Կիրակի 20, Ապրիլ 2025
ՖԻՏԱՆ ՌԻԱՏ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այսօր կ՚այցելէ Ռիատ, ուր կը հիւրընկալուի Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պին Ֆարհան ալ Սուուտի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրները բանակցութիւններու օրակարգին շուրջ մանրամասնութիւններ չեն հրապարակած։
Անգարա-Ռիատ առանցքին վրայ այս շրջանին նորովի աշխուժութիւն կը տիրէ՝ Մերձաւոր Արեւելքի անկիւնադարձային իրադարձութիւններուն զուգահեռ։ Արտաքին նախարարներու ժամադրութիւնը կը զուգադիպի այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ վերլուծաբանները կը շեշտեն, թէ Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ, իսկ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ ազդեցութիւնը հետզհետէ կը ծաւալուի։
Երեքշաբթի, Յունուար 28, 2025