ԿԱԼԱՆՔԸ ՎԵՐՋԱՑԱՒ

Ռու­սա­հայ յայտ­նի գոր­ծա­րար Լե­ւոն Հայ­րա­պե­տեան ա­զա­տուե­ցաւ տնա­յին կա­լան­քէ։ Շուրջ տա­րիէ մը ի վեր ան դա­տա­կան ո­րո­շու­մով տնա­յին կա­լան­քի տակ կը գտնուէր «Պաշ­նէֆթ» ըն­կե­րու­թեան բաժ­նե­տոմ­սե­րու վե­րա­բե­րեալ ա­պօ­րի­նու­թիւն­նե­րուն շրջագ­ծով ի­րեն վե­րագ­րուած պնդում­նե­րուն բե­րու­մով։ Սա ար­դէն տնա­յին կա­լան­քի հա­մար նա­խա­տե­սուած ա­ռա­ւե­լա­գոյն ժամ­կէտն է ռու­սա­կան օ­րէնսդ­րու­թեան մէջ։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, քննի­չի ո­րոշ­մամբ՝ Լե­ւոն Հայ­րա­պե­տեա­նի պա­րա­գա­յին խա­փան­ման մի­ջո­ցը տնա­յին կա­լան­քի փո­խա­րէն վե­րա­ծուած է չբա­ցա­կա­յե­լու մա­սին ստո­րագ­րու­թեան։

«Պաշ­նէֆթ» ըն­կե­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ գոր­ծով Լե­ւոն Հայ­րա­պե­տեան կա­լան­քի տակ կը պա­հուէր ան­ցեալ տա­րուան Յու­լի­սի 17-էն ի վեր։ Իսկ խար­դա­խու­թեամբ 700 հա­զար տո­լար իւ­րա­ցու­ցած ըլ­լա­լուն վե­րա­բե­րեալ ու­րիշ գոր­ծի մը բե­րու­մով ալ նոյն­պէս տնա­յին կա­լան­քի տակ էր ան­ցեալ տա­րուան Սեպ­տեմ­բե­րէն ի վեր։ Այս երկ­րորդ գոր­ծին շուրջ Ռու­սաս­տա­նի Ա­ւագ դա­տա­խա­զու­թիւ­նը չէ հաս­տա­տած մե­ղադ­րա­կան եզ­րա­կա­ցու­թիւ­նը՝ նիւ­թե­րը վե­րա­դարձ­նե­լով յա­ւե­լեալ քննու­թեան պա­հան­ջով։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2015