւն է, բայց նոյնքան ալ ամուր վահան՝ տոկալու եւ հաստատ պահելու հայուն կեանքը:

Բայց հայը իր սրտին մէջ նաեւ նոյնքան սեղմած է հայրենիքի կարօտը:

Գուրգէնը եկած է Իջեւանէն եւ արդէն երեք տարիէ ի վեր Ալմաթի կ՚ապրի: «Երբ Ալմաթիի լեռներուն կը նայիմ, Արարատն է, որ կը տեսնեմ», ըսաւ Գուրգէն:

Գուրգէնին կարօտը իւրաքանչիւր սփիւռքահայուն կարօտն է, չէ՞…

Այս կարօտը նաեւ կ՚ապրի Սեւակ Պալապէքեանը: «Շատ ուրախ եմ, որ հայ եմ եւ կը սիրեմ Հայաստանը», ըսաւ Սեւակ:

Սեւակը 36 տարեկան երիտասարդ հայն է, որ ծնած է Հայաստան: 2010-ին ան իր ընտանիքին հետ հաստատուած է Ղազախիստան: Յաջող գործարար է, որ կը զբաղի ճաշարաններ հիմնելու ասպարէզով: Սեւակը Երեւանը ձգած է պատանի տարիքին: «Ես սփիւռքի մէջ սորվեցայ եւ գտայ հայկական արժէքները», վկայեց Սեւակ:

Սեւակ երեք տարի առաջ այցելած է Երուսաղէմ՝ Հայկական թաղամաս, հայոց պատրիարքարան, եկեղեցի եւ թանգարան: «Երուսաղէմի մէջ է, որ անդրադարձայ, թէ որքա՛ն արժէքներ ունինք որպէս հայ։ Մեծ հարստութիւն ունինք որպէս հայ ժողովուրդ եւ ես չէի գիտեր», ըսաւ Սեւակ:

Մշակութային արժէքներու հետ Սեւակ մտած է նաեւ Երուսաղէմի հոգեւոր աշխարհին մէջ: «Քրիստոնեայ ըլլալը դիւրին բան չէ: Եթէ այսօր կանգ՝ որպէս հայ ժողովուրդ, այդ ալ շնորհիւ մեր քրիստոնէական հաւատքին է», աւելցուց ան:

Սեւակ իր այդ «դիւրին բան չըլլալ»ու իրականութեան լաւապէս կը գիտակցի եւ ամուր կերպով կառչած է անոր: Ան ամէն կիրակի Ալմաթիի մէջ ներկայ կ՚ըլլայ եկեղեցւոյ հոգեւոր արարողութեան: «Աստուած լաւ ու բարի ստեղծեց աշխարհը, մարդուն կը մնայ որոշել, թէ ի՛նչ տեսակ կեանք կ՚ուզէ ապրիլ», նշեց ան:

Դարձեալ Տաթեւիկը. «Մեր նոր սերունդին նաեւ կը սորվեցնենք հայուն պատմութիւնը: Շատ բան չենք կրնար ընել ապրիլ 24-ի յիշատակումներուն մասին, քանի այս երկիրը զգայուն է այս հարցով: Բայց կը հաւաքուինք որպէս հայեր եւ կ՚ոգեկոչենք յիշատակը մեր նահատակներուն»:

Ղազախիստան մահմետական երկիր է, ուստի պէտք է ըլլալ զգօն եւ զգոյշ: Սփիւռքահայ իրականութիւնները աշխարհի մէջ կը տարբերին մէկը միւսէն, իրենց ապրած երկիրներու քաղաքական ու ընկերային տարբերակներու մէջէն:

Սեւակը նոյնքան ունի ազգային ու հայաստանեան մտահոգութիւններ: «Ճիշդ չէ, որ ապրինք այսօրուան համար միայն, բայց պէտք է զարգացնենք հայուն միտքը, որպէսզի գիտնայ, թէ ո՛ւր կեցած է եւ ո՛ւր կ՚ուզէ երթալ», դիտել տուաւ ան:

Սեւակ նոյնպէս կը տեսնէ սփիւռքի կարողականութիւնը, երբ հայը կ՚ապրի ուրիշին հետ, իմա՝ ոչ հայուն հետ: «Հայաստանի մէջ այս փորձառութիւնը չունինք», ըսաւ Սեւակ: «Հոս՝ սփիւռքի մէջ, հայը կ՚ապրի ուրիշին հետ եւ կը տեսնէ ու կը սորվի ուրիշէն: Այս մեծ գիտելիք ու փորձառութիւն է», եզրափակեց ան:

Ճիշդ է Սեւակը: Սփիւռքը ուժ է եւ այս՝ ո՛չ միայն տնտեսական, այլ՝ մարդուժի եւ փորձառութեան իմաստով: Ան կը գիտակցի այս իրականութեան եւ ամբարած է իր մէջ նոյն այդ ուժը: Սեւակ նոյնքան կ՚ապրի Հայաստանով: «Հայաստանի հետ կապերս շատ լաւ են եւ յաճախ կ՚այցելեմ»:

Շարունակեցի դիտել Անահիտ Սուլթանեանը, որ համբերութեամբ հայերէն կը սորվեցնէ: Ռուսերէն տառերով կը փորձէ հայերէն այբուբենը ընտելացնել անմեղ հայու հոգիներուն մէջ: Որքան սէր եւ նուիրուածութիւն կայ Անահիտին մէջ: Անահիտ ուրախ է, որ հայերէն կը սորվեցնէ: Այս ուրախութիւնը Անահիտ ունի, որովհետեւ, իր իսկ բառերով՝ «Հայութիւնը իմ կեանքն է: Ես իմ հողին ծառն եմ: Իմ հողիս վրայ կը զգամ ապահով»:

Անահիտին ամուսինին ընտանիքը եղած է Վանէն: (…)

Երբ Անահիտին պատմութիւնը կը լսես, կը հասկնաս՝ ուրկէ՛ կու գայ այդ սէրն ու նուիրուածութիւնը, զորս ան կը տածէ հայ մանուկ-պատանիին նկատմամբ՝ անոնց հայերէն սորվեցնելով: Ասիկա հայուն ինքնութիւնն է, որ Անահիտին կեանքն է եւ որ կ՚ուզէ ապրիլ եւ ապրեցնել: Նոյնքան նաեւ Տաթեւիկը, որ հայկական պարերուն մէջէն իւրաքանչիւր հայ պատանիի անմեղ հոգիին մէջ կ՚ուզէ դարբնել հայութիւնը: Ալմաթի ապրող Տաթեւիկը կ՚ըսէ. «Հայ կը զգամ եւ շատ: Մենք հայ ենք եւ մենք տուն ունինք»: Եւ այդ տունը հայուն մշակոյթն է, որ Տաթեւիկ կը սորվեցնէ:

Հայ անմեղ հոգիները: Ալմաթի եւ քիչ մը ամէն տեղ: Աստուծոյ ստեղծած այս հոգիները, որոնք բարի ու անմեղ են: Բայց մենք պիտի աշխատինք՝ Ալմաթի թէ ամէն տեղ, որ հայուն այս անմեղ հոգիները անմեղ մեծնան ու աճին:

Այս անմեղ հոգիներն են, որոնք կ՚ապրին, կ՚ապրեցնեն ու կը շինեն:

Կը կառուցեն հայը, հայուն երկիրն ու պատմութիւնը։

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Քուէյթ

Հինգշաբթի, Յունուար 23, 2025