ՀՐԱԺԱՐԵԼՈՒ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՁԵՒԸ
Փորձենք թարգմանել գրեթէ բոլորի ծանօթ այն զգացումը, որով մարդիկ յառաջընթաց կ՚արձանագրեն յարաբերութիւններու մէջ։ Բացատրելու փոխարէն սխալ հասկցուիլը յանձնուելու լաւագոյն ձեւն է։ Երբ սա ընէք, ձեր շրջապատի մարդիկ կը մտածեն, որ անարդար կը վարուիք կամ կը փախչիք։ Սակայն այս իրավիճակի պատճառը միւս կողմի ընկալումներու փակ ըլլալն է։ Ճշմարտութիւնը այն է, որ մարդիկ ձեզ կը հասկնան՝ որքան որ ուզեն։
Երբեմն մարդիկ մեզ կը մղեն շեմի մը եւ այդ պահուն կը տեսնենք, թէ որքան անիմաստ է նոյնիսկ բառ մը ըսելը։ Բանավէճի մէջ կարեւորը իրաւացի ըլլալը չէ, այլ հասկցուած ըլլալն է։ Երբ կը վիճիք մարդոց հետ, որոնք չեն հասկնար, թէ ինչ կ՚ըսէք եւ չեն ընդունիր իրենց սխալները, կը սկսիք կասկածիլ դուք ձեզմէ եւ կը դառնաք ջղային մարդ մը։ Երբ սա տեղի ունենայ, դուք միւս կողմին կու տաք անոնց ուզածը։ Ուրեմն թող սխալ հասկնան կամ թող հասկնան ինչպէս որ ուզեն ու երջանիկ ըլլան։ Սա ձեզմէ ոչինչ կը խլէ, ընդհակառակը՝ կը շահիք, որովհետեւ թունաւոր յարաբերութիւնները շատ վտանգաւոր են թէ՛ ձեր հոգեկան եւ թէ մարմնային առողջութեան համար։
Եթէ չէք կրնար հանդուրժել անարդարութեան, լաւագոյնն է գծել ձեր սահմանները եւ պահել հեռաւորութիւն: Այսպէսով, դուք ո՛չ կը յոգնիք, ո՛չ ալ կը զայրանաք։ Անհնար է բան մը բացատրել այն մարդոց, որոնք չեն կրնար պատասխանատուութիւն կրել իրենց սխալներու համար, անոնք միայն եսակեդրոն են եւ արդար չեն: Որոշ մարդոց հետ նոյնիսկ վիճիլը լաւ է, բան մը կը սորվիք կամ կը սորվեցնէք։ Անոնք չեն փորձեր իրաւացի ըլլալ, կը գիտակցին իրենց սխալը եւ կը փոխեն իրենց կարծիքը։ Բայց խօսիլ այն մարդոց հետ, որոնք կը կեդրոնանան հասկնալ իրենց ուզածը, ինչ որ բացատրէք, նոյնիսկ հինգ վայրկեան խօսիլը աներեւակայելի յոգնութիւն կը պատճառէ։
Երբ նայիմ անցեալին, կը տեսնեմ, թէ որքա՛ն ժամանակ փորձած եմ մարդոց բացատրել ինքզինքս։ Այլեւս բացատրելիք շատ բան չկայ, անոնք, որոնք կ՚ուզեն հասկնալ, ամէն պարագայի կը փորձեն հասկնալ։
Այնուամենայնիւ, կը կարծեմ՝ պատմելը մենք մեզ հասկնալու լաւագոյն միջոցն է: Մեր դիմացինը եթէ նոյնիսկ մէկը չկայ, պատմենք. ծառին, պատին, կատուին: Բայց անպայման բան մը ըսենք։ Պատմելով մարդ կը նայի իր ներաշխարհին։ Մի գուցէ հասկցուած ըլլալու մարդկային փափաքը մենք մեզ հասկնալու ցանկութիւնն է՝ ամենահիմնական մակարդակով։
«Inception» ժապաւէնին մէջ կայ բաժին մը.
Ժապաւէնի գլխաւոր հերոսները երազներու միջոցով կը մտնեն մարդոց ենթագիտակցութիւնը՝ կարգ մը մտածումներ սերմանելու եւ նոյնիսկ երազի մէջ երազանք յառաջացնելու՝ խորապէս թափանցելով ու այնտեղ տեղադրելով պարզ միտքեր։ Ենթագիտակցութեան երկար բացատրութիւն տալու փոխարէն կը տեղադրեն կարգ մը նշաններ եւ սա կը փոխէ մարդու գիտակցութիւնն ու որոշում առնելու ընդունակութիւնը։
Եթէ դիտարկենք այս ժապաւէնը, աւելի լաւ կը հասկնանք այն մարդիկը, որոնց չենք կրնար բացատրել։ Այդ խորհրդանշական միտքը շատ խոր է այս մարդոց մէջ եւ կարեւոր չէ, թէ ինչ կ՚ըսէք։ Կարելի է նաեւ ըսել, որ եթէ նոյնիսկ տրամաբանական նախադասութիւն կազմէք եւ այդ մտքի օրինաչափութիւնը խեղաթիւրուի մարդու մէջ, ձեր միտքը կը հալի աղաւաղուած մտքերու հետ եւ ուղեղը կը շարունակէ հետեւիլ իր հիմնական մտքին։ Այսպէսով, սխալ մտածողութեան օրինաչափութիւնը կը շարունակուի եւ ձեր մտածումները կը մնան անհասկնալի եւ այլեւս կը հրաժարիք երկար բացատրութիւններ տալու այս մարդոց եւ կը նախընտրէք սխալ հասկցուիլ ու լռել:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