ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐՈՒ ՅԱՆԴԻՄԱՆ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ երկիրը կը փորձէ հաւասարակշռութիւն մը ստեղծել Եւրոմիութեան, Ռուսաստանի եւ տարածաշրջանային ուժերու հետ յարաբերութիւններու մէջ։ Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի շրջանակներէն ներս մասնակցած ասուլիսին ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Այս մարտահրաւէրներով լի ժամանակներուն մէջ կան շատ-շատ սպառնալիքներ, բայց, միւս կողմէ սա նաեւ հսկայական փոփոխութիւններու ժամանակ է։ Բնականաբար, փոփոխութիւններու ժամանակները կը բերեն հսկայական սպառնալիքներ եւ միւս կողմէ՝ հսկայական հնարաւորութիւններ։ Մենք կը փորձենք կառավարել սպառնալիքները եւ օգտագործել հնարաւորութիւնները»։ Վարչապետը համոզուած է, թէ առկայ իրավիճակին մէջ իւրաքանչիւր անկայունութիւն աշխարհի իւրաքանչիւր տարածաշրջանէն ներս կրնայ շղթայական գործընթացներու պատճառ դառնալ ամբողջ աշխարհէ ներս, նոյնիսկ փոքր երկիրներու պարագային։
Վարչապետ Փաշինեան Տաւոսի մէջ անդրադարձաւ նաեւ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութիւն հաստատելու ուղղեալ Հայաստանի ջանքերուն։ «Մարդիկ ինձ կը հարցնեն՝ լաւատե՞ս եմ, թէ յոռետես։ Իսկ ես կը պատասխանեմ, որ շահապաշտ եմ՝ հասկնալով, որ պէտք է աշխատինք այնքան, մինչեւ խնդիրը լուծուի։ Ամենակարեւորն ու էականը խաղաղութեան օրակարգէն չշեղուիլն է։ Ուստի, մենք պէտք է կեդրոնանանք հիմնական նպատակի իրականացման վրայ, աշխատինք անդադար, անշուշտ, ակնկալելով միջազգային հանրութեան աջակցութիւնը։ Կը յուսանք, թէ կը ստանանք այդ աջակցութիւնը», ըսաւ ան։
Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց նաեւ, որ ամենայն հաւանականութեամբ Հայաստանի Ազգային ժողովը ընդունի՝ Եւրոմիութեան անդամակցութեան գործընթաց սկսելու վերաբերեալ օրէնքի նախագիծը։ Իր խօսքով՝ ներկայիս Հայաստան սերտօրէն կ՚աշխատի Եւրոմիութեան հետ։
Փաշինեան Տաւոսի մէջ ունեցաւ նաեւ շարք մը երկկողմանի յարաբերութիւններ։ Այս ամբողջին մէջ ան մէկտեղուեցաւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութէի հետ։ Այս վերջինը յայտնեց, որ դաշինքը կ՚աջակցի Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ խաղաղութեան հաստատման ջանքերուն։
Նոյնպէս երկկողմանի հանդիպումներու ծիրէն ներս Փաշինեան Տաւոսի մէջ մէկտեղուեցաւ Նոպելեան մրցանակի դափնեկիր հայազգի գիտնական Արտեմ Փաթափութեանի հետ։