ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Բարկացկոտ կամ կռուազան կիներու մասին առակագիրը որեւէ մէկ բան կ՚ըսէ՞:

Պատասխան. Այո՛, կ՚ըսէ: Կը կարդանք. «Աղէկ է տանիքի մը անկիւնը բնակիլ, քան թէ կռուազան կնոջ հետ՝ մեծ տան մէջ» (Առ 25.24):

Ի՜նչ հետաքրքրական ձեւակերպում, միաժամանակ շա՜տ խիստ ձեւակերպում: 

Հարցնենք սակայն, ինչո՞ւ այսքան խիստ:

Յաճախ կը կարդանք, կը լսենք, թէ կիները զարդն են տուներուն եւ հիմքը ընտանիքներուն: Այս բացարձակ իրականութենէն մեկնելով եթէ կարդանք իմաստունին խօսքերը, ապա յստակ կը դառնայ, թէ ինչո՛ւ համար ան այսպիսի խիստ ձեւակերպում մը կը կատարէ, աւելի լաւ համարելով տանիքի անկիւնը ապրիլ, քան թէ մեծ ու ընդարձակ տան մը մէջ՝ կռուազան կնոջ հետ:

Կռուազան, ինչպէս նաեւ բարկացկոտ կիները իրենց տուները դժոխքի կը վերածեն: Աւելին, անտեսելով իրենց կոչումը, տան հիմքը եւ զարդն ըլլալու, իրենց կռուազանութեամբ եւ բարկացկոտութեամբ իրենց տուները անապատի կը վերածեն: 

Կռուազան այր մարդիկը ընդհանրապէս անտանելի կ՚ըլլան եւ անոնց շրջապատի մարդիկը՝ ազգական թէ բարեկամ ընդհանրապէս, կը խուսափին անոնց հետ շփուելէ, կամ կապ ունենալէ, ո՜ւր մնաց երբ կռուազանը կին ըլլայ:

Սուրբ Օգոստինոս Երանելին այսպէս կը գրէ այս համարին մասին. 

* Հրամայեց մեզի սիրել մեր մօտիկը մեր անձին պէս, այս պատճառով մարդուն ունեցած առաջին պարտաւորութիւնը Աստուծոյ Նախախնամութեան տակ իր կինն ու երեխաները սիրելն է: Այս ըսելով, կ՚ուզեմ վստահեցնել, թէ գիտէք, որ մարդուն պարտաւորութիւնը -ինչպէս եւ կնոջ պարտաւորութիւնը-, իրեց տան անդամներն են:

Այնքան ատեն որ Աստուած այս կարգաձեւը դրած է մարդկութեան մէջ -ամուսիններ եւ զաւակներ- հետեւաբար տրամաբանականը այն է, որ նախ սիրոյ օրէնքը մեր տունէն ներս կատարենք-գործադրենք: Ամէն բանէ առաջ անոնց հետ, որոնք ամենէն շատ առիթը ունին փորձարկելու մեր սէրը, խաղաղութիւնը, համբերութիւնը, անոնք՝ որոնք մեզի հետ կ՚ապրին: Որո՞նց պէտք է նախ ամենաշատը սիրենք, անոնց կողքին, որոնց կրնանք ծառայել եւ հոգ տանիլ անոնց:

Այո, կրնայ ըլլալ որ մեր ընտանիքներու նիւթական հանգիստին եւ ունեցուածքի համար ամէն ինչի մասին հոգ տանինք, սակայն եթէ ձախողինք անոնց Աստուծոյ սէրը տալ, ապա առաքեալը մեր սիրտերուն իսկութիւնը ցոյց կու տայ, որ աւելի գէշ է քանի անհաւատներունը (Ա. Թս 5.8): Այս բանը կ՚ըսէ, որպէսզի մեր ըմբռնողութիւնը արթնցնէ, թէ Աստուած կ՚ուզէ, որ երկնային խաղաղութիւնը տիրէ մեր տուներուն վրայ, որ կը բխի սիրով այն պատասխանատուներէն, որոնք կոչուած են սիրով հնազանդելու:

Որպէսզի մեր տուները տնօրինենք, պէտք է անոնց որոնք հրամաններ կու տան, այդ ընեն բարեպաշտութեամբ, եւ ո՛չ թէ կարծրասրտութեամբ, կամ տեսակ մը իշխանութեամբ, առանց կարեկցանքի կամ հասկացողութեան…:

Արդար մարդը, այսինքն ան, որ հաւատքով կ՚ապրի, նման է այն ճամբորդին, որ դէպի երկնային քաղաք կ՚ուղղուի, իսկ անոնք որոնք ուղղութիւն եւ հրամաններ կու տան, իրականութեան մէջ կը ծառայեն անոնց, որոնց կը թուի, թէ կը հրամայուին…:

