ԵՐԹՈՒՂԻՆԵՐՈՒ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԵՒ ՏԱՐԱՆՑՄԱՆ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔՆԵՐՈՒ ՀԵՏԱՄՈՒՏ ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Անգարայի մէջ, երէկ, կարեւոր հաւաք մը տեղի ունեցաւ՝ Թուրքիա-Ատրպէյճան-Էօզպեքիստան ձեւաչափով եռակողմանի այս հարթակին վրայ որոնումներ տեղի կ՚ունենան՝ տարածաշրջանային երթուղիներու, ուստի զուգահեռաբար՝ տարանցման հնարաւորութիւններու ընդլայնման, տեսակաւորման ուղղութեամբ։ Բանակցութիւններու մասնակից պատուիրակութիւնները գլխաւորուեցան այս երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ։

Թուրքիոյ պատուիրակութեան գլուխն էր՝ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, որու կողքին էին առեւտուրի նախարար Էօմէր Պոլատ, հաղորդակցութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Ապտիւլքատիր Ուրալօղլու։

Ատրպէյճանի պատուիրակութեան գլուխն էր՝ արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով, որու կողքին էին տնտեսութեան նախարար Միքայիլ Ճապպարով, թուային զարգացման ու հաղորդակցութեան նախարար Ռաշատ Նապիեւ։

Էօզպեքիստանի պատուիրակութեան գլուխն էր՝ արտաքին գործոց նախարար Պահտիոր Սայիտով, որու կողքին էին ներդրումներու, արդիւնաբերութեան եւ առեւտուրի նախարար Լազիզ Քուտրաթով, փոխադրութեան նախարար Իլխոմ Մախքամով։

Բանակցութիւններուն առընթեր, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ ընդունեց այս պատուիրակութիւնները։ Պեշթեփէի համալիրի հանդիպման ներկայ էր նաեւ նախագահի արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով աւագ խորհրդական Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըչ։ Ամփոփուեցան բանակցութիւններու արդիւնքները։

Հինգշաբթի, Յունուար 30, 2025