ՆՈՐ ՇՐՋԱՆԻ ՇՓՈՒՄ
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան երէկ Դամասկոսի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Էսատ Շայպանիի հետ։ Այսպէսով, նախկին նախագահ Պեշար Էսատի անկումէն վերջ, Երեւան-Դամասկոս առանցքին վրայ տեղի ունեցաւ բարձր մակարդակի առաջին շփումը։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, փոխ-նախարարը ընդգծեց Հայաստանի կառավարութեան յանձնառութիւնը՝ զարգացնելու համար Սուրիոյ հետ երկկողմանի յարաբերութիւնները։ Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին համագործակցութեան հաւանական ուղղութիւններուն շուրջ։ Կոստանեան հաստատեց հայկական կողմի պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու համար մարդասիրական եւ բարեփոխումներու իրականացման ոլորտներէ ներս խնդիրներու յաղթահարման՝ ներառեալ Սուրիայէ ներս առաջնահերթութիւն դասուած տարատեսակ այլ հարցերը։
Երկուստեք ընդգծուեցան Հայաստանի եւ Սուրիոյ ժողովուրդներուն միջեւ ձեւաւորուած պատմական ամուր կապերը։ Այս համատեսքէն ներս Կոստանեան աջակցութիւն յայտնեց Սուրիայէ ներս համերաշխութեան մթնոլորտի ձեւաւորման եւ ներառականութեան ուղղեալ ջանքերուն։
Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն շուրջ՝ ընդգծելով հարեւաններու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման կարեւորութիւնը։
Սուրիական կողմը բարձր գնահատեց Հայաստանի պատուիրակութեան Դամասկոս այցելութիւնը։ Կողմերը համաձայն գտնուեցան շփումները շարունակելու համար։