Եթէ իշխանութիւն կը բանեցնէք, հպարտութեան մէջ մի՛ իյնաք ձեր դիրքին պատճառով, այլ հոգեւոր իշխանութիւնը բանեցուցէք ձեր տուներէն ներս: Դուք կը ղեկավարուիք Աստուծոյ սիրով, որ կը քաջալերէ, կը յուսայ, կը հաւատայ եւ չ՚իյնար:

Սուրբ Օգոստինոսի տուած բացատրութիւնը այնքան պարզ է եւ դիւրաւ գործադրելի, եթէ զոյգերուն մէջ՝ այր մարդուն եւ կնոջ, սէր եւ համերաշխութիւն, ինչպէս նաեւ փոխադարձ զիջողութիւն կը տիրէ: Մայր իշխանութիւն, կամ հայր իշխանութիւն պէտք չէ՛ տիրէ մեր տուներէն ներս, այլ՝ Աստուծոյ իշխանութիւնը, ողողուած Իր սիրով, օրհնութեամբ եւ ողորմութեամբ, այն ատեն է միայն, որ մեր տուները երկրի վրայ մէկական դրախտներու կը վերածուին, ուր կը տիրէ սէրն ու համերաշխութիւնը եւ երանական վիճակը: Դժբախտաբար, սակայն, այս մեր տուներէն մեծամասնութեան մէջ կը տիրէ կա՛մ մայր իշխանութիւնը, կա՛մ ալ հայր իշխանութիւնը, իսկ Աստուծոյ իշխանութիւնը ի սպառ կը բացակայի, կամ առ երեւոյթ ներկայ է: 

Հ. Մարդիկ յաճախ փառքի ետեւէ կը վազեն, կը սիրեն այս աշխարհի մէջ փառք ստանալ իրենց շուրջիններէն: Աստուածաշունչը ի՛նչ կ՚ըսէ այս մասին:

Պ. Առակացին մէջ կը կարդանք. «Շատ մեղր ուտելը աղէկ չէ, եւ մարդուն իր փառքը փնտռելը փառք չէ» (Առ 25.27): 

Այնքան պարզ կերպով կու տայ պատասխանը Առակացի հեղինակը, յստակեցնելով, թէ այն մարդը, որ փառքի ետեւէ կը վազէ եւ կը գտնէ զայն, ապա այդ փառքը փառք չի համարուիր: 

Ժողովրդական ասացուածքը կ՚ըսէ. «Փառքին ետեւէն մի՛ վազեր, այլ՝ ձգէ որ փառքը քու ետեւէդ վազէ»: Մարդ պէտք է մտածէ այս աշխարհին մէջ փառք ստանալու կամ փառաւորելու մասին, որովհետեւ շատ յաճախ միայն այդ պիտի ըլլայ իր վարձատրութիւնը եւ ուրիշ վարձատրութիւն պիտի չունենայ ո՛չ այս աշխարհի եւ ո՛չ ալ առաւելաբար հանդերձեալին մէջ:

Փառասիրութիւնը կամ փառքի ետեւէ վազելուն գլխաւոր պատճառը մարդուն հպարտութիւնն է: Մարդ նմանելով իր Արարիչին, պէտք է խոնարհ ըլլայ, չհպարտանայ ու փառքի ետեւէ չվազէ: Սուրբ Մակար Մեծը այս մասին կը գրէ. «Ինչպէս որ Յիսուս “ծառայի կերպարանք ստացաւ” (Փլպ 2.7) եւ սատանային յաղթեց խոնարհութեամբ, այդպէս ալ սկիզբը մարդը օձին խաբեբայութեամբ հպարտութեան եւ սին փառքի պատճառով ինկաւ»: Իսկ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը կը գրէ. «Աստուծոյ համար աւելի ընդունելի բան չկայ, քան այն, որ մարդը ինքզինք բոլորին մէջ վերջինը համարէ. ա՛յս է գործնական իմաստութեան սկզբունքը: Իր սիրտին մէջ վիրաւորուածն ու խոնարհը սին փառքը չի՛ սիրեր, ո՛չ ալ բարկացկոտ կ՚ըլլայ, ո՛չ ալ կը նախանձի իր մօտիկին, ո՛չ ալ որեւէ մէկ ցանկութեան կը դիմէ»:

Հետեւաբար հեռո՛ւ մնանք հպարտութենէն, որպէսզի կարենանք զերծ մնալ սին փառքէն եւ փառք փնտռելէ այս անցաւոր աշխարհին մէջ: Ընդհակառակը, մենք մեզ խոնարհեցնենք Աստուծոյ եւ մարդոց առջեւ եւ ձգենք, որ Աստուած անհրաժեշտ ժամանակին վարուի մեզի հետ այնպէս՝ ինչպէս որ պէտք է: 

Աստուծոյ փառքը փնտռենք եւ Անոր փառքին համար աշխատինք, վստահ ըլլալով, որ ա՛յդ իսկ է մեր ամենէն հզօր եւ գեղեցիկ փառքն ու փառաւորումը այս աշխարհի վրայ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 129

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յունուար 28, 2025