ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը երէկ հիւրընկալեց միջեկեղեցական արարողութիւն մը՝ Քրիստոնէից միութեան աղօթքի շաբթուան ծիրէն ներս, որ տեղի կ՚ունենայ ամբողջ աշխարհի մէջ։ Հայոց վանքէն ներս, Սրբոց Յակոբեանց Մայր տաճարի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ էքիւմենիք աղօթքը՝ վասն խաղաղութեան ու քրիստոնեաներու միութեան։ Սուրբ Երկրի զանազան քրիստոնեայ յարանուանութիւններէն ներկայացուցիչներ մասնակցեցան արարողութեան։

Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ քարոզեց Սուրբ Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան Վարդապետ Գոգճեան։

Մերձաւոր Արեւելքի առկայ բարդ իրադրութեան պայմաններով Սուրբ Երկրի քրիստոնեաներուն ծանր զոհողութիւններու բաժին կը վիճակի։ Հայ Երուսաղէմն ալ անմասն չէ անոնցմէ՝ մանաւանդ, որ կը դիմագրաւէ նաեւ յաւելեալ գոյաբանական մարտահրաւէրներ։

Հետեւաբար, համաքրիստոնէական միասնականութեան իւրաքանչիւր դրսեւորում կարեւոր նշանակութիւն ունի այդ խնդիրներուն դիմադրելու ճանապարհին։

Ուստի, խաղաղութեան ու միասնականութեան աղօթքներն ալ այս առումով կարեւոր գործօն կը համարուին բոլորին տեսակէտէ։

Երեքշաբթի, Յունուար 28, 2025