ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԻՒՆ
Իրականութեան մէջ շատ տեղին եւ դասաւորուած կը գտնենք Արամ Ա. Կաթողիկոսին հարցադրումները, որովհետեւ մէկը միւսը կ՚ամբողջացնէ. մեր հայկական իրականութեան մէջ լուծումի կարօտ հարցերը շատ են, սակայն մէկը լուծելու համար պէտք է նախ ուրիշը լուծել, այդ իսկ պատճառով հարցադրումներու կարգը ճիշդ եւ տեղին կը նկատենք. ղեկավարներու եւ օրակարգի հարցը չլուծած, կարելի չէ լուծել ինքնութեան հարցը, որովհետեւ այդ պաշտօնի վրայ գտնուողներն են, որոնք իրենց որոշումներով եւ կազմակերպուածութեամբ պիտի շեշտեն կարեւորութիւնը հայու ինքնութեան:
Որպէս յաջորդ հարց Արամ Ա. Կաթողիկոս կ՚ըսէ. «Ինչպէ՞ս կարելի է ազգային ինքնութիւնը երաշխաւորող արժէքները, աւանդութիւնները ու իտէալները պահել ամուր՝ մնալով հանդերձ ամբողջական ու անքակտելի մասը տուեալ երկրի ընկերութեան»։ Երբ առաջին անգամ սկսաւ ստեղծուիլ հայկական սփիւռքը եւ գաղութները սկսան կազմակերպուիլ, որոշ մտաւորականներու համար յստակ էր, որ կարելի չէ դէմ դնել այն դժբախտութեան, որ հայու արժէքները ամբողջութեամբ անաղարտ մնան օտարութեան մէջ. շատ մը մտաւորականներ գիտէին, որ ժամանակը հակառակ ամէն տեսակի պայքարներու, պիտի յաջողի սեփականին միախառնել նաեւ օտարին արժէքները: Սկզբնական շրջանին շատեր իրենց հայրենասիրութենէ մղուած ուզեցին հաւատալ, որ այդ մէկը անկարելի է. ուզեցին համոզուած մնալ, որ ո՛չ մէկ ուժ կրնայ սեփական արժէքները փոխարինել օտար արժէքներով, սակայն, ժամանակը եկաւ փաստելու, որ իրականութեան մէջ կարելի է: Թէեւ առաջին սերունդը յաջողեցաւ մասամբ անաղարտ պահել իր արժէքները, սակայն, յաջորդող սերունդները կամայ թէ ակամայ զգացին այդ տարբերութիւնն ու փոփոխութիւնը: Իրականութեան մէջ այսքան ժամանակ ետք կարելի՞ է հարիւր տոկոսով մեր մէջէն վանել օտար արժէքները՝ կը կասկածինք. այո, կրնանք շեշտել հայ ինքնութեան ու հայկական արժէքներու կարեւորութիւնը, կրնանք անոր շուրջ հետաքրքրութիւն ու սէր ստեղծել ժողովուրդին մէջ, սակայն, երբեք պիտի չյաջողինք անոր մէջէն ամբողջութեամբ վանել օտար ազդեցութիւնները: Այսօր մենք կը փորձենք հայկական արժէքները անաղարտ պահել, սակայն, հայկական սփիւռքը հիմնող սերունդները կը հաւատային, որ անհրաժեշտութիւն է օտարինը եւս ունենալ եւ սորվիլ, որպէսզի հայը կարենայ յարմարուիլ օտար միջավայրին եւ առանց իրականութենէն կտրուելու շարունակէ իր կեանքը. այսօր պատկերը հակառակն է, որովհետեւ հայը օտարինը ո՛չ թէ գոյատեւելու համար ընտրեց, այլ իր սեփականը փոխեց անոր հետ:
Այս բոլորէն առաջ պէտք է ի մի խմբել որոշ մտաւորականներ, որոնք սփիւռքեան հաւատամք մը մէջտեղ բերեն եւ լրջօրէն բացատրեն, թէ օտարութեան մէջ հայ մնալու բանաձեւը ի՞նչ է. ինչքանո՞վ հայկական եւ ինչքանո՞վ օտար արժէքներով պէտք է առաջնորդուիլ օտարութեան մէջ. օտարութեան մէջ ծնող հայուն համար ո՞րն է հայրենիքը։ Եթէ իր հայրենիքը Հայաստանն է, ապա ի՞նչ է իր ծնած պետութիւնը եւ ի՞նչ արժէք կը ներկայացնէ: Լիբանան ծնող հայը ինչքանո՞վ հայ է եւ ինչքանո՞վ արաբ՝ մանաւանդ եթէ տակաւին չունի Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն: Պէտք է բանաձեւեն, թէ ի՞նչ է հայուն իտէալները, արժէքները. ի՞նչն է, որ անոր ինքնութիւնը կ՚ապահովէ. անոր աւանդութիւնները ինչքանո՞վ յարմար են օտար միջավայրի. հայը ինչպիսի՞ մօտեցում ունի այդ աւանդութիւններուն նկատմամբ. այս բոլորը հարցեր են, որոնք դաստիարակութեան մաս կը կազմեն:
