ԱՐԻ ԶՈՒԱՐԹՈՒԹԻՒՆԸ

Սի­րե­լի բա­րե­կամ­նե՜ր, բնաւ խոր­հա՞ծ էք, մար­դուս հա­մար կա­րե­լի՞ է ա­մէն պա­րա­գա­յի, ա­մէն նե­ղու­թեան մէջ զուարթ ըլ­լալ, գո­նէ վատ տրա­մադ­րու­թեան չմատ­նուիլ։ Ի՞նչ է ձեր կար­ծի­քը սի­րե­լի­ներ, բայց կար­ծեմ կա­րե­լի չէ՛ չազ­դուիլ, չտպա­ւո­րուիլ մի­ջա­վայ­րէն, մա­նա­ւանդ ուղ­ղա­ղի ի­րենց դէմ­կա­տա­րուած հո­գե­կան, բա­րո­յա­կան եւ ֆի­զի­քա­կան յար­ձա­կում­նե­րէն՝ ո­րոնք կը խան­գա­րեն, տակ­նուվ­րայ կ՚ը­նեն մար­դուս ամ­բողջ նե­րաշ­խար­հը, տրա­մադ­րու­թիւ­նը…։

«Կը շա­րու­նա­կէք ձեր ճամ­բան շի­տակ՝ քա­րե­րուն զար­նուե­լով, եւ ճամ­բու խո­չե­րէն՝ ար­գելք­նե­րէն, խա­փա­նող զա­նա­զան բա­նե­րէն՝ վի­րա­ւո­րե­լով ձեր ոտքերը։ Բայց քաջարի կը մնաք ձեր ար­տե­ւա­նունք­նե­րուն՝ կո­պե­րու թար­թիչ­նե­րուն տակ, յե­տոյ, ետ մղե­լով ձեր ար­ցուն­քը, լա­ցը։ Եւ գրի­չը, գոր­ծի­քը, կամ սու­րը ի ձե­ռին, միշտ յստակ միք­տով ու գո­րո­վա­լից սիր­տով, դժբախտ ու չա­րա­շուք օ­րե­րուն՝ կեան­քին դէմ կը ճա­կա­տաց­նէք ի­տէա­լը՝ հե­ռան­կա­րը՝ որ կը ժպտի, եւ մու­սան՝ որ կ՚եր­գէ», կ՚ը­սէ Ֆրան­սուա Ֆա­պիէ։ Եւ այս խօս­քե­րը ան­գամ մը եւս կը յի­շեց­նէ մե­զի Յի­սու­սի խօս­քը, որ կ՚ը­սէ. «Նե­ղու­թիւն­ներ պի­տի ու­նե­նաք աշ­խար­հի վրայ, բայց քա՛ջ ե­ղէք, ես յաղ­թե­ցի աշ­խար­հին» (ՅՈՎՀՆ. ԺԶ 33)։

­Մարդ եր­բեք չ՚ու­զեր վի­րա­ւո­րել զուր տե­ղը մէկ ու­րի­շը, մա­նա­ւանդ որ երբ կու լայ։ Բայց նա­խընտ­րե­լի է լալ ա­նոնց հետ՝ որ կու լան։

Ար­դա­րեւ հա­մայն մարդ­կու­թիւ­նը շատ բան կը պար­տի սրբա­զան ցա­ւին՝ ո­րուն ներ­կա­յու­թեան՝ մարդ կ՚ու­նե­նայ այն զգա­ցում­նե­րը միայն՝ ո­րոնք կ՚ար­տա­յայ­տուին խորհր­դա­ւոր պա­հե­րու՝ ծնրա­դիր ու ձեռ­նա­մած։ Եւ ե­րե­ւա­կա­յե­ցէ՛ք «բա­րիք»ը՝ ժպտե­րես, ո­գե­ւո­րուած ներ­քին պայ­ծառ լու­սա­ւո­րու­թեամբ մը՝ որ ի­րեն ճամ­բայ կը բա­նայ ար­տա­քին բո­լոր խո­չըն­դոտ­նե­րու, եւ մին­չեւ իսկ կեան­քի ամ­ենէն դժնդակ պա­րա­գա­նե­րուն մէ­ջէն։

Իսկ «չա­րիք»ը՝ խո­ժոռ, դէմ­քին վրայ ստուեր մը կար­ծես մար­դուն, որ ա­մէն ու­րա­խու­թիւն, ա­մէն զուար­թու­թիւն եւ փայլ կը նսե­մաց­նէ։ Եւ ո՜ր­քան խոր­շե­լի է բա­րի­քի փո­խա­րէն չա­րի­քը ընտ­րել՝ բա­րի­քին տեղ չա­րի­քին պա­տիւ ըն­ծա­յել։

Չա­րի­քը՝ իր մութ եւ սեւ ե­րե­ւոյ­թով, յո­ռե­տե­սու­թեան գլխա­զա՛րդն է, ոչն­չու­թեան խորհր­դա­նի՛­շը։ Կա­խե­րես եւ տխուր կեր­պա­րանք մը պի­տի խոր­հիլ տալ՝ թէ մար­դուս մէջ կը բա­ցա­կա­յի վստա­հու­թիւ­նը բա­րիին վերջ­նա­կան յաղ­թա­նա­կին, եւ կամ պի­տի յայտ­նէր զգա­ցուած ցաւն ու վիշ­տը այն յո­ռի զուար­ճու­թիւն­նե­րուն եւ ար­գի­լուած հա­ճոյք­նե­րուն հա­մար՝ ո­րոնց­մէ հրա­ժա­րած է մարդ։ Մարդ հա­զա­րու­մէկ պատ­ճառ­ներ ու­նի թոյլ տա­լու, որ զինք ո­գե­ւո­րող հե­ռանկար­նե­րը, ի­տէալ­նե­րը ի­րենց շէն­շող գո­յու­թիւ­նը զգա­լի ը­նեն իր ա­մե­նէն ծանր ու տագ­նա­պա­լի հո­գե­րուն մէ­ջէն։

Մար­դուս հա­մար ա­մե­նէն սի­րե­լին է՝ ա­րի զուար­թու­թիւ­նը՝ որ կրնայ հրա­շա­լի գոր­ծեր կա­տա­րել ժպտե­լով եւ եր­գե­լով. զուար­թու­թիւ­նը՝ որ կը ժպտի ի հե­ճուկս իր նե­ղու­թեան, մատ­նուած դժուա­րու­թիւն­նե­րուն, սրա­միտ ու ի­մաս­տա­լից կա­տա­կով մը կը հա­մե­մէ տրտում աղ­քա­տիկ ու պար­զուկ սե­ղա­նը, նախ­նա­կան բնա­կա­րա­նը ցնծու­թեամբ կը լեց­նէ, մարդ­կա­յին խստու­թիւն­նե­րը, դառ­նու­թիւն­նե­րը մոռց­նել կու տայ, եւ կը սկսի երգ մը մռլտալ…։ Ա­հա ի՛նչ որ կը գրա­ւէ եւ կը խան­դա­վա­ռէ մար­դը։ Եւ ի­րօք, երբ մարդ կը տես­նէ ու­րիշ­ներ, իր նման­ներ, որ այդ ո­գե­ւո­րու­թեան մո­լե­գին թա­փէն կը քշուին, կը տա­րուին, նա­խան­ձով կը լե­ցուի՝ կ՚ու­զէ ցատ­կել, եր­թալ ա­նոնց ե­տե­ւէն եւ ի վեր­ջոյ ա­նոնց նմա­նիլ։ Եւ հո­գիի այս տրա­մադ­րու­թիւ­նը կը յու­զէ մարդս, եւ միեւ­նոյն ա­տեն կ՚ե­լեկտ­րա­կա­նաց­նէ։ Թե­րեւս ա­նոր հա­մար, որ մարդ զայն յա­ճախ դի­մա­ւո­րած է ա­մե­նէն ցա­ւա­գին, դժնդակ պա­հե­րուն մէջ։

Զուար­թու­թիւ­նը իս­կա­պէ՛ս յաղ­թու­թիւն մըն է, յաղ­թու­թիւնը մտքին՝ իր բազ­մա­թիւ դժուա­րու­թիւն­նե­րուն, մտա­հո­գու­թիւն­նե­րուն եւ խո­չըն­դոտ­նե­րուն վրայ տա­րուած։

Զուար­թու­թիւ­նը «ա­րե­ւի ճա­ռա­գայթ» մըն է փո­թոր­կա­լի օ­րուան մը մէջ, զուարթ եւ ու­րախ պատ­գա­մա­բեր մը՝ որ կու գայ ը­սել, թէ ա­մէն ինչ չէ՛ վեր­ջա­ցած, թէ ի վեր­ջոյ յոյ­սը իր լոյ­սով կը մնայ, եւ թէ այդ յոյ­սը կայ ու  պի­տի մնայ միշտ ի հե­ճուկս ա­մէն խո­չըն­դոտ­նե­րու եւ ար­գելք­նե­րու, եւ թէ ա­մէն խա­ւար ի վեր­ջոյ պի­տի լու­սա­ւո­րուի յոյ­սին լոյ­սով։

Եւ ո՜ր­քան ի­րա­ւա­ցի է բա­նաս­տեղ­ծը, որ կ՚ը­սէ, թէ ո՛չ մէկ խա­ւար տես­նուա­ծին չափ մութ է, եւ ան­պայ­ման ա­նոր մէջ կա՛յ լոյ­սի շող մը, ցոլք մը՝ որ­քան ալ անն­կա­տե­լի ըլ­լայ ան։

Պահ մը նկա­տի առ­նենք տրտնջող­նե­րը, երկ­չոտ­նե­րը, եւ բո­վան­դակ սե­րուն­դը դա­ժա­նա­բա­րո­նե­րու, ո­րոնք լրջու­թիւ­նը ի­րենց սե­փա­կան մե­նաշ­նոր­հը կը նկա­տեն, եւ որ սա­կայն ա­նոր ծաղ­րան­կա­րը միայն կը ներ­կա­յաց­նեն։ Ի՞նչ կ՚ը­նեն այդ «լուրջ» մար­դի­կը։ Նախ ը­սենք, որ լրջու­թիւ­նը զի­րենք փրկող դի­մակ մըն է միայն եւ երբ դի­մա­կազր­կուին խառ­նաշ­փո­թու­թեան եւ շուա­րու­մի կը մատ­նուին, ա­պա խնդիր­նե­րը, հար­ցե­րը ա­ւե­լի կը կնճռո­տեն, եւ կա­ցու­թիւ­նը յո­ռիէն յո­ռե­գոյ­նին կը փո­խար­կեն։ Ի­րենց տրտունջ­նե­րով եւ ող­բե­րով չա­րի­քը կ՚ա­ւելց­նեն, եւ ցա­մաք, հաս­տա­տուն գետ­նի վրայ կը խեղ­դուին։ Ա­ւազ կը նե­տեն ա­նիւ­նե­րուն մէջ՝ ուր որ զուար­թու­թիւ­նը իւղ կը սրսկէ։

Ար­դա­րեւ այս կար­գի մար­դիկ միա­սին կը գտնուին տա­ժա­նե­լի եւ ան­տա­նե­լի կա­ցու­թեան մը մէջ, փո­խա­նակ ի­րա­րու օգ­նե­լու, ա­մէն զոք կ՚ամ­բաս­տա­նեն, մար­դոց եւ Աս­տու­ծոյ դէմ կը տրտնջան բարձ­րա­գոչ, եւ ի վեր­ջոյ զի­րար կը խա­ծա­տեն, ի­րա­րու սիրտ կը վի­րա­ւո­րեն։

Ո՜ր­քան ծի­ծա­ղե­լի՛ են մար­դիկ՝ որ կը կար­ծեն, թէ ա՛յն­քան կա­րե­ւոր եւ պի­տա­նի են ի­րենք։ Եւ կան օ­րեր, երբ մարդ պի­տի փոր­ձէր ը­սել, թէ՝ աշ­խարհ ստեղ­ծուած էր ի­րենց հա­կա­ռա­կե­լու, հա­կադ­րե­լու հա­մար, եւ թէ բնու­թեան ե­րեք մա­սերն ալ ի­րենց բա­րօ­րու­թեան դէմ դժո­խա­յին դա­ւեր կը նիւ­թեն։

Այս տե­սակ մար­դիկ միշտ դժգոհ են. «Այս բա­նե­րը միա՛յն մե­զի կը պա­տա­հի, դիտ­մամբ ե­ղած բա­ներ են ա­սոնք», կ՚ը­սեն, եւ շատ կը սխա­լին…։

Զուար­թու­թի՜ւն, ա­հա այն, որ կը յանձ­նա­րա­րուի։

Ա­սի­կա գի­տէ ա­մէ­նու­րեք գոհ եւ ու­րա՜խ ըլ­լալ։

Ուս­տի ա­մէն մար­դու պար­տա­կա­նու­թիւնն է ինք­զինք բա­րո­յա­կան այն­պի­սի հո­գե­վի­ճա­կի մը մէջ պա­հել, որ կա­րե­լի ըլ­լայ ի­րեն դի­մագ­րա­ւել կեան­քի բո­լոր պա­տա­հա­կա­նու­թիւն­նե­րը։ Այս ի­մաս­տով մարմ­նա­ւոր եւ հո­գե­կան զբօ­սան­քի ու ժա­մանց­նե­րու նուի­ր-ւիլ ո՛չ միայն թոյ­լատ­րե­լի բան մը, այլ մա­նա­ւա՛նդ հրա­մա­յա­կան պա­հա՛նջ մըն է։ Պէտք է, որ մարդ եր­բեմն վե­րա­նո­րո­գէ իր «կան­թե­ղին իւղ»ը եւ փայ­լեց­նէ ա­պա­կի­նե­րը, այ­լա­պէս շա­տո՜նց լու­սա­վա­ռե­լէն դադ­րած պի­տի ըլ­լար։ Զուար­թու­թիւ­նը սնո՛ւնդն է  հո­գիին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպ­տեմ­բեր 11, 2015, Իս­թան­պուլ

 

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2015