ՆՈՐ ՏԵՍԼԱԿԱՆԻ ՍՊԱՍՈՒՄ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Քայա Քալլասի հետ։ Հանդիպման յաջորդած մամլոյ ասուլիսին Ֆիտան կարեւոր պատգամներ տուաւ Անգարա-Պրիւքսէլ օրակարգի հարցերուն շուրջ։ Իր խօսքով, Եւրոմիութիւնը պէտք է նոր տեսլական մը ի յայտ բերէ։ «Եւրոմիութեան անդամակցութիւնը Թուրքիոյ տեսակէտէ ռազմավարական նպատակ մըն է։ Մենք կ՚ակնկալենք, որ Եւրոմիութիւնը ի յայտ բերէ նոր տեսլական մը։ Եւրոմիութիւնը առանց նախապաշարման գծի մը պէտք է բերէ իր մօտեցումը, ինչ որ շատ կարեւոր է», ըսաւ Հաքան Ֆիտան։
Երէկուան հանդիպման ընթացքին Ֆիտան եւ Քալլաս քննարկեցին Մաքսային միութեան այժմէականացման, մուտքի արտօնութիւններու ազատականացման եւ գաղթի համաձայնութեան թարմացման վերաբերեալ հարցեր։
Իր կարգին, յանձնակատարը նշեց, որ Թուրքիա կարեւոր դեր մը ունի Եւրոպայի անվտանգութեան տեսակէտէ։ Ան համոզուած է, թէ բազմաթիւ բնագաւառներէ ներս կողմերը ունին համագործակցութեան հնարաւորութիւն՝ ներառեալ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը։
ԴԷՊԻ ԵՐԵՒԱՆ
Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Պարոյր Յովհաննիսեան երէկ տեղեկացուց, որ մօտաւոր ապագային նախատեսուած է Քայա Քալլասի Երեւան այցելութիւնը։