Արամ Ա. Կաթողիկոս արդարացիօրէն կ՚ըսէ. «մնալով հանդերձ ամբողջական ու անքակտելի մասը տուեալ երկրի ընկերութեան». հայը պէտք է իր ինքնութեան տէր ըլլայ, սակայն միաժամանակ պարտի իր գտնուած միջավայրին յարմարիլ եւ տուեալ ընկերութեան մէկ անդամը դառնալ, որովհետեւ ամէն շրջան ու ժամանակ ունի իր համոզումներն ու ըմբռնումները եւ հեռու չէ, որ հայկականը շատ անգամ հակասէ արաբականին կամ ամերիկեանին: Ճիշդ չէ շեշտը դնել միայն հայկականին վրայ, որովհետեւ օտարութեան մէջ գոյատեւելու համար պէտք է յարմարիլ օտարինին, սակայն, ազգութիւնը պահելու համար սեփական արժէքներուն. այդ իսկ պատճառով այս երկուքին միջեւ հաւասարակշռութիւն պահելը կարեւոր է եւ այս մէկը եւս կը հաւատանք, որ դաստիարակութեան մաս կը կազմէ:
Բազմիցս ըսած ենք եւ քանի կը հաւատանք մի՛շտ պիտի ըսենք. դպրոցի մը իսկական առաքելութիւնը միայն աշխարհագրութիւն, թուաբանութիւն եւ այլ գիտելիքներ փոխանցել չէ. սփիւռքի մէջ դպրոցը ունի այդ բոլորէն աւելի վեր ու առաջնահերթ առաքելութիւն. սփիւռքի հայութեան ապագան փրկելու ամենէն ազդու եւ առաջնահերթ միջոցը դպրոցն է. այսօրուան հայկական դպրոցին մէջ դաստիարակութիւն ստացած աշակերտը վաղուան ծնողքը պիտի ըլլայ եւ դպրոցը անոր մէջ ինչքան յաջողի հայութիւնն ու ինքնութեան գիտակցութիւնը սերմանել, անոր ապագայ սերունդները այնքանով աւելի հայ պիտի շարունակեն ըլլալ: Ծնողական կրթութիւնն ու դպրոցականը իրարու հետ միաձուլուելով կը կազմեն մանուկ-պատանիին ինքնութեան հանդէպ ունեցած գիտակցութիւնը եւ հետեւաբար պէտք է լաւապէս կրթել թէ՛ ծնողները եւ թէ զաւակները եւ այդ մէկը ինչքան ալ դիւրին թուի ըլլալ՝ դժուարին զոհողութիւններ կը պահանջէ:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Եթէ Մեսրոպ Մաշտոց չըլլար, այսօր ի՞նչ կ՚ըլլար հայոց լեզուն:
Պատասխան. Եթէ Մեսրոպ Մաշտոց Ե. դարուն ստեղծած չըլլար հայոց այբուբենը, հայոց լեզուն այսօր կրնար ամբողջութեամբ տարբեր ըլլալ: Առանց լեզուի պահպանման, զարգացման եւ գրային համակարգի, լեզուն կ՚ունենայ բազմաթիւ դժուարութիւններ: Եթէ Մեսրոպ Մաշտոց չըլլար, այսօր հայ ժողովուրդը կրնար այլ գերիշխող պետութիւններու լեզուն որդեգրել, ինչպէս օրինակ՝ յունարէնը, պարսկերէնը կամ արաբերէնը: Եթէ չըլլային գիրերը, ապա կրնար տկարանալ հայերէնի իւրայատկութիւնը: Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ կատարուած գիրերու գիւտը վճռորոշ դեր ունեցաւ հայ մշակութային ինքնութեան պահպանման եւ լեզուի շարունակականութեան մէջ, որպէս առանձին լեզուի ամբողջութիւն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան