ԳՐԻԳՈՐ ՊԸԼՏԵԱՆԻ 80-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻՆ ՄԵԿՆԱՐԿԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Յունուարի սկիզբին լրացաւ սփիւռքահայ անուանի գրող, փիլիսոփայ, գրաքննադատ, հրապարակախօս, բանասէր Գրիգոր Պըլտեանի ծննդեան 80-ամեակը, եւ Հայաստանի մէջ տրուեցաւ այս նշանակալից յոբելանին մեկնարկը։
Հայ տպագիր ժառանգութեան պահպանման ամենամեծ կեդրոնը՝ Հայաստանի Ազգային գրադարանը կազմակերպած էր հանրային դասախօսութիւն եւ ցուցադրութիւն՝ նուիրուած փարիզաբնակ անուանի գրողին։ Ցուցադրուած էին գրողին հեղինակած բազում գիրքերը, վաւերագրութիւններ, մեր ժամանակի հայ լաւագոյն գիտնականներէն մէկը բնորոշող նիւթեր։
Միջոցառման բանախօսն էր բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, Հայաստանի Լեզուի կոմիտէի նախագահ Սիրանուշ Դւոյեան: Ան, անդրադառնալով Գրիգոր Պըլտեանի գրական ժառանգութեան եւ ստեղծագործական ճանապարհին՝ կարեւորեց հայ ժամանակակից գրականագիտութեան զարգացման գործին մէջ ունեցած գրողի դերը։ Ըլլալով փարիզաբնակ եւ գրեթէ միշտ գործելով արտասահմանի մէջ՝ Գրիգոր Պըլտեան միշտ պահած է կապը Հայաստանի գրական, գրականագիտական շրջանակներուն հետ, իսկ վերջին տարիներուն ան փնտռուած եւ սպասուած հեղինակ է՝ մանաւանդ երիտասարդ ստեղծագործողներու շրջանակէն ներս։ Այս հանրային դասախօսութիւնը անգամ մը եւս ընդգծեց Պըլտեանի նշանակալի գրական վաստակը, որ միտուած է նաեւ արեւմտահայերէնի պահպանութեան ու տարածման։ Պըլտեան իր հրատարակած արձակ ու չափածոյ երկերով կ՚արծարծէ գրական, գեղագիտական, իմաստասիրական խնդիրներ՝ բոլորն ալ առընչուած հայ մշակոյթին, հայու ինքնութեան ու յատկապէս լեզուին։
Վերջին երկու տասնամեակներուն Պըլտեան իր գրքերը հիմնականը կը հրատարակէ Երեւան՝ «Սարգիս Խաչենց. Փրինթինֆօ» հրատարակչատան մէջ, որուն հետ ան համագործակցութիւնը սկսած է տակաւին 2008 թուականին։
2024 թուականին «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարային փառատօնի «Վարպետ» մրցանակը շնորհուեցաւ Գրիգոր Պըլտեանին եւ անգամ մը եւս փաստուեցաւ անոր ճանաչումը Հայաստանի մէջ, ո՛չ միայն գրական շրջանակներէ ներս։
ԿԵԱՆՔԸ
Գրիգոր Պըլտեան ծնած է 1945-ին, Պէյրութի մօտակայ թաղերէն՝ Հայաշէնի մէջ։ Ծնողքը եղած են հայրը՝ Յակոբ, Կիւրինէն, մայրը՝ Հռիփսիմէ, Ագշեհիրէն։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է թաղի Թորգոմեան վարժարանին մէջ, ապա անցած՝ Նշան Փալանճեան ճեմարան, զոր աւարտած է 1964-ին։ Հետեւած է փիլիսոփայութեան դասընթացքներուն՝ Պէյրութի «Էքոլ տէ Լէթր» հաստատութեան մէջ։ Այդ ժամանակ ալ որոշած է գրող դառնալ։
1967-ին մեկնած է Փարիզ։ 1973-ին ստացած է փիլիսոփայութեան իր տոքթորականը՝ Սորպոնի համալսարանէն։ Տոքթորականի առաջին աշխատութիւնը պատրաստած է Մարթին Հայտըկէրի «Գեղագիտութեան զանցումը» նիւթին շուրջ։ Ամբողջ տասնամեակ մը զբաղած է լրագրութեամբ՝ ֆրանսական մամուլին մէջ։
1978-էն սկսեալ հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասախօս եղած է Փարիզի Արեւելեան լեզուներու հիմնարկին մէջ։ Շուրջ քսան տարի դասաւանդած է գրաբար եւ մատենագիտութիւն՝ Լիոնի Աստուածաբանական համալսարանին մէջ։
Փարիզ մեկնելէ մէկ տարի առաջ՝ 1966-ին, գրականագէտներ Գրիգոր Շահինեանի եւ Յարութիւն Քիւրքճեանի հետ կը հիմնէ «Ահեկան» գրական եռամսեան։ Այս գրական հանդէսին կ՚անդրադառնայ Մինաս Թէօլէօլեան՝ ըսելով. «Ահեկան»ի ներկայութիւնը շարժում մը ստեղծած է լիբանանահայ երիտասարդութեան մէջ դէպի «արդիական արուեստ»։
Իր առաջին գիրքը՝ «Տեղագրութիւն քանդուող քաղաքի մը համար»՝ ազդուած Պէյրութի պատերազմէն, լոյս կը տեսնէ 1976-ին, Փասատինա, ԱՄՆ, իսկ երկրորդ հրատարակութիւնը՝ 1997-ին, Կլենտէյլ, դարձեալ ԱՄՆ։
Յետագայ տարիներուն Փարիզի մէջ կը կազմաւորուին իր հատորները՝ բանաստեղծական, գրաքննադատական եւ արձակ գեղարուեստական։ Պըլտեանի հրատարակուած բանաստեղծական գիրքերէն են՝ «Հատուածներ սենեակի մասին» (1978, Պէյրութ), «Հակաքերթուած» (1979, Լոս Անճելըս), «Վայրեր» (1983, Փարիզ), «Մանտրաներ» (1986, Փարիզ), «Էր» (1992, Երեւան), «Հատուածներ հօր» (1993, Երեւան), «Ելք» (1993, Փարիզ)։
Իսկ գրաքննադատական գործերու շարքէն կարելի է նշել «Տրամ»ը (1980, Պէյրութ), «Գրիգոր Նարեկացի, Լեզուի սահմաններուն մէջ» (1985, Վենետիկ), «Կրակէ շրջանակը» (1988, Անթիլիաս), «Մարտ» (1997, Անթիլիաս), «Դէպի մեծ փոխաբերութիւն» (1999, Փարիզ), «Զրոյցներ բանաստեղծութեան մասին» (1999, Երեւան), «Ի գործ արկանել» (2003, Մոնթրէալ), «Երկխօսութիւն Նարեկացիի հետ» (2008, Երեւան), «Հայկական ֆուտուրիզմ» (2009, (Երեւան) եւ այլն։
Պըլտեան գեղարուեստական առաջին արձակը սկսած է «Սեմեր»ով (1997, Հալէպ), ապա յաջորդաբար լոյս տեսած են շարքէն՝ «Հարուածը» (1998, Պէյրութ), «Նշան» (2000, Կլենտէյլ), «Պատկերը» (2003, Կլենտէյլ), «Անունը լեզուիս տակ» (2003, Փարիզ), «Երկուք» (2006, Կլենտէյլ)։
Աշխատակցած է զանազան գրական հանդէսներու, որոնց շարքին են՝ «Ազդակ» (Պէյրութ), «Բագին» (Պէյրութ), «Բազմավէպ» (Վենետիկ), «Բաց նամակ» (Կլենտէյլ), «Գարուն» (Երեւան), «Ի դէպ» (Կլենտէյլ), «Ինքնագիր» (Երեւան), «Կամ» (Լոս Անճելըս), «Կայք» (Փարիզ), «Հանդէս» (Թեհրան), «Յառաջ, Միտք եւ արուեստ» (Փարիզ)։ Ան հրատարակած է նաեւ բազմաթիւ յօդուածներ օտարագիր մամուլի մէջ, ունի ֆրանսերէնով գիրքեր նոյնպէս։
ՅԱԿՈԲՆԵՐ
