ԲԱՐԴ ՀԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Երեւան-Թիֆլիզ առանցքը միշտ բանուկ կը մնայ Հարաւային Կովկասի բարդ իրադրութեան պայմաններուն ներքեւ։ Վրաստանի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններէն վերջ, նոր ձեւաւորուած ղեկավարութիւնը տարածաշրջանի հարեւաններուն հետ կը շարունակէ աշխատիլ խտացեալ ձեւով։ Այսօր, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի մէջ կը հիւրընկալէ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէն, որ մօտաւոր անցեալին վերընտրուելէ վերջ այցելած էր Պաքու։ Երկու վարչապետները կը գլխաւորեն՝ Հայաստան-Վրաստան տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի հերթական նիստը։

Այս առաւօտ, զուգահեռաբար Երեւանի մէջ սկսան նաեւ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն՝ Արարատ Միրզոյեանի եւ Մաքա Պոճորիշվիլիի բանակցութիւնները։ Յիշեալ յանձնաժողովի նիստին առընթեր, Միրզոյեան կը հիւրընկալէ իր վրացի պաշտօնակիցը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ Այս առաւօտ տեղի ունեցաւ երկու նախարարներուն առանձնազրոյցը, որմէ վերջ անոնք գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Անոնք սարքեցին նաեւ մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին Արարատ Միրզոյեան շեշտեց, որ անցեալ տարի երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ շօշափելի առաջընթաց արձանագրուած է։ Իր կարգին, Մաքա Պոճորիշվիլին ալ մատնանշեց, որ Հայաստան աւանդաբար Վրաստանի առաջին տասն տնտեսական գործընկերի ցանկին վրայ կը գտնուի։ Ան Թիֆլիզ այցելել հրաւիրեց իր պաշտօնակիցը, որ պատրաստակամութիւն յայտնեց ընդառաջելու։

Արարատ Միրզոյեան այս առաւօտ շեշտեց, որ Հայաստան հաւատարիմ ու հետամուտ կը մնայ խաղաղութեան օրակարգին։ Իր կարգին, Պոճորիշվիլին ալ ըսաւ. «Կը յուսանք, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կ՚ըլլայ երկու կողմերուն համար ալ ընդունելի խաղաղութեան պայմանագիր մը»։ Ըստ իրեն՝ Վրաստան կը փափաքի դիւրացնող դեր մը ստանձնել՝ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը ամրապնդելու նպատակով։ 

Միրզոյեան աւելցուց, որ Ատրպէյճանի հետ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման պարագային Հայաստան հնարաւոր կը համարէ անցման ընթացակարգերու պարզեցումը։ «Հայաստան-Վրաստան համագործակցութիւնը մշտապէս կրած է ռազմավարական բնոյթ», աւելցուց նախարարը։ Այս կէտին վրայ Պոճորիշվիլին ալ մատնանշեց. «Պատրաստ ենք աւելի ընդլայնել Երեւան-Թիֆլիզ ռազմավարական գործընկերութիւնը»։

Հարկ է նշել, որ վրացական կողմէն այս բարձր մակարդակի պատուիրակութիւններու հիւրընկալման ընդառաջ, Երեւանի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ժողովը։

Հինգշաբթի, Յունուար 30, 2025