ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԻՒՆ

Եթէ ուսումնասիրենք մարդկային պատմութիւնը, պիտի տեսնենք, թէ մարդ արարածին համար ինչքան կարեւոր եղած է աւանդութիւնը, որոնք դարերու ընթացքին ձեւաւորուելով կազմած են մարդկային ըմբռնումն ու հասկացողութիւնը: Մարդկային առաջին դաստիարակութիւնը եղած է այդ աւանդութիւնները, որոնք իրեա փոխանցուած է սերունդէ սերունդ: Աւանդութիւնը եղած է կարեւոր, որովհետեւ կապ մը ստեղծած է սերունդներու միջեւ. օրինակի համար՝ Աստուածաշունչի մէջ կը տեսնենք, թէ ինչպէս Իսրայէլացի ժողովուրդը անապատին մէջ իր աւանդութիւնները կը պահէր եւ այդպիսով կը յիշէր ուխտը, որ Աստուած կատարած էր իր նախահայրերուն հետ: Այլ խօսքով՝ աւանդութիւնը կապ մըն է սերունդներուն միջեւ. կապ՝ որ նոր սերունդը կը կապէ հինին հետ: 

Եթէ աւանդութիւնը ընդունինք որպէս կապ սերունդներու միջեւ, ապա պարզ է, որ մենք կորսնցուցած ենք այդ կապը. աւանդութիւնը ունի ուժը հազարամեակներու վրայ երկարող սերունդներուն միջեւ հասարակաց գաղափար մը ստեղծելու, սակայն մեր պարագային ոչ թէ հազարամեակներու, այլ մի քանի տասնամեակի կապ մը անգամ գտնել գրեթէ անհնարին է. այդ դժբախտութեան հիմնական պատճառը գուցէ այն է, որ մեր մօտ աւանդութիւն ու դաստիարակութիւն իրարմէ անջատ ու տարբեր կը դիտուի, իսկ շատ մը քաղաքակրթութիւններու մօտ աւանդութիւնը ինքնին կրթութիւն է, որով կը դաստիարակուի հասակ առնող սերունդը: Այդ աւանդութիւնը այսօր հայուն համար օտարութեան մէջ ինքնութեան հագուստ մըն է, սակայն ո՛չ թէ օտարը, այլ մենք պատռած ենք այդ հագուստը. մեզ ու նախկին սերունդը իրարու կապող հազուագիւտ բաներէն մէկն է հաւատքը. մեր ժողովուրդը իր հաւատքն ու առօրեան շաղախած է իրարու եւ հաւատքը մաս դարձուցած՝ աւանդութեան, սակայն, անոնց հարիւրամեակը փաստեց, որ այդ աւանդութիւնը եւս մեր մէջ իր արժէքը կը կորսնցնէ եւ եթէ այսօր հարց տանք. ի՞նչն է մերօրեայ հայը երկու հարիւր տարի առաջուան հայուն կապող... Վստահ եղէք, որ ո՛չ մէկ պատասխան պիտի ստանանք. մշակութապէս ու պատմականօրէն հարուստ մեր ժողովուրդը, այսօր աւանդութեան մէջ շա՜տ քիչ ժառանգութիւն ունի իր հետ բերած: Նուազագոյնը կը սպասուէր, որ սփիւռքի մէջ ապրող հայը աշխարհի միւս բոլոր երկիրներուն մէջ ապրող հայերուն հետ կապուած ըլլար աւանդութեամբ. աւանդութեան շնորհիւ հայը հայուն հանդիպէր ու պարտէր կապուածութիւն մը զգալ իր եւ դիմացինին միջեւ՝ ըլլայ արեւմտահայ թէ՛ արեւելահայ:

Այս բոլորէն ետք շատ կարեւոր է ազգովին մտածել, թէ մինչեւ այսօր ունինք ի՞նչ աւանդութիւններ, որոնք յաջողած ենք կենդանի պահել. այդ աւանդութիւններէն քանի՞ն պիտի յաջողինք փոխանցել ապագայ սերունդին եւ անոնք իրենց կարգին ինչքանո՞վ պիտի յաջողին պահել այդ մէկը եւ իրենց կարգին փոխանցել միւս սերունդներուն: Եթէ այս հարցին պատասխանը այնքան ալ փայլուն չըլլայ, ապա վստահ կրնանք ըլլալ, որ ազգովին լուրջ խնդիրի մը դիմաց կը գտնուինք: Պատմութեան համար աւանդութիւնները ժողովուրդի մը հարստութիւնն ու պատմութիւնն են. մեր հին աւանդութիւններն ու պատմութիւնները յստակ են. գուցէ քիչ գտնուի ազգ մը, որ այդքան ժառանգութիւն ունեցած ըլլայ ինչքան հայը, սակայն, ցաւ ի սիրտ, նոյնը չենք կրնար ըսել ապագայի եւ ինչու չէ մեր ներկային համար: Այսօր մեր աւանդութեան արկղը պարպած եւ լեցուցած ենք օտարինով. մեր սեփականը այդտեղ անիմաստ տեղ բռնած է, այդ իսկ պատճառով քիչ քիչ դուրս կը դնենք. տեսա՞ք եւ կամ լսա՞ծ էք, թէ ինչպէս որդիներ իրենց հօր մահէն ետք կամաց կամաց անոր գիրքերը (որ հօրը համար հարստութիւն էր) կը սկսին թափել ու ազատիլ. նոյն այդ գիրքերուն ճակատագիրը ունի մեր արժէքները, որոնք ժամանակ մը յարգի էին, սակայն այսօր անիմաստ տեղ կը բռնեն: 