«Յակոբներ»ը Գրիգոր Պըլտեանի «Գիշերադարձ» շարքի մէկ նոր փուլն է։ Պէյրութ, լրագրական ասպարէզի սեմին, պատմաբանը թերթի կտրօնէ մը մեկնելով հետախուզութեան մը կը սկսի. «Երթալ մինչեւ մտածումին ծայրը, մէկ անգամէն պարզել ամէն ինչ, ձերբազատել քօղարկուած պատկերը, որ կը թափառի խօսքերու ետին»։ Գրողին նկարագրած թաղին մէջ բազմաթիւ Յակոբներ գոյութիւն ունեցած են՝ Կապոյտ Յակոբ, Կանաչ Յակոբ, Կարմիր Յակոբ, Սեւ Յակոբ, Էշ Յակոբ, Կարճ Յակոբ, Քոռ Յակոբ, Դեղին Յակոբ… Ամէն Յակոբի պատմութիւնը տարբեր է․․․ Վէպը կը սկսի, երբ դէպքերու մասնակից գրողը կը տեսնէ, թէ կորսնցուցած է Կապոյտ Յակոբին հոգեհանգիստին մանրամասնութիւնները ունեցող կտրօնը:
*
(Ի՞նչ կրնամ պահպանել
եթէ ոչ անոնց անունը միայն,
հազիւ կոփուած քար՝
հակող հետզհետէ աւազուտքին։
Արդ ի՞նչ է մտածելը
եթէ ոչ մտածել անոնց,
տարագրուիլ ընդմիշտ
ի բաց անոնցմէ:)
Թերեւս շատոնց կորսուեր էր այդ կտրօ՛նը։ Հաներ էիր Պէյրութէն հասած թերթերու տրցակէն, մկրատեր, մէկդի դրեր. յետագային չէիր գտեր հետքը։ Փորձեր էիր ամէն բան դասաւորել վերստին, հին ու ճամբորդելէն յոգնած պայուսակդ պրպտեր, ներսով դուրսով, հաստատելու համար, ո՛չ, ոչինչ։ Երկար շունչ մը քաշեր էիր, գրեթէ ձերբազատուած՝ այդ կորուստին ստեղծած ճնշումէն։ Անհետացումը կը վերագրէիր սովորական անփութութեանդ, տեղափոխութիւններուդ, երբ կը ջանայիր բեռդ նուազագոյնի իջեցնել, բաւարարուիլ ձեռք մը հագուստով. անձնաթուղթի կողքին՝ տետրակ մը, ճամբորդական տարրական պիտոյքներ, իսկ մնացեալը, այն որ մարդ կ՚ամբարէ ակամայ իր կեցութեան ընթացքին, պատռեր-նետեր էիր։ Ի վերջոյ ամէն մեկնում նոր սկիզբ մըն է կամ անոր յոյսը։ Կարելի չէ պահել ամէն ինչ, յետոյ ինչո՞ւ, ո՞ր օրուան համար։ Ներկայի բնակիչը կ՚արհամարհէ արխիւը, տիպն ու տառը, մարմնին փակչող ու մտքին բռնացող բաները, կը ձգտի անհեռանկար, անխարիսխ ազատութեան կամ ատոր պատրանքին։ Նման մէկն էիր։ Մեկնումով միայն հարուստ։ Եւ սակայն, ատենին, ակամայ, դուն քեզ հերքելու աստիճան՝ կատարեր էիր հակառակ արարք մը. տեղեկութիւնը քններ, ժրաջան ընթերցողի պէս կտրօնը սահեցուցեր էիր թափանցիկ երկու թուղթի միջեւ, իբր թէ արժէքաւոր վաւերաթուղթ մը ըլլար։
Ընթացիկ յայտարարութիւն մը՝ անշուշտ, ընթացիկ բանաձեւերով, ընտանի կլիմայ մը ոգեկոչող գրեթէ։
Բլուրի եկեղեցիին անունն էր ուշագրաւը, ինչպէս նման ուրիշ բաներ ատենէ մը ի վեր սկսեր էիր նշմարել կամ կը ցայտէին յանկարծ աչքիդ, եւ այդ տեղանունն իսկ բաւ էր եղած որ անջատէիր սեւ շրջագիծով պատուած տողերը։ Չորրորդ էջի վրայ տպուած ծանուցումով՝ հարազատները քառասունքի հոգեհանգստեան պաշտօնին կը հրաւիրէին հանգուցեալին ծանօթները Սուրբ Յովհաննու Կարապետ, ի հարկէ կիրակի օր մը, յետ սուրբ պատարագի։ Ասիկա ստոյգ էր, այն տպաւորութիւնը չունիս որ կրկներեւոյթ էր, կամ մտասեւեռումի արդիւնք՝ նախապէս-տեսած ըլլալու պատրանք, որ յաճախ բոլորովին նոր յայտնուող երեւոյթ մը կը վերածէ ապրուածի մէկ տարբերակին։
Մտքիդ մէջ տակաւին տպաւորուած կը մնայ գրութեան ընդհանուր պատկերը, մեծատառ անունին ներքեւ, փակագիծերու մէջ դրուած. (Կապոյտ Յակոբ, Կարնեցի)։ Յաւելեալ մանրամասնութիւն մը կը բերէր այդ փակագիծը, որուն նմանները կը տեսնուին ծածկանունով յայտնի դերասաններու, արուեստագէտներու, նախկին ֆետայիներու կամ կուսակցական գործիչներու յատկացուած նշմարներու մէջ, հոն ուր երկար ատեն թաքնուած, կեղծանունի դիմակով գաղտնիքի վերածուած ինքնութիւն մը վերջապէս կը քօղազերծուի։ Երկրորդականը կը յիշես, բայց մականո՞ւնը…։ Տարուեր էիր այդ տեսակ մը քնարական երփներանգով, dolce color ըսեր է մէկը, քաղցր, առեղծուածային։ Կապո՜յտը՝ ահա կցուած սովորական անձնանունի մը։ Գոյներուն ամենէն… ինչպէ՞ս ըսել… սիրա՞ծդ թէ՞ սրբազանը, որ իր տեսողական հմայքով անուններէն է՛ն սովորականը կ՚աղուորցնէր, կ՚ընծայէր անոր թէ՛ խորհրդաւոր, թէ՛ զարմանալիօրէն քեզամօտ զգայութիւն մը։ Ակնյայտօրէն ծանուցումը կ՚ուղղուէր, կը խորհիս, այն պզտիկ շրջանակին որուն համար ենթական արժանացեր էր նման փաղաքշական մակդիրի. վստահաբար այդ շրջանակն իսկ յօրիներ էր զայն, գաղտնաբառի մը նման փոխանցելով բերնէ բերան։
Անունին յիշատակը չքացեր է բոլորովին, հակառակ անոր որ խռովիչ կերպով մտերիմ կը թուի քեզի, տարօրէն երկդիմի, ինչպէս բան մը որուն մօտն ես միշտ, բայց զուրկ ես անունէն, զայն կ՚ենթադրես, բայց չես կրնար կոչել, այնքան թափանցուած ես անկէ որ չես յաջողիր մտաբերել ընտանի ոլորտը առաջին զգայութիւններուն ու տպաւորութիւններուն, որ չեն յայտնուիր բայց կը մխրճուին մէջդ։
«Կրթուեր էիր կարծես մոռնալու համար»։
Այդ տարիներուն սովորութիւն չէր արտատպել հանգուցեալին մէկ դիմանկարը, որ պատկերացում կու տայ անկէ, կը դառնայ ցուցմունք կամ ինչ գիտնաս՝ փաստագրական տուեալ։ Չէ՞ որ կը կարծես մարդիկը ճանչնալ, որովհետեւ տեսած ես անոնց կերպարանքը հանրային կեանքի մէջ որեւէ տեղ, հեռուէն թէ մօտէն, երբեմն պատահական բառի մը ընդմէջէն երեւակայեր ես, բայց զանոնք չես կապած որեւէ հաստատ կռուանի, տեղի, պաշտօնի, խօսքի։ Անցողակի էակներ կամ առկախ գոյութիւններ՝ որոնք շուրջդ եղեր են յաճախ, երբեք կամ քիչ անգամ հետդ։
Եթէ նոյնիսկ նման լուսանկար վերատպուած ըլլար այդտեղ, անկասկած ոչինչ պիտի թելադրէր քեզի, որ տոգորուած էիր եկեղեցիի ոգեկոչած մթնոլորտով, աւելի քան սա կամ նա պարագայական տիպարով։ Մարդը պատկանելու էր երեւելիներու աւագանիին, երէցներու այն խաւին՝ որ հիմներ էր բլուրի կեանքը, տենդագին լծուեր անոր շինութեան, պառակտուեր, բաժանուեր էր խմբակներու. ասոնք ալ կռուեր, պատերազմեր էին իրարու դէմ, հաշտուեր, ապա ծերացեր, յոգնած՝ քաշուեր ասպարէզէն, իրենց վարք ու փառքով մասամբ թափառող՝ ուրիշներու յիշատակներուն մէջ, նոյնիսկ եթէ վեթերաններու նման հոս-հոն, փողոցի մը անկիւնը, ցուպը ձեռին, դրան մը սեմին, կամ խանութի մը խորքին յայտնուէին, շրջուն ստուերներ, տարտամօրէն մանրող իրենց փայլուն անցեալը. մենք ասպէս էինք, դո՞ւք։
