ԱՂՔԱՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
«Երանի՜ հոգիով աղքատներուն…». (ՄԱՏԹ. Ե 3)։
Կարելի չէ ուրանալ, թէ հարստութենէն աւելի աղքատութիւնն է, որ կը խթանէ ճիգը, ինքզինքին ընդարձակումը։ Ուստի, ստացուածքներէ աղքատանալը ուժերով հարստանա՛լն է։
Դիտեցէք, թէ իրենց կեանքին ո՛ր շրջաններուն մէջ, որ մեծ գիտուններ ըրած են իրենց ամենէն կարեւոր գիւտերը եւ մեծ մատենագիրներ ե՛րբ գրած են իրենց գլուխ գործոցները. գրեթէ միշտ՝ իրենց տաժանելի կեանքի եւ ապրելու համար ստեղծել հարկադրուած ամենէն բացառիկ եւ բուռն ջանադրութիւններու միջոցին։ «Բախտ»ի եւ փառքի կատարը հասնելէն վերջ մարդը, նոյն իսկ հանճարի մարդը կը թուլնայ։
Արտադրելու համար, հոգեկան մղիչ շարժումի մը պահանջքը կայ միշտ. կա՛մ քաղցի, կա՛մ վիշտի, կամ սիրոյ, վերջապէս, տառապանքի մէկ կամ միւս ձեւին։ Ստուգութիւն մըն է ասիկա՝ որ կը հաստատուի ո՛չ միայն մատենագիրներու, մտաւորականներու եւ գիտնականներու, այլ նաեւ սուրբերու եւ մեծ ճգնաւորներու կեանքին մէջ ճշգրտուած պարագաներու իրականութեամբ։ Աշխարհի ամենէն մեծ միաբանութեան Հիմնադիրը իր կրօնական զինուորութեան մեծագործութիւնը հիմնելէն առաջ ինքզինք ենթարկեց կամաւոր ապաշխարութեան ամենէն ծանր չարչարանքներուն։
Արդարեւ, տառապանքի եւ չարչարանքի սանդուխն է ամենէն ապահով ելարանը, արժանիքի ստոյգ բարձրութիւններուն հասնելու համար։
Անհատներէն վերջ, դիտեցէք հաստատութիւնները, եւ ան որ անոնց մէջ ականաւորն է՝ Եկեղեցի՛ն։ Յիշեցէք, թէ բարօրութեան եւ հանդարտութեան օրերուն մէջ չէ՛ր, որ անիկա իրականացուց իր հոգեւոր աշխարհակալութեան մտատիպարը։ Իր գոյութեան այդ շրջաններուն, անիկա՝ իր տեղւոյն վրայ՝ ինքզինք կարգաւորեց եւ ամրապնդեց միայն ներքնապէս. չճառագայթեց, իր սահմաններէն դուրս չխոյացաւ։ Եւ այն ատեն միայն դուրս ելաւ իր ապահով պարիսպներէն եւ նետուեցաւ աշխարհի վրայ, երբ վրայ հասան փորձութեան եւ հալածանքի դարերը։
Զրկանքի, աննկարագրելի տառապանքի, պարտքի եւ մրցակցութեան անհաշուելի փորձութիւններուն մէջէն է, որ այս Հաստատութիւնը կրցած է միշտ ընթանալ քաջութեամբ եւ մեծապէս յաջողութիւններով, եւ ծառայել իր կոչումին՝ հաւատարմութեամբ եւ անպարտելի՛։
Ուստի, կարեկցելէ աւելի պէտք է զմայիլ՝ երբ տեսնուին իրենց աղքատութեանը դէմ քաջութեամբ մաքառող հաւաքականութիւններ։ Պէտք չէ ողբալ, երբ կը տեսնուին տառապանք եւ նեղութիւն կրող ժողովուրդ մը՝ որ կը չարչարուի իր բարօրութեան եւ ապագային համար, քանի որ մէկ կողմէ նշաններ են իր կենսունակութեան, իսկ միւս կողմէ պայմանները իր վերակենդանութեան՝ իր յարութեան։
Տառապելէ, չարչարուելէ դադրած ժողովուրդ մը կը մեռնի բարօրութեան մէջ։
Երիտասարդութիւն մը՝ որ խոնջած եւ դադրած է ոգորելէ, կը մեռնի կեանքի անհամութիւններու եւ տհաճութիւններու մէջ։
«Երանի՜ աղքատներուն որովհետեւ անոնցն է արքայութիւնը»։
Մարդիկ, արդարեւ, իրենց աղքատութեան եւ նեղութիւններուն մէջ ալ երջանկութիւն պէտք է զգան, որովհետեւ անիկա է, որ իրենց ապագային պիտի տանի զիրենք։
Կեանքը կ՚աճի տառապանքներու մէջ։
Աղքատութիւնը՝ իր ամենալայն առումով տառապանքը երբեմն չարիք մը կամ անէծք մը չէ, ինչպէս ընդհանրապէս կը կարծուի, եւ ոչ ալ «ճակատագիր» մը, այլ բարոյական զգացողութիւն եւ հասկացողական համակրանք ունեցողներու համար՝ կատարեալ օրհնութիւն մը։ Ուստի, տառապանքի սալին վրայ է, որ կամքին երկաթը պողպատի կը վերածուի։ Եւ չքաւորութեան դպրոցին մէջ է, որ մարդ կը սորվի կեանքի ամենէն ճշմարիտ եւ առողջ վարդապետութիւնները։
Աղքատութիւնը բարի ուժերու աղբի՛ւր է եւ կը սահմանէ առաքինութեան նպատակները…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 17, 2025, Իսթանպուլ