ՄԱԷՍԹՐՈՅԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Հայկական երաժշտութեան կենդանի առասպելներէն մաէսթրօ Տիգրան Մանսուրեան արդէն 85 տարեկան է։ Այս յոբելեանին առթիւ լոյս ընծայուած է «Տիգրան Մանսուրեան» մենագրութեան, որ նուիրուած է մեծանուն արուեստագէտի կեանքին ու գործունէութեան եւ որու հեղինակն է Աննա Արեւշատեան։ Ուսումնասիրութեան մէջ խոշորացոյցի տակ դրուած են՝ Տիգրան Մանսուրեանի բազմաոճ ստեղծագործութիւնը, անոր առընչութիւնները արդի համաշխարհային երաժշտութեան, համագործակցութիւնը երեւելի կատարողներու հետ, ինչպէս նաեւ իր գեղագիտական հայեացքները։

Երէկ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի մէջ տեղի ունեցաւ այս գիրքին շնորհանդէսը, որ զուգադիպեցաւ մաէսթրոյի տարեդարձին։ Ձեռնարկի բոլոր մասնակիցները ջերմօրէն շրջապատեցին Տիգրան Մանսուրեանը, որու յոբելեանը շնորհաւորելու փութացած էր նաեւ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի փոխ-նախարար Դանիէլ Դանիէլեան։

Երեքշաբթի, Յունուար 28, 2025