Թուղթի մը վրայ մրոտեր էիր արդէն մականուններու իսկապէ՛ս փառահեղ շարք մը, պայմանականօրէն Սեւտարեան, Մանուշակեան, Ճերմակեան, Կարմիրեան, Կանաչեան, եւ դեռ ուրիշներ, որոնց գոյութիւնը կը շփոթուի թատերական բեմի մը խորապատկերին զետեղուած գունաւոր զարդարանքներուն հետ (կամ ոսկերչնոցի ցուցափեղկերու ետին շողացող թանկագին քարերուն, armenium կամ կապտաքար, լափիս-լազիւլի, պարտիզքար, շափիւղայի ընտանիքէն, d՚orïental zaffiro): Անուններ, միա՛յն անուններ, ինչպէս մէկը որ դերանունի մը շուրջ յատկացուցիչներ կը դնէ լուսապսակի մը նման, զայն դարձնելով նոյն ատեն բազմանուն. գրեր, ջնջեր ես, մտովին կազմեր ամէն մէկուն կենսագրութիւնը եւ յետոյ՝
«Կապոյտ Յակոբ»:
Ահա միակ տուեալը անկէ, որ թերթին քեզի հասնելէն ամիսներ առաջ մեռած ըլլալու էր: Հանգի՜ստ տանջահար ոսկորներուն, պիտի գրէր սգակիր բարեկամ մը, ամէն պարագայի՝ համերկրացի մը, երկրին աստանդական մնացորդներէն վիճակագիր մը պատրաստելու փութաջանութեամբ: Կարնեցի, անշուշտ, անշո՜ւշտ, թերթի խմբագրութիւնը պատմականօրէն աւելի ճշգրիտ, աւելի հայեցի թուող բառը գործածած ըլլալու էր, նոյնիսկ եթէ ծանուցում հայցողները ներկայացած ըլլային իբրեւ պարզ էրզուրումցիներ: Կարինը ո՜ւր, Էրզուրումը ո՜ւր. ահա բլուրի բանիմացներուն կրակոտ վէճերէն մին, որքա՜ն հայհոյանք, նզովք ու պատուական վերլուծում, քէն, հեռ ու տագնապ, մինչեւ որ ներհուն բանգէտ մը դատաւորի մը նման կռթնած օրէնքի ու աւանդի տոմարներուն՝ երկու քաղաքներն ու ժամանակները հռչակեր մէկ ու միակ պատմական գոյացութիւն: Կարինը Էրզրումին հայնոցն էր, ծօ: Լսեր ես: Արզ-ըլ Ռումն ալ յունաց կայսեր հիմնած Թէոդոսուպոլիսը: Աս մէկն ալ Ուրարտուի թագաւորութեան արեւմտեան ծայրամասի բերդաքաղաք մը: Եւ այսպէս մինչեւ Նոյ նահապետ: Հոն ալ կային ազգային անձնաւորութիւններ ու եռուն մտաւորական կեանք: Երեւելի՞ մը այս Կապոյտը, ինչպէս կ՚ուզէր բանաձեւը, Միջնաշխարհի բնօրրանէն սերող, գուցէ սքանչելի ծնունդ Կարնոյ Շամբի լազուր ջուրերուն. Կարնոյ Շամբ կամ Ծով Կարնոյ։ Կ՚ափսոսաս որ չես պահած լման թերթը, ուր հաւանական դամբանականի դեր կատարող «Տխրունի» մը կ՚ըլլար կամ «Տերեւաթափ» տիտղոսով յօդուած մը. հեղինակը անկասկած արժէքաւոր յուշեր կը պատմէր գուցէ վաստակաշատ կամ ազգանուէր հայորդիէն: Այս մարդոցմէ ի՞նչ կը մնայ, եթէ ոչ ինչ որ ուրիշներ կ՚ըսեն, հռետորաշունչ դիմանկար մը կը յօրինեն, կը պանծացնեն ու կը չքացնեն: Լեզուն ալ կը ծառայէ միայն մեռելներուն թաղմանականը գրելու:
