ԹՌՉՈՂ ՓԱՍՏԱԲԱՆԸ

Ժողովո՞ւրդ:

Ի՞նչ ժողովուրդ է ասիկա, որ ամբողջ գիշերը մինչեւ առաւօտեան կողմերը կը գովէք, մինչ ան բերանով մէկ կը յօրանջէ ովկիանոսէն մինչեւ ծոց:

Ձեր լեզուներով խաշեցէ՛ք զայն ո՜վ բանաստեղծներ, գրողներ եւ վիպասաններ:

Ո՜վ մտրակներ, անոր վիզին հետ խաղացէք:

Ո՜վ առանձնաշնորհումներ, թալանեցէ՛ք անոր դրամները:

Ո՜վ արցունքներ, բորբոքեցէ՛ք անոր կոպերը:

Ո՜վ պիլարզիա (bilharzia), խորտակէ՛ անոր լեարդները:

Ո՜վ հանդարտեցուցիչներ, փճածուցէ՛ք անոր ջիղերը:

Ո՜վ հազ, պատռէ՛ անոր թոքերը:

Ո՜վ անօթութիւն, ոչնչացո՛ւր անոր աղիքները:

Ո՜վ ծարաւ, ճեղքէ՛ անոր շրթունքները:

Եւ դո՛ւք, ո՜վ աջակողմեան, ձախակողմեան եւ մէջտեղի վարչակարգեր, մինչ ձեր քոյր վարչակարգերը Ասիոյ, Ափրիկէի եւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ իւրաքանչիւրը առանձինն եւ ըստ իր քմահաճոյքին կը բարձրանան իրենց ժողովուրդներուն վրայ, խաբելով զանոնք գիներու իջեցումով, ճամբորդութեան կանոններու դիւրացումով, պարբերականները գունաւորելով, գեղեցկացնելով ընտրութիւնները, ինչպէս նաեւ ուռճացնելով իրենց դերը աշխարհի մէջ ազատութեան համար մղուած պայքարին եւ դիմադրութեան, նաեւ անվտանգութեան ու կայունութեան ի խնդիր: Դուք, սակայն, «մէկ» ճակատ եղէք, իրարու միացած ինչպէս յոյներու արձաններուն մէջ երեւցող պատերազմիկին մկանը, ձեր ժողովուրդները ձեր կռնակին ետեւ նետելով ու ուշադրութիւն չդարձնելով անոնց:

Մի՛ ասֆալթապատեր անոնց փողոցները, մի՛ լուսաւորեր անոնց գիւղերը, դուրս մի՛ բերեր անոր քարիւղն ու հարստութիւնը:

Անոնց ճամբորդութեան ատեն՝ ճամբաները փակէ՛:

Երբ անոնք ծարաւնան՝ ասֆալթապատէ՛ գետերը:

Երբ անոնք շնչեն՝ ապականէ՛ օդը:

Երբ անոնք քնանան՝ հնչեցո՛ւր զարթուցիչները:

Երբ անոնք արձակուրդի ելլեն՝ տարածէ՛ մժեղները:

Շտապօգնութեան ինքնաշարժները խափանէ՛, որպէսզի ո՛չ ոք օգնութեան հասնի անոնց:

Հեռաձայնին լարերը կտրէ՛, որպէսզի չզանգեն եւ ո՛չ ոք ալ իրենց զանգէ:

Կտրէ՛ անոնց ամսականները, զրկէ՛ զանոնք ընտանեկան փոխհատուցումէն, առողջապահական ապահովագրութենէն, թոշակէն եւ ծերութեան հաշմանդամութեան նպաստէն: Բարձր յարկերէն մատեաններուդ մնացորդները անոնց վրայ նետէ, որովհետեւ անոնք քու մօտդ իրաւունք չունին տրտնջալու, բողոքելու, աշխատելու, երթալու կամ գալու, կամ ապաստանարան գտնելու:

Արդեօք ես կոմնակա՞լ եմ ժողովուրդիս նկատմամբ, քանի որ կ՚ատեմ զինք ու կը մոլեգնիմ անկէ:

Երբե՛ք: Ո՜վ պարոններ, դուք կը սխալիք: Ո՛չ միայն կը սիրեմ զինք, այլ՝ կը պաշտեմ ալ: Կը պաշտեմ անոր վախկոտութիւնը, ինքնահաւանութիւնը, սնափառութիւնը, երկմտութիւնը, կոպտութիւնը, հասարակ կատակները, բարձրաձայն ձգռտոցը, չափազնացուած խօսակցութիւնները, իր ընկերներուն մասին ստաբանութիւններ ու բամբասանքներ տարածելը, իր ղեկավարներուն մասին կատակներ մշակելը՝ իր կրած անիրաւութիւնները հիմք ունենալով, իր հիւանդութիւններէն բողոքելը, ուրիշներուն հետ պատահած որեւէ մէկ դժբախտութեան վրայ ծիծաղիլը, ինչպէս նաեւ սպասարահներուն մէջ իր գործարկած բոլոր խորամանկութիւնները:

Գիտէի, թէ այսքան չէ՛ր կքած, ո՛չ ալ իր առողջութիւնն ու համբաւը այսքան վատացած էին, իր բնաւորութիւնը փոխուած էր, եւ այս բոլորին պատճառը այն էր, որ իր կամքը խլած էին իրմէ միշտ եւ ան ամբողջ պամտութեան ընթացքին իրաւունք չէ ունեցած, եւ իր իրաւունքները միշտ տեսած է այս իշխողին ոտքին տակէն այն նախարարին ոտքին տակ ու անկէ ալ միւս սուլթանին ոտքին տակ անցնիլը…, եւ ինչ որ մնացած է իր իրաւունքներէն, վերջաւորութեան Փիէռ Քարտանի1 կօշիկներուն տակ տեղաւորուած է:

Այդ պատճառով իրաւաբանութիւն ուսանեցայ, փաստաբաններու ընկերութեան միացայ, ընդարձակ ցանկ մը կազմեցի այդ իրաւունքներէն՝ փաստագրուած թիւերով ու թուականներով, ինչպէս նաեւ վկաներու վկայութիւններով, որպէսզի դատական որոշում կայացուի աշխարհի ամենէն հեղինակաւոր դատական կառոյցէն՝ Լահէյի միջազգային ատեանին՝ այդ իրաւունքները վերստանալու համար: Ատոնք են. ազատութիւն՝ խօսքի, գրելու, մտածելու, համոզումի, տեղաշարժի, բնակութեան, կարծիք յայտնելու՝ խաղաղութեան, պատերազմի, աշխարհականութեան (secularism), խառնակութեան, ինչպէս նաեւ անվերապահօրէն արտայայտուելու թերթերէն, ռատիոներէն, հեռատեսիլներէն, թատրոնէն, քանդակագործութեան, լուսանկարչութեան մէջ, նաեւ ազատութիւն՝ հաւաքներու, ցոյցերու, ընտրութեան, կուսակցութիւններ եւ ընկերութիւններ կազմելու (յոգնած ենք այլեւս բնակարանային ու բարեգործական ընկերութիւններէն, ինչպէս նաեւ ցաւակցական, շնորհաւորանքներու, աջակցութեան եւ դատապարտումի պատուիրակութիւններ կազմելէ):

Անձնական օդանաւովս, որու մեքենան ժողովուրդներու կամքով կ՚աշխատի, արաբական իրաւունքներու ուսումնարանի մը օդակայանէն, ձեռքիս մէջ եղած փաստաթուղթերով թափահարելով յօրանջող ժողովուրդին, որ եկած էր բարի երթ մաղթելու ինծի, մինչ ես անոնց ականջին դարձեալ ու դարձեալ կ՚ըսէի. սպասեցէ՛ք ինծի եւ մի՛ հեռանաք ձեր սրճարաններէն ու աշխատավայրերէն, ինչպէս նաեւ մէկ վայրկեան իսկ չփախցնէք հեռատեսիլային ֆիլմերէն եւ խաղերէն, մինչեւ որ վերադառնամ եւ ձեռքիս մօտալուտ դատական հրամանը:

Մինչ օդանաւը կը բարձրանար, ամէն ինչ սկսաւ ցրուիլ եւ անհետանալ. ամբոխը, տուները, ծառերը, հարուստները, աղքատները, յաղթանակները, պարտութիւնները, հակառակութիւնները, միջնորդութիւնները, համաձայնութիւնները, եւ իմ դէմս բացի ունեցածս պարտականութենէս ուրիշ բան չմնաց, որու պատճառով այս անսահման կապոյտ մշուշին մէջ եմ: 

Բնականաբար, ճամբորդութեան սկիզբը օդային որոշ հոսանքներու եւ տոկմային բախումներու հանդիպեցայ, սակայն անցայ եւ յաջողութեամբ յաղթահարեցի զանոնք շնորհիւ ունեցած երկար տարիներու հմուտ փորձառութեանս՝ իրական գետնի վրայ թռչելու: Ատկէ ետք այլեւս ո՛չ մէկ անսպասելի անակնկալներու պիտի չենթարկուիմ:

Սակայն, երբ Ալպեաններու եւ Փիրենեան լեռներուն վրայէն կը թռչէի ռոմանթիք մենութեամբ ամպերու մէջէն, ես շշուկներ ու մրմունջներ լսեցի: Երբ դանդաղեցուցի արագութիւնս, զարմացած տեսնելով սովետական տիեզերանաւ մը եւ ամերիկեան արբանեակ մը, որոնք ջերմօրէն կը համբուրուէին, եւ լսէ՜ «հառաչանքներ ու հառաչանքներ, նախատինքներ ու կարօտներ…»: Երբ նկատեցին ներկայութիւնս, սակայն, սարսափած ու շփոթած իրարմէ բաժնուեցան եւ սկսան հայհոյել ինծի եւ պնդել, թէ եղածը պարզապէս գիտական համբոյր մըն էր եւ ո՛չ աւելին: Անոնց ըսի. պէտք է գիտնաք, ինչպէս նաեւ ամբողջ աշխարհը պէտք է գիտնայ, որ արաբ ժողովուրդները թոյլ պիտի չտան, որ ո՛չ ոք որեւէ մէկ բան վայելէ՝ ո՛չ երկրի վրայ եւ ո՛չ ալ երկինքի մէջ, մինչեւ որ այս թղթապանակին մէջ արձանգրուած իր բոլոր իրաւունքները չվերստանան:

Ձեռքով հրաժեշտ տուի անոնց անցնելով լեռներէն, ձորերէն, ծովերէն, լիճերէն, շատրուաններէն ու ցամաքամասերէն, մինչեւ որ ճանապարհորդութիւնս իր աւարտին հասաւ: Եւ որովհետեւ գիշերը ուշ հասայ, արթնցուցի դատարանի անդամները իրենց քունէն ու ըսի անոնց.

-Ժողովուրդիս իրաւունքները կորսուած են եւ կ՚ուզեմ վերստին առնել զանոնք: Ահաւասիկ բոլոր փաստաթուղթերը, ինչ որ ձեր յարգարժան դատարանը կը պահանջէ:

Անոնք յօրանջելով եւ իրենց աչքերը շփելով՝ հարցուցին ինծի.

-Ձեր այս իրաւունքները ե՞րբ կորսուած են:

-Պատմութեան սկիզբէն:

-Ասկէ առաջ չէի՞ք պահանջած զանոնք:

-Ո՛չ:

-Եւ հիմա, դարեր ետք, եկած էք ու կը պահանջէք ձեր իրաւունքնե՞րը:

-Այո՛:

-Ներողութիւն, զաւակս: Դուք իրաւունքներ չունիք: Ամենէն մեծ դատաւորներուն եւ օրէնսդիրներուն հարցուցէք:

-Ինչո՞ւ:

-Որովհետեւ հնութեան (անգործածութեան) պատճառով մեռած է: 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ


1 Իտալական ծագումով ֆրանսացի կաղապարիչ-ձեւաւորող (fashion designer): Ծնած է 2 յուլիս 1922-ին, մահացած 29 դեկտեմբեր 2020-ին: 1991-ին ԻՒՆԷՍՔՕ-ի բարի կամքի դեսպան նշանակուած է, իսկ 2009-ին, ՄԱԿ-ի Պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան (FAO) բարի կամքի դեսպան:

Չորեքշաբթի, Յունուար 29, 2025