Այդ արժէքներու արժեզրկումը մեզ կպառաջնորդէ ոչնչացման. եթէ երէկ ունէինք տասն արժէքներ ու այսօր միայն հինգը կը պահենք ու կը կարեւորենք, յաջորդող սերունդները իրենց կարգին այդ հինգէն երկուքը պիտի կարեւորեն ու պահեն ու այսպէս սերունդէ սերունդ այդ աւանդութիւնը ամուր շղթայով մը ապագայ սերունդներուն փոխանցուելու փոխարէն պիտի պակսի ու ժամանակ մը ետք պտղատու ծառէն պիտի վերածուի չորցած ծառի մը, որ պէտք է կտրել ու թափել: 

Այս բոլորին առաջքը առնելու համար արժէքները փոխանցելէ առաջ պէտք է խօսիլ ու շեշտել անոնց ունեցած արժէքին մասին. դիւրին է մանուկին եւ կամ պատանիին ըսել «այսպէս ըրէ», սակայն երիտասարդը այդ մէկը ընելու համար այսօր մեզմէ կը պահանջէ լրացուցիչ բացատրութիւն ու պատասխան. մենք կը բարձրաձայնենք, թէ արժէքներուն տէր ըլլալը կարեւոր է, սակայն որպէսզի նոր սերունդը համոզուի անոր կարեւորութեան՝ պէտք է որոշ համոզիչ պատճառներ դնել անոր դիմաց: Նոր սերունդը պարտադրելով այդ արժէքները երբեք իրենց նպատակին պիտի չծառայեն, որովհետեւ աւանդութիւններուն տէր դառնալը այսօր պարտաւորութիւն մը չէ, այլ ընտրութիւն է. ինչո՞ւ համար երիտասարդը պէտք է ընտրէ իր սեփական արժէքները պահելը. այդ իսկ պատճառով կը վերադառնանք դարձեալ դաստիարակութեան. եթէ Արամ Ա. Կաթողիկոս իրապէս կ՚ուզէ աւանդութիւններուն հանդէպ մեր ունեցած մօտեցումն ու համոզումը սրբագրել դէպի լաւ եւ աւանդութեան ճամբով հայու ինքնութիւն կերտել, ապա պէտք է լաւապէս աչքէ անցընէ մեր կրթական համակարգը, հասկնալու համար այդտեղ ինչքանո՞վ գոյութիւն ունին մեր արժէքները, ինչքանո՞վ ճիշդ սահմանուած՝ համոզիչ ու գրաւիչ եւ հոն է, որ պիտի սկսին փոփոխութիւն ապրիլ աւանդութիւններն ու արժէքները:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ազգի մը համար աւանդութիւնները կարեւո՞ր են:

Պատասխան. Աւանդութիւնները ազգի մը համար կենսական նշանակութիւն ունին, որովհետեւ աւանդութիւնը սերունդները կապող կամուրջ մըն է, որով կարելի կ՚ըլլայ պահպանել մշակոյթը, ինքնութիւնը եւ պատկանելիութեան զգացումը: Աւանդութիւնը իր մէջ կը ներառէ պատմութիւն, արժէքներ, սովորութիւններ, որոնք կը բնորոշեն ազգի մը բնաւորութիւնն ու ըմբռնումը, զանոնք շարունակ փոխուող աշխարհին մէջ պահելու տէրը նոյն արժէքներուն: Աւանդութիւններու պահպանումով կ՚ամրապնդուին համայնքային կապերը եւ ժառանգութեան հանդէպ հասկացողութիւնը, ինչ որ կարեւոր է հաւաքական աճի համար: Աւանդութիւնները թելեր են, որոնցմով կը հիւսուի ազգի ինքնութիւնը՝ վառ պահելու ազգի ոգին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունուար 29, 2025