(Անունը կար, ինքը չկար: Այդպէս կը կարծէիր)։
Զանազան վարկածներ ցանկագրեր ես, նոթագրեր՝ վերապահութիւնդ, բայց «Վերջապէս իրականութիւնը ցանցի խնդիր է», նշեր ես թուղթի մը վրայ, ցանցն ալ հետաքրքրութեան, հանդիպումի, մոռացման ու խոյզի։ Դժուար է երեւակայել կապոյտի քաղցրագոյն դրօշակին ներքեւ ռազմատենչ մարտիկ մը, տեսակ մը Գէորգ Չաւուշ կամ Հրայր Դժոխք, Էրզուրումի լեռներէն հնչող ձայնին հետեւորդ մը, որուն սիրտը թունդ-թունդ ելած ըլլար յեղափոխական կոչէն, ինչպէս էին այդ քաղաքի մենծ աղաներն ու ասոնց որդիները, ընդհանուր Զօրակոչէն առաջ, Պատերազմին սկիզբը, այսինքն՝ սկիզբը «մեր դժոխից եւ չարչարանաց», ինչպէս պիտի ըսէր ինքզինք պատմաբան նկատած մէկը, աչքը Անթիքայի դէմքին, միտքը վայրավատին ազգին, ականջը՝ անդուլ մրմունջին, գրիչը նոր թաթխած մելանին մէջ, ձեռնարկած Կարնոյ ճշմարտապատում ու բարեշնորհ պատմագիրք մը շարադրելու՝ անոր հիմնումէն մինչեւ արդի ժամանակներս։ Անշուշտ, անհաւանական չէ բանտի մը դռներուն ետին խոշտանգուած, չորցած, կապուտցած, բայց բախտի բերումով փրկուած այժմ՝ վտարանդի էակ մը։ Թերեւս անոր վերագրելի ըլլար անխորտակելի հաւատք մը դէպի կապուտիկ Աստուածը, աստուածարկեալ վկան մեր հայրերուն Էրզուրումի չես գիտեր ո՞ր Սուրբ Յակովբայ վանքին տիրակալող, եւ կամ ի՛նչ բանաստեղծական նոյնքան սրբազան ճախրանքներ կապտակապուտ յածումներով, որ թաղին ձիթաստաններն ու հովասուն օդը հնարաւոր կը դարձնէին այդ ատեն, նախքան այդ երանաւէտ անդաստանին բնովին սղոցումը։ Անապատը արդէն շատոնց կը ծաւալէր բլուրին շուրջ եւ բլուրն ալ կարծես կը պարպուէր ինքն իրմէ։
«Ե՞րբ կը սկսի չքացումներուն իսկական ժամանակը։ Ե՞րբ, հետախուզումի օրը։ Երբոր անունները կը դառնան անմա՞րդ թէ՞ երբ մարդիկ կը դառնան անանուն։ Լուսանցքի մէջ մտնելով կը շարունակեն յամառօրէն դիմադրե՞լ մութին»;
Առասպելի մը նման բազմազան ու երկդիմի են անոնք, կ՚ըսէ տետրակդ, թերահաւատ. նախքան որեւէ հետազօտութեան ձեռնարկելը՝ մարդ չի գիտեր ո՞վ, ե՞րբ, ինչպէ՞ս առաջին անգամ անոնցմէ մէկն ու միւսը յօրինուեր, փակեր, մնացեր է ճակտի մը վրայ, ճակատագրուեր, դարձեր անոր պատմութեան սկզբնակէտն ու վերջակէտը, ուղղեր, վարեր, հսկեր անոր վրայ մինչեւ դամբանի արձանագրութիւնը, դարձեր գրեթէ մարդուն, մորթին, մարմնին, մտքին մէկ ածանցը, անկէ դուրս, անոր մէջ, անջնջելի՝ կապտաւուն կիտուածքը մղտեսի եղած ուխտաւորի դաստակին վրայ, որուն տէրը զայն ցոյց կու տայ վսեմ ժեստով մը, սուրբ քաղաքէն իր դարձին։
ԳՐԻԳՈՐ ՊԸԼՏԵԱՆ
(Հատուած «Յակոբներ»էն)
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